ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամուր եւ առողջ մարդկային յարաբերութեան մը համար անհրաժե՛շտ է անկեղծութինը՝ «ջինջ եւ յստակ ծովակ»ի մը նման։ Անշուշտ անկեղծութիւնը իր հետ կը բերէ նաեւ հաւատարմութիւնը՝ որ միութեան մը համար ամենակարեւոր տարրերէն, արժէքներէն մին է։