ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՈՒՐՈՒԱԳԾԵՐԸ

Ամերիկացի նախկին համանախագահները հանդէս կու գան յայտարարութիւններով:
Ճէյմս Ուորլիք. «Խաղաղութեան համար այսօրուանէն աւելի լաւ ժամանակ պիտի չըլլայ»:

Ամերիկացի նախկին համանախագահները հանդէս կու գան յայտարարութիւններով:
Ճէյմս Ուորլիք. «Խաղաղութեան համար այսօրուանէն աւելի լաւ ժամանակ պիտի չըլլայ»:
Յառաջիկայ շաբթուան տեւողութեան Պրիւքսելի մէջ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան խորհուրդի ժողովը։ Այս խորհուրդը Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ որոշումներ կայացնելու համար ամենաբարձր մակարդակի մարմինն է։
31 մարտի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան ընդառաջ ծանօթացման հաւաքոյթ:
Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու Մուսթաֆա Սարըկիւլ կ՚առանձնանայ թէ՛ իր վայելած ժողովրդականութեամբ եւ թէ ծրագրերով:
Փաշինեան մասնակցեցաւ Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նիստին:
«Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը մեծ նշանակութիւն ունի մեր բարեփոխումներուն համար»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի հետ։ Հարկ է նշել, որ Արմէն Սարգսեան որպէս նախագահ պաշտօնավարման ողջ տեւողութեան անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է Կիւմրի քաղաքը, Շիրակի մարզը։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին ալ նախագահը յայտնեց, որ իր նպատակն է՝ փոքր, մեծ ամէն տեսակ քայլով օգտակար ըլլալ եւ աջակցիլ Կիւմրիին։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) նորընտիր պիւրոյի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ պիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատրեանի։
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ այս շրջանին սերտ շփումներ տեղի կ՚ունենան Սուրիոյ տագնապին շուրջ։ Անգարա-Ուաշինկթըն օրակարգին վրայ աւելցած է նաեւ «Ս-400» ռուսական հրթիռներու Թուրքիոյ կողմէ ձեռքբերման հարցը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները տեղեկացուցին, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունած են իրենց առաջարկը՝ հանդիպում մը ունենալու վերաբերեալ։ Ինչպէս ծանօթ է, միջնորդները վերջերս այցելութիւն մը կատարած էին դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը հիւրընկալեց Հայաստանի նորանշանակ դեսպանը:
Վահագն Աթաբեկեան տեսակցեցաւ Փոլ Հայտոսթեանի եւ դասախօսական կազմի անդամներուն հետ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մաղթեց, որ Մեծ պահոց շրջանը ըլլայ արդիւնաբեր եւ առիթ դառնայ վերանորոգման:
Գումգաբուի «1890 Suites» պանդոկին մէջ Բարեկենդանի սեղանի շուրջ համախմբուեցաւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասը: