ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ԼՈՆՏՈՆ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ՝ ՆՈՐ ԹԱՓ ՄԸ ՏԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Ամերիկայի հարցերով նորանշանակ պետական նախարար Քրիստոֆըր Փինչերի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած է անգլիական կողմի նախաձեռնութեամբ։
Նախագահներ Էրտողան եւ Թրամփ երէկ երեկոյեան ժամերուն ունեցան կարեւոր հեռախօսազրոյց մը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, Սթենֆորտի համալսարանի հրատարակչութենէն լոյս տեսած է ամերիկահայ ակադեմական Հեղնար Զէյթլեան-Ուաթենփոկի գիրքը։ Հեղինակը Գալիֆորնիայի համալսարանէն ներս կը դասախօսէ գեղարուեստական պատմութիւն։
Անգարա եւ Մոսկուա յաւելեալ նախազգուշական միջոցներ կը նախատեսեն՝ Իտլիպի մէջ ահաբեկիչներու ոչնչացումը ապահովելու համար։
«Երբեմն կը կորսնցնենք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տրամաբանական շարադրանքի թելը»։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ աշխարհի մէջ կու գայ արեւմուտքի գերիշխանութեան վերջը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փարիզի մէջ երէկ տեղի ունեցած Դեսպաններու խորհրդաժողովին ժամանակ Էմմանիւէլ Մաքրոն ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին ըսաւ. «Աշխարհի մէջ արեւմտեան գերիշխանութեան դարաշրջանը կ՚աւարտի աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու պատճառով։