ՊԱՐՈՆՈՒՀԻ ՔՈՔՍ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ
Անգլիոյ Լորտերու պալատի անդամուհի Պարոնուհի Քերըլայն Քոքս ներկայիս իր հերթական այցելութիւնը կու տայ Հայաստան։ Քոքս եւ իր ընկերակիցները երէկ Երեւանի մէջ շփումներ ունեցան ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Անգլիոյ Լորտերու պալատի անդամուհի Պարոնուհի Քերըլայն Քոքս ներկայիս իր հերթական այցելութիւնը կու տայ Հայաստան։ Քոքս եւ իր ընկերակիցները երէկ Երեւանի մէջ շփումներ ունեցան ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Երեւան անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի Ուաշինկթըն-Մոսկուա առկայ լարուածութեան:
Ըստ քաղաքական մեկնաբաններուն՝ Հայաստան զերծ պէտք է մնայ մեծերու հարցերուն ներքաշուելու վտանգէն:
Թիֆլիզի մէջ շաբաթավերջին պատմական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ վրացահայութեան տեսակէտէ։ Հայ-վրացական մշակութային կապերու տեսանկիւնէն ալ նոր էջ մը բնորոշեց այս իրադարձութիւնը։ Այսպէս, վրացական մայրաքաղաքէն ներս ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի տան դռները վերստին բացուեցան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։
Ապտուլլահ Բ. երէկ Մահմուտ Ապպասի կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ:
Յորդանանի թագաւորն ու Պաղեստինի ղեկավարը մանրամասնօրէն քննարկեցին տարածքաշրջանի իրադարձութիւնները:
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը յառաջիկայ շրջանին վերստին պիտի գայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի օրակարգին վրայ։
Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով հանդիպում մը ունեցան Մանիլայի մէջ։
Հայաստանի նախագահը Թեհրանի մէջ մասնակեցաւ վերընտրեալ պաշտօնակցի երդման արարողութեան:
Հասան Ռուհանի միայն քաղաքական ճանապարհով կը տեսնէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը:
Նախարարներ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Սէրկէյ Լաւրով քննարկեցին տարածքաշրջանային հրատապ հարցեր:
Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի ներկայացուցիչները վաղը դարձեալ պիտի մէկտեղուին Սուրիոյ տագնապին շուրջ՝ շօշափելու համար անվտանգ գօտիներու ստեղծման բազմակողմանի խնդիրները, Թեհրանի տանտիրութեամբ:
Հաղորդակցութեան նախարար Ահմէտ Արսլան շաբաթավերջին հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով՝ CNN Türk հեռուստակայանէն։ Հաղորդավար Հաքան Չելիքի հարցումներուն պատասխանելով՝ նախարարը բացատրութիւններ տուաւ, որ Իսթանպուլի երրորդ օդակայանի կառուցումէն վերջ ի՞նչ պիտի ըլլայ Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանը։
Գալիֆորնիոյ մէջ հայեր ձերբակալուեցան՝ թմրանիւթեր տարածած ըլլալու համար։ News.am-ի հաղորդումներով, Գալիֆորնիոյ մէջ ոստիկանները ձերբակալեցին տասներկու անձեր, որոնց շարքին կը գտնուին հայեր։