Լրահոս

ԼԸ ՏՐԻԱՆԻ ԱՅՑԸ

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան կ՚այցելէ Երեւան։ Այս առաւօտ ան այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ տեսակցեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ։

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՏԵՍԼԱԿԱՆ

Կլոր սեղան. «Համագործակցութիւն յանուն բարգաւաճման. յաջորդ 100-ամեակի ռազմավարական ծրագրաւորում»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ:

ՊՐԻՆՔԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց փոխ-նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Պրիճիթ Պրինք շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը այս առաւօտ ընդունուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։

ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Շահան Արծրունի Նիւ Եորքի մէջ պարգեւատրուեցաւ Վարդանանց ասպետներուն եւ Արեւելեան թեմի կողմէ:
Աշխարհահռչակ դաշնակահարին կողմէ հայ մշակոյթին բերուած նպաստը կ՚արժեւորուի բոլոր հարթութիւններու վրայ:

Էջեր