Հարթակ

Մար­դը Սի­րող Ա­մե­նէն Հա­րուստ Աղ­քա­տը

Պատ­րաս­տեց՝ ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ, երբ ար­ժէք­նե­րը այ­լեւս շատ յա­րա­բե­րա­կան դար­ձած, եր­բեմն ալ ան­հե­տա­ցած են, ա­ռաս­պել կը թուին այս­պի­սի անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը: Աշ­խար­հի ա­մե­նէն աղ­քատ նա­խա­գա­հը. ինչ­պէ՞ս կրնայ ըլ­լալ:

«ՀԻԶՊՈՒԼԼԱՀ»Ի ՆՈՐ ԽԱՂԱՔԱՐՏԸ՝ ՀԱՅՖԱՅԻ «ԱՄՈՆԻԱՔ»Ի ՊԱՀԵՍՏԱԿԱՅԱՆԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Իս­րա­յէ­լեան «Հաա­րէթ­ց» պար­բե­րա­կա­նին մէջ լոյս տե­սած հրա­պա­րա­կու­մէն ի վեր երկ­րի լայն շրջա­նակ­ներ սկսած են քննարկ­ման բուռն նիւթ դարձ­նել «Հիզ­պուլ­լա­հ» կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ լուրջ սպառ­նա­լիք­նե­րու մա­սին խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը:

ՏԱԿԱՒԻՆ

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Իբ­րեւ սրտի պարտք հիաց­մուն­քի, սէրս կ՚ու­զեմ յայտ­նել այն հսկա­յին՝ որ «Ան­չար» չըլ­լա­լո՞ւն ինք­զինք ՉԱ­ՐԵՆՑ մկրտեց փո­խա­րի­նե­լով Սո­ղո­մո­նեա­նը, թէ պար­զա­պէս ըմ­բոստ ո­գին էր, որ խօ­սե­ցաւ իր պա­տա­նի հոգ­ւոյն մէջ: Ո՞վ գի­տէ:

Խա­ղաղ Օ­րե­րու Յու­շե­րէն…

ՍԻԼ­ՎԻ Ա­ԲԷ­ԼԵԱՆ

Ման­կու­թեանս տպա­ւո­րուած եմ մեր գիւ­ղի հին ու պատ­մա­կան քա­նի մը կա­ռոյց­նե­րով, ո­րոնց­մէ մէ­կը Քե­սա­պի Ժո­ղովր­դա­յին տան հին շէնքն է իր տախ­տա­կա­մած սե­նեակ­նե­րով, քա­րէ սեպ աս­տի­ճան­նե­րով՝ եր­կու կող­մե­րուն տախ­տա­կէ բազ­րիք­նե­րով՝ տպա­ւո­րուած եմ նաեւ դպրո­ցովս՝ Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան նա­հա­տա­կաց վար­ժա­րա­նի հին շէն­քի կա­ռոյ­ցով: Պատ­մա­կան մեծ ար­ժէք ու­նե­ցող եր­կու կա­ռոյց­նե­րուն աս­տի­ճան­նե­րը, ո­րոնք մին­չեւ այ­սօր ի­րենց յե­տին ման­րա­մաս­նու­թեամբ յստա­կօ­րէն կը տես­նեմ աչ­քիս առ­ջեւ, շատ բարձր ու դժուար թուա­ցած են ին­ծի:

ԱՅՍ ԱՍՈՒՊԻՆ ՓԱՅԼՔԸ ՊԻՏԻ ՅԻՇՈՒԻ՞

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ա­սուպ մըն է կը սա­հի, կ՚եր­թայ. պայ­ծառ երկն­քի աստ­ղե­րուն մէ­ջէն կը սու­րայ ա­րագ, շատ ա­րագ. փայ­լուն ակն­թար­թի մը պէս ան­հետ կը կոր­չի, ե­տին ձգե­լով յուշ մը ան­մո­ռաց, այլ դրոշմ մը, տեղ մը դա­ջուած, որ կը յու­շէ այդ ակն­թար­թին փայ­լա­տա­կու­մը:

ԱՆՅԱՅՏՆԻ ՀԻՒՐԸ

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Ա­հա­ւա­սիկ բնու­թիւ­նը կը խօ­սի, ա­նոր՝ որ զայն կը  կար­դայ. Հո­րո­վել կ՚եր­գէ, ա­նոր որ գի­տէ ըմ­բոշխ­նել, սա­կայն, ուր­կէ՞ են այդ գի­տե­լիք­նե­րը, խօս­քե­րը, ե­րաժշ­տա­կան ե­լե­ւէջ­նե­րը. այն­քան հո­գեգ­րաւ ապ­րում­նե­րով ու մենք՝ զա­նոնք կ՚ըմ­բոշխ­նենք ու կը հիա­նանք:

Ընտանի Անասունի Հոգեբա՞ն

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ա­մե­րի­կա­յի մէջ՝ եւ հա­ւա­նա­բար ալ շարք մը եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ, ըն­տա­նի ա­նա­սու­նը կը հա­շուուի որ­պէս ըն­տա­նի­քին ան­բա­ժան մէկ ան­դա­մը։ Ա­նոնք այն­քան գուր­գու­րանք կը ցու­ցա­բե­րեն ի­րենց ըն­տա­նի կեն­դա­նի­նե­րուն նկատ­մամբ, որ եր­բեմն ի­րենց ժա­ռան­գը կը թո­ղուն ա­նոնց։

Երաժիշտ-Երգիչներու Առասպելական Կիներ

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Ի­րո­ղու­թիւն է, որ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը որ­քան վա­ւե­րա­կան ըլ­լան, այն­քան դժուար կ՚ըլ­լայ ա­նոնց հետ ապ­րի­լը, ո­րով­հե­տեւ ա­րուես­տա­գէ­տը ի՛ր օ­րէն­քով, բնազ­դով ապ­րող էակ մըն է, որ շատ յա­ճախ բա­խում­ներ կ՚ու­նե­նայ իր շրջա­պա­տին, նոյ­նիսկ ինքն ի­րեն հետ: Սա­կայն յա­ճախ իս­կա­կան եւ մնա­յուն սէրն է, որ կի­նե­րը կը կա­պէ այդ­պի­սի ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու, այս պա­րա­գա­յին՝ ե­րա­ժիշտ-եր­գիչ­նե­րու:

ՀԱ­ԼԷ­ՊԻ ՅԵՏ­ՊԱ­ՏԵ­ՐԱԶ­ՄԵԱՆ ՀԵՏ­ՔԵՐ

ԹԱ­ԳՈՒ­ՀԻ Ա­ԹՈ­ՔԵԱՆ

Ան­հա­ւա­տա­լի էր բայց ի­րա­կա­նու­թիւն: Ո՞վ կը հա­ւա­տար, որ հինգ եր­կար տա­րի­նե­րու պա­տե­րազ­մա­կան տագնա­պէն եւ տա­ռա­պան­քէն ետք՝ այ­սօր պի­տի կա­րե­նանք ան­վա­խօ­րէն քա­լել ա­զա­տագ­րուած Հա­լէ­պի փո­ղոց­նե­րուն մէջ. ա­զա­տօ­րէն պի­տի կա­րե­նանք եր­թալ մէկ շրջա­նէն միւ­սը, գնում­ներ կա­տա­րել, այ­ցե­լու­թիւն­ներ տալ, երբ զրկուած էինք նոյ­նիսկ պատշ­գամ ել­լե­լէ՝ վախ­նա­լով հրթի­ռի մը կամ դի­պու­կա­հա­րի մը զո­հը դառ­նա­լէ:

ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ԸՆԹԱՑՔ

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Ծնուն­դով կ՚ու­րա­խա­նան, լաւ պատ­ճառ մըն է կոր­սուած ե­րազ­նե­րու շա­րու­նա­կու­թիւ­նը հոն տես­նե­լով, եւ ոչ միայն ե­րազ­նե­րու, այլ կեան­քէ հե­ռա­ցող­նե­րու շղթա­յին մէկ նոր շունչ մը տա­լով, ա­նոր գո­յա­տե­ւու­մը ա­պա­հո­վե­լու ե­րաշ­խի­քով, ա­նուա­նա­կո­չու­մով իսկ կար­ծես կ՚ա­պա­հո­վուի ա­մէն իղձ… մշտա­նո­րոգ այս հա­մընդ­հա­նուր ըն­թաց­քին մէջ:

Էջեր