ՍՏԱԽՕՍԻՆ ՊԱՏԻԺԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուտը՝ ճշմարտութեան հակառակ արտայայտութիւն մըն է. ճշմարտութիւնը ուրանալ եւ կամ կերպով մը ծածկել եւ կամ տարբեր ձեւով ներկայացնել կը նշանակէ։ Ժողովրդական պարզ մտայնութեամբ սովորութիւն է եղած ըսել. «Սուտ խօսելուն պատճառով ո՞վ մեռած է…»։