ԶԳԱՑԱԿԱՆ ԻՄԱՑՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Առաքինութիւն, ինքնութիւն ու բարեկեցութիւն՝ մարդկային կեանքին անհրաժեշտ արժէքներն են՝ որոնք կը կատարելագործուին զգացական կեանքը չափաւոր ու նպատակայարմար գործածելով։
Կեանքի պայքարը ընթացք կը ստանայ՝ մարդկային մտածումներու, կիրքերու, արժէքներու համեմատ, որոնք երբ նպատակայարմար գործածուին իմաստութեամբ ապրելու պատճառ կը դառնան։