Հարթակ

ԹԱՏՐՈՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐԸ

Ա­մէն տա­րի Մար­տի 27-ին  կը նշուի Թատ­րո­նի մի­ջազ­գա­յին օ­րը (World Theater Day), ո­ր հռ­չակ­ուած է 1961 թուա­կա­նին, ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի Թատ­րո­նի մի­ջազ­գա­յին կա­ճա­ռի 9-րդ  վե­հա­ժո­ղո­վին կող­մէ եւ կը նշուի ա­մէն տա­րի: Նպա­տա­կը «ազ­գե­րու մի­ջեւ խա­ղա­ղու­թեան եւ բա­րե­կա­մու­թեան ամ­րապնդ­ման, աշ­խար­հի բո­լոր թա­տե­րա­կան գոր­ծիչ­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեա­ն» նպաս­տած է:

Ի՞ՆՉ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ 14 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէր, որ լի­բա­նան­ցի բե­մադ­րիչ Շար­պէլ Խա­լի­լի պատ­րաս­տած քա­ղա­քա­կան եր­գի­ծան­քի ծրա­գի­րը կ՚ար­ժա­նա­նար ծանր մե­ղադ­րանք­նե­րու: Խա­լիլ, որ օ­րեր ա­ռաջ իր «Ալ Ժա­տի­տ» պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նէն ցու­ցադ­րուող «Տու­մա Քա­րա­սի» յայ­տագ­րին ըն­թաց­քին բարձ­րա­ցու­ցած էր ե­րե­սու­նինն տա­րի ա­ռաջ շիի կրօ­նա­կան գոր­ծիչ Ի­մամ Մու­սա Ալ Սա­տը­րի եւ ա­նոր ըն­կե­րա­կից­նե­րուն ա­ռե­ւանգ­ման նիւ­թը, կը մեր­ժէր նե­րո­ղու­թիւն հայ­ցել «Ա­մա­լ» շար­ժու­մի հա­սա­րա­կու­թեան, ո­րոնց կար­ծի­քով Խա­լիլ վի­րա­ւո­րած էր ի­րենց հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դը՝ Ալ Սա­տըրն ու ներ­կա­յիս գոր­ծող ղե­կա­վար Նե­պիհ Պըր­րին:

Եր­բեմն

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Եր­բեմն միայն՝ հոն եմ, ուր որ եմ… հո­սանք­ներ զա­նա­զան, ե­րէ­կը, ներ­կան ու գա­լիքն ալ միան­գա­մայն, կը միա­խառ­նուին:
Եր­բեմն… 

ԱՍԵՂՆԱԳՈՐԾԻՆ ՀԱՆԳՈՅՑՆԵՐԸ

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Մա­նուկ էի, քնա­ցած մի­ջո­ցիս մօրս ձե­ռա­գոր­ծի զոյգ մի­լե­րուն ձայ­նը օ­րօ­րի պէս կը թմրեց­նէր զիս: Մայրս օրն ի բուն տան գոր­ծե­րով զբա­ղե­լէն ետք, մի­լե­րը ձեռ­քը կ՚առ­նէր ու մե­զի բուր­դէ հա­գուե­լիք­ներ կը գոր­ծէր: Եր­կար տա­րի­ներ ա­ռան­ձին չէի քնա­նար, կը սոս­կա­յի մե­նու­թե­նէն:
 

Քառասնօրեայ Պահեցողութիւնը Եւ Միջինք

ՂԵ­ՒՈՆԴ ՎՐԴ. ԲԵՆ­ԴԵ­ԶԵԱՆ

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պե­տու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ծի­սա­կան ու քա­րոզ­չա­կան կեան­քին կա­րե­ւո­րա­գոյն բա­ժի­նը կը հան­դի­սա­նայ պա­հե­ցո­ղու­թեամբ ու ծո­մա­պա­հու­թեամբ ամ­րապն­դել հա­ւա­տա­ցեա­լին հո­գե­կան աշ­խար­հը եւ ա­նոնց ընդ­մէ­ջէն զարկ տալ ա­նոր հա­ւատ­քի ա­ռողջ աճ­ման:

ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ. Հայ Ժողովուրդի Տաղանդաւոր Երաժիշտը

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Հայ ե­կե­ղե­ցա­կան եւ ժո­ղովր­դա­կան դա­սա­կան եր­գե­րու բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու տա­ղան­դա­ւոր յօ­րի­նող եւ մեկ­նա­բա­նողն է հայ ժո­ղո­վուր­դի հան­ճա­րեղ ե­րաժշ­տա­գէ­տը՝ ԿՈ­ՄԻ­ՏԱՍ ՎԱՐ­ԴԱ­ՊԵՏ։ Բնա­ծի­ն տա­ղան­դով, Էջ­մի­ած­նի Գէոր­գե­ան հո­գե­ւո­ր ճե­մա­րա­նէ­ն շր­ջա­նա­ւարտ, Գեր­մա­նիա ու­սա­նած ե­ւ ա­րուե­ստի գոր­ծը հայ­րե­նի­քի­, Պոլ­սո­յ եւ Եւ­րո­պա­յի մէջ բարձ­րա­գո­յն մա­կար­դա­կի վրայ յայտ­նա­բե­րած, Կո­մի­տաս Վար­դա­պետ մեր ժո­ղո­վուր­դի պար­ծան­քը հան­դի­սա­ցաւ իր բազ­մա­կող­մա­նի դրսե­ւո­րում­նե­րո­վ՝ երգ, նուագ, բա­նա­հի­ւսու­թի­ւն, եւ ե­րաժշ­տու­թի­ւն։­

ՎԱՅՐԵՆՈՒԹԻՒՆ

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Եր­գե­ցո­ղու­թեան դա­սա­պահն էր, պի­տի եր­գէինք «Հայր մեր»ը, ու­րեմն երբ հա­սանք «յեր­կինս» բա­ռին, «կինս» մա­սը այն­պի­սի շեշ­տով մը դուրս պոռթ­կաց մեզ­մէ, շուրջ 15-ա­մեայ պա­տա­նի­նե­րէս, որ ու­սու­ցի­չին՝ Պրն. Համ­բար­ձում Պէր­պէ­րեա­նի գա­ւա­զա­նի հա­րուա­ծո­վը սե­ղա­նին կ՚ըն­կե­րա­նար՝ «վայ­րե­նի­ներ, վայ­րե­նի­ներ…»։ Նկա­տո­ղու­թիւ­նը, որ ու­րիշ բան չէր ե­թէ ոչ՝ լռու­թեան կոչ: Քար լռու­թիւն: Ա­պա՝ դա­սա­ւան­դու­թիւն:

ՄԵՐ ԾԱՆՐԱՑԱԾ ԽԻՂՃԸ ԵՒ «ՀԱՑ ԲԵՐՈՂ»Ի ԽՕՍՔԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

2016 թո­ւա­կա­նի Յու­լի­սէն ի վեր «Հաց բե­րող» ա­նու­նով ծա­նօթ Ար­թուր Սարգ­սեան կը մա­հա­նար Հինգ­շաբ­թի օր: «Սաս­նայ ծռեր» զի­նեալ­նե­րու խում­բին «հաց բե­րած» Ար­թուր Սարգ­սեան կա­լան­քի տակ կ՚առ­նո­ւէր այդ խում­բին հետ ան­մի­ջա­կան կապ ու­նե­նա­լու մե­ղադ­րան­քով:

«Պապիդ Լեզուն Խօսա՛…»

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Աթ­լան­թա, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ  Նա­հանգ­ներ: Փետ­րուար 2017: Աթ­լան­թա ե­ղած էր տե­ղա­ցի հնդիկ ժո­ղո­վուր­դին կա­րե­ւոր ոս­տա­նը, երբ Եւ­րո­պա­յէն տար­բեր ազ­գեր սկսան «տե­ղա­ւո­րուիլ» այս շրջա­նը: Ա­մե­րի­կա­յի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մին՝ 19-րդ դա­րուն, Աթ­լան­թան դար­ձած էր զի­նուո­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու կեդ­րոն:

Էջեր