ՆԱԽԱՐԱՐ ՏՕՆՈՅԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԱՍՊՐՉԻԿԸ
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան երէկ Երեւանի մէջ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծի եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի կացութիւնը։
Անգլիոյ Արտաքին գործոց ու համագործակցութեան նախարարութեան մշտական քարտուղար Սըր Սէյմըն Մաքտանըլտ վաղը պիտի այցելէ Երեւան։ Ան միեւնոյն ժամանակ Անգլիոյ Դիւանագիտական ծառայութեան ղեկավարն է։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմէն ներս վերջերս գումարուեցաւ Ծխական խորհուրդի ժողով։ Կիրակի, 1 յուլիսին, Ժընեւի Ս. Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատոյց առաջնորդական տեղապահ Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեան։ Արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ գումարուեցաւ Ծխական խորհուրդի նիստ։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Հայրապետ. «Եկեղեցին յատկապէս զօրաւոր է, երբ անոր կեանքին աշխուժօրէն ներգրաւուած է երիտասարդութիւնը»:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յառաջիկայ շրջանին պիտի իրականացնէ շարք մը արտասահմանեան ուղեւորութիւններ։ Յունիսի 24-ի ընտրութիւններէն վերջ արդէն աստիճանաբար կը յստականայ Էրտողանի արտասահմանեան այցերու ժամանակացոյցը։
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ներկայացուց Հայաստանի զարգացման հեռանկարները: