Լրահոս

ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին երկկողմանի օրակարգի ծաւալուն հարցերը:
Զօհրապ Մնացականեան եւ Հայքօ Մաաս անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին:

ՍՈՒՐԻՈՅ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՅԱՌԱՋԱՆԱՅ ԴԷՊԻ ՏԵՐԱ

Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ արիւնալի բախումները անընդհատ կը շարունակուին։ Երկրի ղեկավար Պեշար Էսատի ենթակայ բանակը եւ անոր աջակիցները ներկայիս կը յառաջանան Տերայի մէջ։

ԹՐԱՄՓ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ՀԵԼՍԻՆՔԻԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻՆ 16 ՅՈՒԼԻՍԻՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին 16 յուլիսին հանդիպում մը պիտի ունենան Հելսինքիի մէջ։ Մինչ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ կը տիրեն տարաձայնութիւններ՝ երկու ղեկավարներու հանդիպման կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։

«Ա­մա­ռՆա­յին ըն­թեր­ցա­նու­թԻւն» ծրագ­րին ԿԸ մաս­նակ­ցԻն Եր­ևա­նի ու մար­զե­րՈՒ ե­րե­խա­ներն ու պա­տա­նի­նե­րը

Մէկտեղելով հանգիստն ու ընթերցանութիւնը՝ արդէն չորս տարիէ ի վեր իրականացուող «Ամառնային ընթերցանութիւն» ծրագիրը գրական-մշակութային աշխոյժ միջավայր կը ստեղծէ բազում երեխաներու ու պատանիներու համար: Նախաձեռնութեան շրջանակներուն մէջ ամրան ամիսներուն անոնք հնարաւորութիւն կ՚ունենան կարդալու բազում հետաքրքրական ու ինքնատիպ գիրքեր:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐ

Սուրիացի մասնագէտներ Հայաստանի մէջ իրենց ստացած ձեռագրերու եւ փաստաթուղթերու պահպանման եւ վերականգնման հմտութիւնները լայնօրէն կ՚օգտագործեն իրենց մշակութային արժէքները փրկելու համար: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ յունիսի 26-ին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ծրագրի շրջանակին մէջ Հայաստան եկած եւ Մատենադարանի աշխատակիցներու կողմէ դասընթացք ստացած սուրիացիները աւարտեցին զայն եւ ստացան իրենց վկայագրերը:

ԱՐՔԱՅԱԶՆԻ ՋԵՐՄ ԱՅՑԸ

Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարի պատմական ու սրբազան համալիրէն ներս հանդիսաւոր մեծարանք՝ բարձրաստիճան հիւրի համար:
Իշխան Ուիլիըմզ որպէս յուշանուէր հայկական ինքնուրոյն խաչ մը ստացաւ՝ Հայոց պատրիարքութիւնը ներկայացնող հոգեւորականներուն կողմէ:

ԵՄ-Ի ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ՝ ՈՐՊԷՍԶԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՅԱՏԿԱՑՈՒԻ 3 ՄԻԼԻԱՌ ԵՒՐՕ

Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն գագաթաժողովը առիթ հանդիսացաւ՝ համաձայնութեան հասնելու համար գաղթականներու խնդրին շուրջ։ Պրիւքսելի մէջ վերջին երկու օրերուն տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդին ժողովը, որու ընթացքին ապրուեցան բարդ վէճեր։

ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան դէպի Պերլին պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Վոլֆկանկ Շոյպլէի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստան-Գերմանիա խորհրդարանական աշխոյժ համագործակցութեան կապակցութեամբ։

ՔԷՕԼՆԻ ՄԷՋ ԳԱՒԱԶԱՆԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմէն ներս անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ պաշտօնի փոխանցման հանդիսաւոր արարողութիւն մը։ Այսպէս, նորընտիր Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեան առաջնորդական ասան ստացաւ՝ ձեռամբ նախկին առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի։

Էջեր