Հարթակ

Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆՑ ԳԻՏՆԱԿԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Ներկ­այ տար­ին կը նշէ զ­­ոյգ տար­եդ­արձ­ն­եր­ը մեծ­ան­ուն Հայր­ապ­ետ Տ.Տ. Գար­եգ­ին Ա. Յովս­էփ­եանց Կաթ­ող­իկ­ոս­ին Մեծ­ի Տանն Կիլ­իկ­իոյ (1943-1952), մեր նախ­որդ սե­րուն­դ­ի ամ­են­էն արժ­ան­աւ­որ հոգ­եւ­որ­ա­կանն­եր­էն, գիտն­ակ­ան, բաց­առ­իկ զարգ­ա­ցում­ի տէր, Սարդ­ար­ապ­ատ­ի հեր­ոս եւ ի­րաւ հայր­են­աս­էր Հոգ­եւ­որ Հօր։

ԹՐԱՄՓ. ԿԷՍ ԿԱՏԱԿ ԿԷՍ ԼՈՒՐՋ. «ԻՄ ՔԱՆԴԱԿՍ՝ ՌԱՇՄՈՐ ԼԵՐԱՆ ՎՐԱՅ»

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Արդէն անցած են վեց ամիսներ Տանըլտ Թրամփի Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը ստանձնած օրէն: Անոր գործունէութեան գնահատականը տարաբնոյթ եղած է, իսկ արտասանած խօսքերն ու նոյնիսկ կատակները հեգնանքի առարկայ դարձած են յատկապէս ընկերային ցանցերուն մէջ:

​ԿԻՒԼՎԱՐԴԵԱՆ. «ԵՐԿԻՐԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԵՐԿՈՒ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՇԱՐՄԱՆ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Յունիսի 5-ին երեւան ելած «Քաթարեան տագնապ»ին հետեւողներուն համար յստակ սկսած է դառնալ, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ անոր դաշնակիցներուն կողմէ շղթայազերծուած այս պայքարը երկար ժամանակի մը համար «նախատեսուած» է:

Փտա­ծու­թիւ­նը Փոր­ձու­թեան Կը Մղէ Պուտ­տա­յա­կան­նե­րը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Աշխարհի մէջ երբ բոլոր արժէքները խախտած են, եւ մարդոց մէկ կարեւոր մասը մակերեսային եւ եսակեդրոն դարձած է, այլեւս բնաւ զարմանալի չեն թուիր անբարոյականութեան եւ փտածութեան բացայայտումները, նոյնիսկ այնպիսիներու, որոնք կոչուած են ատոնցմէ զերծ մնալու, ատոնց դէմ պայքարելու: Այլեւս որքա՜ն դժուար դարձած է սկզբունքներու հաւատալը եւ մանաւանդ՝ այդ սկզբունքներուն չդաւաճանելը:

Հաղորդակցական Մեր Ժամանակակից Միջոցները եւ Մենք

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հայաստանի մէջ գումարուեցան «մամուլի խորհրդաժողով»ներ: Մամուլ եզրով նկատի ունիմ հաղորդակցական միջոցները ընդհանրապէս, տպագիր, ձայնասփիւռային, հեռատեսիլի եւ ի հարկին՝ համացանցի:

ԾԱՌՍ

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ցա­նե­ցի ծառ մը
տա­րի­ներ ա­ռաջ
չեմ ալ յի­շեր ե՞րբ
բայց կը յի­շեմ խնամքս
շնչա­ւոր այդ ա­րա­րա­ծին
թիզ-թիզ ա­ճու­մը
ծառ մըն է սո­վո­րա­կան
սո­վո­րա­կա՞ն
չէ, չէ, շատ անձ­նա­կան
ա­ճե­ցաւ, ծաղ­կե­ցաւ
ա­մէն ինչ շատ լաւ էր
մին­չեւ...

ՌՈՒԲԷՆ ՏԱՐԻՕ՝ ԳՈՒՆԱԳԵՂ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԵԾ ԵՐԳԻՉԸ

Պատ­րաս­տեց՝ Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

20-րդ դարու վաթսունական թուականներէն սկսեալ, եւրոպական մշակութային աշխարհը յատուկ ուշադրութիւն կը սեւեռէ Լատինական Ամերիկայի երկիրներուն վրայ: Պատճառը լատին-ամերիկեան գրականութեան ասպարէզէն ներս յայտնուած նոր հեղինակներու աստղաբոյլն էր՝ մէկը միւսին յաջորդող շռնդալից երկերով, որոնց վիճակուած էր համաշխարհային գրականութեան անմահ ռահվիրաները դառնալ:

Աշ­խար­հի Տա­րօ­րի­նա­կու­թիւն­նե­րէն

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Պրէնթ Ֆրանքլին՝ Թեքսաս նահանգի Հիւսթըն քաղաքին մօտերը ունի շինարարական ընկերութիւն մը, ուր մէկ տարիէ կ՚աշխատի 17-ամեայ Մարք Անթհընի Տոյլը։ Այս տարուայ ամրան՝ գործատէրը կը հրաւիրէ գործաւորը, որպէսզի բնակի իր մօտ։

Ի՞ՆՉ «ՊԱՏԳԱՄԵՑ» ՆԱԽԱԳԱՀ ԹՐԱՄՓ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մինչ «Հիզպուլլահ»ի զինեալները կը շարունակէին իրենց յառաջխաղացքը Արսէլ աւանի լեռնային հատուածներուն ուղղութեամբ, Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Հարիրի Սպիտակ տան մէջ (25 Յուլիս) կը հանդիպէր ԱՄՆ-ի Նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ:

Էջեր