ԹՈՒՄԱՆԵԱՆՆ ՈՒ ՀԱՅԸ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շաբաթ մը առաջ՝ շաբաթ, 30 հոկտեմբեր 2021-ին, թատերական գործիչ Գրիշա Մնոյեանի հրաւէրով ներկայ գտնուեցայ Գէորգ Ընծայ Բաբախանեանի բեմադրած «Հեքիաթների աշխարհում» ներկայացման, որու ընթացքին յաջորդաբար ներկայացուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի «Կիկոսի մահը», «Բարեկենդանը» եւ «Սուտասանը», որոնք թէեւ մանկական՝ կը հետաքրքրեն նաեւ մեծահասակները: Թումանեան ունի կախարդանք մը, որ տասնեամեակներ ետք, հակառակ բազմիցս կարդացած ըլլալուդ նո՛յն հաճոյքն ու հետաքրքրութիւնը կ՚առթէ: