ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑԻՆ ԼՈՒԻԶ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ-ՍԻՄՈՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ
Ազգային բարերար, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախկին նախագահ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի կորուստը խոր ցաւ յառաջացուցած է ամբողջ հայաշխարհին մէջ։ Մինչ հայ ժողովուրդը կը սգայ այս կորուստը, երէկ ցաւակցականներ հրապարակեցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները Երեւանի երէկուան շփումներէն վերջ անցան Պաքու:
Ոչ եւս է ազգային երախտաշատ եւ անմոռանալի բարերար Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն:
Կեսարիոյ մէջ երէկ յայտնաբերուեցաւ 13-րդ դարէ մնացած պաստառ մը, որու վրայ պատկերուած է Տէր Յիսուսի խաչելութիւնը։ «CNN Türk»ի հաղորդումներով, Կեսարիոյ մէջ ոստիկանութիւնը խուզարկումներ կատարեց առեւտուրի կեդրոնէ մը ներս եւ այդ գործողութեան ընթացքին ձեռք անցաւ սոյն պաստառը, որու արժէքը կը գնահատուի շուրջ 5 միլիոն թրքական լիրա։