ԲՈՅՍԵՐ՝ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՄԷՋ - Բ -
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք Սուրբ Գիրքի մէջ յիշուած զանազան բոյսերը ներկայացնել։
ԵՂԷԳ. (Գամըշ. «roseau»). Բարձր տունկ է սրածայր տերեւներով եւ երկայն եւ բազմայօդ ծղօտներէ՝ բոյսին եգէգնիկը՝ շիտակ կամ ծիլի պէս յօդ յօդներէ բաղկացեալ. կը բուսնի գետերու, առուներու եզերքը եւ ուրիշ խոնաւ տեղեր։