ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐ
Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռի մէջ հիւրընկալեց Միշել Աունը:
Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռի մէջ հիւրընկալեց Միշել Աունը:
ԵՄ եւ Հայաստան կը պատրաստուին իրականացնել Գործընկերութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստը:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ:
Միացեալ Նահանգներ բնակող իրանահայ ճարտարագէտ Արմէն Սագինեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստան եկած է ներդրումային երկու ծրագրեր իրականացնելու նպատակով: Առաջին ծրագիրը կը վերաբերի Իրանի սահմանին՝ Մեղրիի շրջակայքին զուարճանքներու ընդգրկուն համալիր կառուցելուն, որ պիտի ներառէ ժամանցի համար նախատեսուած բոլոր պայմանները՝ ճաշարաններ, սրճարաններ եւ շարժապատկերի սրահներով յագեցած, նոյնիսկ կրնայ ըլլալ, որ համալսարան կառուցուի:
Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական պալատը կը ստորագրէ արտօնութեան համաձայնագիր մը՝ Milestones ընկերութեան հետ։ Այսպէս, Հոլիվուտի Առեւտը-րարդիւնաբերական պալատը եւ Milestones ընկերութիւնը ստորագրած են Համբաւի ճեմուղին (Walk of Fame) Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծելու համաձայնագիը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ ընդլայնուած կազմով ժողովներ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի վերաբերեալ վերջին ծանօթ իրադարձութիւնները առաջնահերթօրէն կու գան օրակարգի վրայ: Նախկին տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան կը բացակայի անակնկալօրէն։
Քառօրեայ ծաւալուն աշխատանքի աւարտին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ հրապարակուելիք պաշտօնական հաղորդագրութեան կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետն ու ժողովականները երէկ հիւրընկալուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։
ԵՄ-ի ծրագիր. «Անցեալին յառաջացած հեռաւորութիւնները յաղթահարել ու միասնաբար կառուցել նոր ապագայ մը»:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան մասնակցեցաւ երէկ տեղի ունեցած կալա-երեկոյթին:
Սուրիոյ հիւսիսի իրադարձութիւնները կը շարունակեն բնորոշել Թուրքիոյ օրակարգը։ Մէկ կողմէ Թուրք զինեալ ուժերը ամենայն վճռակամութեամբ յառաջ կը տանին «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները, իսկ միւս կողմէ դաշտի վրայ յառաջացած նոր իրադարձութիւնները անհրաժեշտ կը դարձնեն դիւանագիտական հրատապ նախաձեռնութիւններ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան ելոյթով մը հանդէս կու գայ Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի լիագումար նիստի ժամանակ։
Լիբանանի Նախագահ Միշել Աուն այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Հիւր ղեկավարը կ՚ընդունուի Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ։
Թիֆլիզի մէջ, Փետրուարի 19-ին, մեծ շուքով նշուած է Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 149-ամեայ յոբելեանը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան անձնակազմը:
Այսպէս, ձեռնարկները մեկնարկած են Թիֆլիզի Հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ, ուր ծաղիկներ խոնարհուած են Յովհաննէս Թումանեանի շիրմաքարին առջեւ եւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան մատուցած է հոգեհանգստեան կարգ: