Հոգե-մտաւոր

ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱԼԱԾԵԼՈՒ ՀՈՒՆԳԱՐԱԿԱՆ ՏԱՐԲԵՐԱԿԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ամիս մը ետք՝ յունիսին դարձեալ պիտի շարունակէ եկեղեցի-պետութիւն հակամարտութիւնը։ Ինչպէս նախապէս ըսինք, այս բոլորը պարզապէս խաբուսիկ զինադադարի շրջան մըն է. այնպէս ինչպէս օձը իր մորթը փոխելով նկարագիրը չի փոխեր, նոյնպէս ալ մարդիկ իրենց դիտաւորութիւնները դիւրութեամբ չեն փոխեր: 

ԴԱՏՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՏԻՒ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դատողութիւն եւ պատիւ կը նմանին ժամացոյցի, կարելի է ճշգրիտ եւ յարգի ժամացոյցներ ըլլալ՝ բաւ է, որ մարդ տեւական խնամք տանի անոր։ Արդարեւ, ամէն արժէք եթէ անշարժ մնայ՝ չաշխատի եւ չգործէ, որեւէ օգուտ քաղել կրելի չըլլար այդ արժէքէն։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ՝ ՈՐ «ԱՄԷՆ» ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Եթէ շատեր կը շարունակեն հաւատալ, որ ազգովին նահանջի մէջ չենք ու դէպի պայծառ ապագայ կ՚առաջնորդուինք, ապա թող ականջ տան կարեւոր այս հարցման, որ Աստուած գիտէ քանի՜ երրորդ անգամ ըլլալով պատասխանելու դժբախտ «բախտաւորութիւնը կ՚ունենամ. «Հայերէն կարդալ գիտե՞ս…»: 

ԱՅՐ ՄԱՐԴՈՒ ԳԵՐԱԶԱՆՑՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Քաղաքակրթութիւնը, աւելի քրիստոնէութիւնը բաւական սրբագրած են այր մարդուն՝ կնոջ վրայ ունեցած իրական գերազանցութեան մը սխալ ըմբռնումը, նաեւ այր-մարդու եւ կին-մարդու միջեւ յարգի եւ արժէքի սխալ չափանիշը ուղղուելու վրայ է, ինչպէս նաեւ երկու սեռի հաւասարութեան գաղափարը հետզհետէ ամէն կողմ գետին կը գտնէ. «Ալ ո՛չ հրեայի եւ հեթանոսի խտրութիւն կայ, ո՛չ ստրուկի եւ ազատ մարդու, ո՛չ ալ արուի եւ էգի…». (ԳԱՂ. Գ 28)։ 

ԱՆԿԱՐԵԼԻՆ ԿԱՐԵԼԻ ԸՆՈՂ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կան դէմքեր, որոնք իրենց ազդեցութեամբ կը տարբերին ուրիշներէ. դէմքեր՝ որոնք կը մարմնաւորեն այն պայքարի ոգին, որ հայը իր գոյութիւնը պահպանելու դարեր շարունակ կոփած ու ձեւած է:

ԴԷՄՔԵՐ ԿԱՆ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդիկ թէեւ հաւասարութեան սկզբունքով ստեղծուած են, բայց ամէն մէկը որպէս անհատ կը տարբերին իրարմէ, քանի որ ամէն մէկը «անձ» մըն է եւ տարբեր յատկութիւններ ունի։

ՊԱՏԻԺԻ ՎԱԽԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդ սխալական եւ յաճախ յանցանք գործելու հակամէտ էակ մըն է։ Յանցանքը կանխելու՝ առաջքը առնելու եւ արգելք ըլլալու որպէս միջոց միշտ պատիժը գործածուած է զանազան կերպերովը։ Բայց հարցը սա է. մարդ յանցանք չի գործեր պատիժի՞ վախով, թէ անոր համար որ իր խիղճը չի ներեր եւ արգելք կ՚ըլլայ յանցանք գործելու։ 

ԱՍՏԻՃԱՆԱԿԱՆ ՔԱՆԴՈՒՄ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ազգերու մահը մէկէն ի մէկ ակնթարթի մը մէջ չի՛ պատահիր. այդտեղ մահը կը սողայ լուռ հիւանդութեան մը պէս՝ անտեսանելի ձեւով եւ կամաց կամաց կը մաշեցնէ հոգին, կը քայքայէ առողջութիւնը եւ յամրօրէն կ՚առաջնորդէ դէպի փոս, դէպի գերեզման:

ԻՆՔՆԻՐՄՈՎ ՀՊԱՐՏԱՆԱԼ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ». (ՂՈՒԿ. ԺԸ 14)։ 
Ղուկաս Աւետարանիչի ԺԸ. գլխուն 9-14 համարներուն մէջ Յիսուսի պատմած առակին մէջ՝ երկու հոգի կ՚աղօթեն Տաճարին մէջ. մին՝ փարիսեցի, միւսը՝ մաքսաւոր։ 

Էջեր