ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 24-25 յունիսին շփումներ ունեցաւ Փարիզի մէջ։ Աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս ան տեսակցեցաւ ֆրանսական աւելի քան երկու տասնեակ խոշոր ձեռնարկութիւններու եւ այլ ընկերութիւններու ղեկավարներու հետ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ներս ալեկոծեալ իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, անցեալ 24 մայիսին տեղի ունեցած էր Թեմական խորհուրդի ժողով, որու աւարտին Թեմական խորհուրդի ատենապետ Փաթրիս Ճոլոլեան հրաժարած է իր պաշտօնէն։
Ընտրութիւններու արդիւնքով կը սկսի նոր կառավարման համակարգի հաստատման գործընթացը:
Հայաստանի նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն վերջ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի Ա. նիստը:
Երէկուան պատմական ընտրութիւններով Թուրքիոյ մէջ հաստատուեցաւ կառավարման նոր համակարգ մը, որ կը խոստանայ արդիւնաւէտութեան հորիզոններ: Ժողովրդավարութեան յաղթանակ: Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան քուէներու 52.6 տոկոսով վերընտրուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ։ Յառաջիկայ հնգամեայ շրջանին ան պիտի շարունակէ պետութեան ղեկը վարել՝ ժողովրդական ամուր յենարաններով ու աներեր զօրակցութեամբ։ Ազգային մեծ ժողով մուտք գործել յաջողեցաւ հինգ կուսակցութիւն։ Աք կուսակցութիւնը թէեւ առանձինն կորսնցուց խորհրդարանի մեծամասնութիւնը, սակայն ՄՀՓ-ի հետ կազմած «ճումհուր» դաշինքը ապահոված է բաւարար աթոռներ։
Ժողովուրդը քուէատուփի մօտ կը փութայ ընտրելու համար թէ՛ նախագահը եւ թէ երեսփոխանները:
Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ անպաշտօն հանդիպում մը ունեցան Մինսքի մէջ, ուր ներկայ էր նաեւ Եւրոյանձնաժողովէն՝ հարեւանութեան հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հան։ Ժողովին մասնակցեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։
Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ հայերուն վրայ բազմակողմանի ակնարկ՝ անցեալէն մինչեւ այսօր:
Թուրքիա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ներկայիս կը ներածէ «F-35» ռազմաօդանաւեր։ Ամերիկեան կողմը երէկ Թուրք զինեալ ուժերուն համար յանձնեց առաջին «F-35» ռազմաօդանաւը, որու համարն է 18-0001։ Այս գործարքը կ՚իրականանայ՝ հակառակ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտին կողմէ առնուած որոշումներուն եւ Թուրքիոյ դէմ նախատեսուած պատժամիջոցներուն։