«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»
Աշխատասիրեց՝ ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Միաբանական աստուածպաշտութիւնը իւրաքանչիւր անհատի վրայ կ՚ազդէ, հաւատքի մէջ յառաջդիմելու եւ կրօնական ճանաչողութիւնը լուսաւորելու: [Այլեւ] բարեպաշտութեան եւ մարդասիրութեան զգացմունքը կը զօրացնէ, եղբայրը եղբօր կը մօտեցնէ, գործած մեղքերը զղջալու կ՚առաջնորդէ, յոյսով կը մխիթարէ, հաւատքով կը քաջալերէ, եւ այսպէսով կը բազմապատկէ բոլորին եռանդը, երբ միասնաբար Աստուծոյ խօսքը կը լսեն, որով միացած է զօրութիւնը՝ քաղցրութեան հետ եւ երկնաւոր օրհնութիւնը՝ երկրաւոր փառաբանութեան հետ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սիտնիի Առաջնորդարանին կազմակերպութեամբ, շաբաթ, օգոստոսի 4-ին, Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ «Էտկարեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդ Տ. Հայկազուն Եպսկ. Նաճարեանի, տեղի ունեցաւ Արաբական Ծոցի Ս. Գրքի ընկերութեան տնօրէն Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ» գրքին շնորհահանդէսը: Հանդիսավարն էր Սեդա Յովակիմեան, որ ներկայացուց Տքթ. Ճէպէճեանը, ապա հրաւիրեց Առաջնորդարանի դիւանապետ Նշան Պասմաճեանը՝ ներկայացնելու համար նորատիպ գիրքը: