ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԳՈՐԾԻՉ ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԹԵՆՊԵԼԵԱՆ. «ՄԵՐ ԳԱՂՈՒԹԻՆ ՆՈՐ ԱՒԻՇ ՄԸ ՏՈՒԱԾ Է ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ»
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միջին Արեւելքի մէջ իր ուրոյն տեղը կը գրաւէ Լիբանանը: Համայնքային դրութեամբ կառավարուող այս երկիրը, եղած է ու կը շարունակէ մնալ հայութեան Միջին Արեւելքի կարեւորագոյն գաղութներէն մին: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն անցած են աւելի քան քսանեօթ տարիներ, բայց եւ այնպէս երկիրը կը շարունակէ դիմագրաւել բաւական լուրջ մարտահրաւէրներ: