Հոգե-մտաւոր

ԱՅՍՕՐ ՍՈՒՐԲԵՐ ԿԱ՞Ն

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Միշտ ալ հնչած է նահանջի ահազանգը եւ յաճախ մենք անոր արձագանգը եղած ենք, որովհետեւ ժամանակը իր հետ սկսած է մեր կեանքէն հեռացնել ամէ՛ն նուիրական արժէք ու սրբութիւն, լեզուէն մինչեւ մշակոյթ, մամուլէն մինչեւ ազգասիրութիւն. մեր կեանքին մէջ սկսած է արժեզրկուիլ ամէ՛ն բան, ինչ որ ինքնաբերաբար պատճառ դարձած է անցեալի մը փնտռտուքին, ուր ամէն բան կարծես մասամբ աւելի «լաւ» ըլլալ կը թուի:

ԵՍ ԵՐԳԵԼՈՎ Կ՚ՈՒԶԵՄ ՄԵՌՆԻԼ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթավերջին «Մանկական Եւրոտեսիլ 2021»ի Հայաստանի տարած յաղթանակը հպարտութեան եւ յուզումի պատճառ դարձաւ, անգամ մը եւս առիթ տալով խորհրդածելու եւ մտածելու հայու տաղանդին եւ անոր անմրցունակ մշակութային արժէքներու մասին:

ԴԱՐԵՐ ԵՏՔ ԶԱՒԱԿ ՈՒՆԵՆԱ՞ՆՔ…

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կրօնքի եւ գիտութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող ընդհարումը միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է՝ անցեալէն հասնելով մինչեւ մեր օրերը եւ մեծ հաւանականութեամբ պիտի երկարի մինչե՛ւ անորոշ ապագան, որովհետեւ առաջինը աներեւելին պիտի ընդունի որպէս տէր ու արարիչ, իսկ երկրորդը պիտի փորձէ անբացատրելին բացատրել:

ԳՈՒՇԱԿՈՒԹԵԱՆ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Նկատենք թէ ոչ, մեր շուրջ գտնուող ամէն բան ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով ազդեցութիւն կը գործէ մեր վրայ եւ մաս կը կազմէ մեր դաստիարակութեան: Մեր շուրջ գտնուող ամէ՛ն բան՝ ժապաւէն, ձայնասփիւռ, համացանց բոլորն ալ իրենց ձեւերով բան մը փոխանցել կը փորձեն մարդ արարածին:

ԱՊԵՐԱԽՏ՝ ՍԱԿԱՅՆ ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երբեւէ մտածա՞ծ էք, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթին, ինչպէս նաեւ լոյս տեսնող բոլոր թերթերուն մէջ հրատարակուող նիւթերն ու յօդուածները երկինքէն չեն որ կու գան, այլ կը պահանջեն ժամանակ, միտք, տրամաբանութիւն, կեդրոնացում եւ ուսումնասիրութիւն: Այն յօդուածը, որ մարդիկ յաճախ վերնագիրը նայելով կ՚անցնին, հաւանաբար ծնունդը ըլլայ անքուն գիշերուան մը:

ՍՈՐՎԻՆՔ ԵԶԻՏԻՆԵՐԷՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Բազմի՜ցս լսած ենք «հայ ըլլալը դիւրին չէ» խօսքը, որ իր մէջ կ՚ամփոփէ մեր որպէս ազգութիւն ունեցած բոլոր մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները: Կասկածէ վեր է, որ այդ դժուարութիւններէն առաջինն ու առաջնահերթը ինքնութեան պահպանումն է, մանաւանդ ցիր ու ցան եղած մեր հայերուն համար սփիւռքի մէջ, ուր հայ ըլլալը առօրեայ մարտակոչ մըն է հայ մնալ կամ չմնալու:

ՆՈՅՆ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ՝ ՏԱՐԲԵՐ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեզմէ ո՞վ երբեւէ ճամբան, թատրոնի, հիւանդանոցի եւ կամ հանրակառքի մէջ պատահմամբ հանդիպած չէ երբեմնի իր դպրոցական դասընկերներէն մէկուն՝ դիպուածաբար. հանդիպումներ՝ որոնք յաճախ անցեալի քաղցրութիւնն ու հմայքը կը յիշեցնեն:

ԳԱՐՈ՞ՒՆ ԵՍ… ԱՇՈ՛ՒՆ ԿՈՒ ԳԱՅ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Տարիներ առաջ համացանցը ցնցեց աշխարհահռչակ «Apple» ընկերութեան տիրոջ՝ Սթիվ Ճոպսի վերջին նկարը։ Աշխարհի հարուստներէն համարուող Սթիվ վատառողջ, լքուած եւ գրեթէ անկարող վիճակի մը մէջ կը յայտնուի:

ԵՐԱՆԻ՜ ՍԻՐՈՂՆԵՐՈՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Տարեցներու բերնէն յաճախ լսած եմ «ամէ՜ն բան փոխուած է հիմա» արտայայտութիւնը. անոնց աչքին աշխարհը ո՛չ միայն նիւթապէս ու արտաքնապէս, այլ էապէս եւ բարոյապէս կատարուած է այդ փոփոխութիւնը: Նորերը սկսած են հիներու «համն ու հոտը» չտալ:

Էջեր