Հոգե-մտաւոր

ՊԱՐԿԵՇՏ ԵՒ ՈՂՋԱՄԻՏ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պարկեշտութիւնը առաքինութի՛ւն մըն է, որ անոր կ՚ընկերանան նաեւ պատուախնդրութիւնը եւ ողջամտութիւնը։ Այս առաքինութիւնները կը հաստատուին անձերու մէջ տակաւին մանուկ հասակէն իսկ։

ՍԻՐՈՅ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սէրը՝ ամենաբարձր արժէ՛քն է կեանքին. չէ՞ որ «Աստուած սէր է», (Ա ՅՈՎՀ. Դ 8)։
Սէրը առաքինութի՛ւն է, եւ ամենէն ազնիւ եւ վե՛հ զգացումը, քանի որ «Մեծագոյն սէրը ա՛յն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար», (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13)։

ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Դէպի Երուսաղէմ իր ճամբուն վրայ, Յիսուս կ՚անցնէր Սամարիայի եւ Գալիլեայի սահմաններէն։ Եւ մինչ գիւղ մը կը մտնէր, իրեն հանդիպեցան տասը բորոտներ, որոնք հեռուն կեցած եւ բարձր ձայնով ըսին.

ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կէօթէի «Ֆաուստ»ը ճշմարիտ հետախուզող մի՛տքն է։ Ան ուսումնասիրած է մարդկային բոլոր գիտութիւնները, առանց անոնցմէ կատարեալ յագուրդ եւ գոհացում գտնելու։ Ան՝ ո՛չ իսկ ետ կեցած է կախարդական գիտութիւններու դիմելէ, ա՛յն յոյսով, որ կարելի է, անոր մէջ կրնայ գտնել իր փնտռածը, ամէն բանի «ի՞նչ» եւ «ինչո՞ւ»ին պատասխանը։

ԱՐԴԱՐ ԶԱՅՐՈՅԹ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Բայց Աստուծոյ բարկութիւնը երկինքէն պիտի յայտնուի մարդոց անհաւատութեան եւ անիրաւութեան համար, որոնց անիրաւութիւնը թոյլ չի տար որ ճշմարտութիւնը երեւան գայ», (ՀՌՈՄ. Ա 18)։

ԴԱՏՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԵԶՐԱՀԱՆՈՒՄ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ՝ մտածող եւ նաեւ ենթադրութիւններ ընող բանաւոր էակ մըն է։ Եւ դարձեալ մարդ, ապաւինելով իր մտային կարողութեան, ենթադրութիւններով կ՚ուզէ եզրակացութեան մը յանգիլ եւ ըստ այնմ որոշումներ տալ։

ՑԱՒԵՐ ԵՒ ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդիկ յաճախ կը խորհին եւ իրենք իրենց կը հարցնեն՝ թէ աշխարհի վրայ ի՞նչու ցաւ, վիշտ եւ նեղութիւններ կան, եւ թէ Աստուած, որ Բարի է, ի՞նչու կ՚արտօնէ որ մարդիկ այդ ցաւերուն, վիշտերուն եւ նեղութիւններուն ենթարկուին։

ՀԱԿԻՐՃ ԲԱՅՑ ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Խօսքեր կան, որոնք կարճ եւ ամփոփ են բայց իմաստալի՛ց, եւ շա՜տ բան կ՚ըսեն քան երկար հատուածներ։ Արդարեւ կարճ եւ ամփոփ խօսքեր շատ աւելի՛ տպաւորիչ կ՚ըլլան եւ օգտակար, քանի որ միտք պահել շատ աւելի դիւրին է։

ԳՈՐԾԻՔԸ ԵՒ ԳՈՐԾԱԾՈՂԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Գործիքները, մարդուս կեանքը դիւրացնող միջոցներ եւ առարկաներ են։ Գործիքը զայն գործածողին նկարագրին եւ գաղափարականին հետ համերաշխ ըլլալու է։ Գործիքը նաեւ պէտք է նպատակայարմար ըլլայ, ինչ որ կը նշանակէ՝ թէ «գործիք»ը նպատակ մը չէ, այլ՝ միջո՛ց մը։ Գործիքին եւ զայն գործածողին նկարագրին համաձայնութիւնն է, որ կը նպաստէ մտադրուած նպատակի մը իրագործման, առողջ նպատակի մը կազմութեան։

ԱՆԿԵՂԾ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Friedrich Nietzsche (1844-1900). իր այս տողերով յատկապէ՛ս կը մատնանշէ բարեկամութեան մէջ անկեղծութեան, ուղղամտութեան, ճշմարտախօսութեան եւ հաւատարմութեան կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեա՛ն հիմնականութիւնը։

Էջեր