ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ
Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ երէկ խորհրդարանին մէջ հերթական անգամ ելոյթով մը հանդէս եկաւ BREXIT-ի շուրջ։ Ան յայտնեց, որ եթէ Եւրոմիութեան հետ՝ վերատեսութեան ենթարկուած ու համաձայնեցուած BREXIT-ի համաձայնութեան տարբերակն ալ մերժուի խորհրդարանին կողմէ, ապա օրակարգի վրայ պիտի գան առանց համաձայնութեան բաժանումի եւ կամ BREXIT-ի ժամկէտի յետաձգման վարկածները։
«Հայաստանի ստացած դրամական աջակցութեան չափը էապէս պիտի աւելնայ յառաջիկայ շրջանին»:
Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր նուագահանդէս մը։ Յայտնի դաշնակահար Սվետլանա Նաւասարդեան հանդէս եկաւ համերգով մը, որ արժանացաւ երաժշտասէրներու անմիջական ուշադրութեան։
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ դէմ շաբաթավերջին կատարուած տգեղ արարքին կապակցութեամբ, որով եկեղեցւոյ մայր դրան եւ պատերուն վրայ ներկով անարգական արտայայտութիւններ գրուած էին։ Թուրիքոյ Հանրապետութեան հանրային կարծիքին ուղղեալ այս յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս հարցին բերումով դիմած է Անվտանգութեան տնօրէնութեան։
Սամաթիոյ ընտանիքը ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուաւ անժամանակ մահացած հարազատին:
Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ հանդիպում մը կազմակերպելու ուղղեալ ջանքեր. յստակ թուական չկայ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ յառաջիկայ գարնան Նիւ Եորքի մէջ տեղի պիտի ունենայ յոբելենական համերգ մը, որ կազմակերպուած է յայտնի դաշնակահար Շահան Արծրունիի 75-ամեակին առթիւ։ Հայկական երաժշտական աշխարհի արդի հեղինակաւոր անուններէն մին է Շահան Արծրունի, որ նախկին պոլսահայ մը ըլլալու բերումով մեր համայնքէն ներս առանձնայատուկ համակրանք կը վայելէ։
ԱՔ կուսակցութեան Թեքիրտաղի երեսփոխան Մուսթաֆա Շենթոփ ընտրուեցաւ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ։ Ինչպէս ծանօթ է, խորհրդարանի նախագահի աթոռը թափուր մնացած էր Պինալի Եըլտըրըմի հրաժարականով, որովհետեւ ան Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած էր ԱՔ կուսակցութեան եւ «Ճումհուր» դաշինքին կողմէ։