ՀՈԳԵԿԱՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ կը տօնենք Սուրբ Ծննդեան ոգեկոչումը եւ կը խանդավառուինք անոր յիշատակով, ասիկա որքան խաղաղութեան, մարդկային եղբայրութեան, մարդասիրութեան ազնիւ զգացումներու անդրադաձման առիթ մը, նոյնքան ալ աւետիս մըն է հոգեկան վերածննդեան։ Արդարեւ, Սուրբ Ծննդեան տօնախմբումը առիթ մըն է համերաշխութեան, հաշտութեան, ինչ որ կը պատկանի հաւաքական կեանքի, մարդոց փոխյարաբերութիւններուն, անոնց զարգացման եւ բարեփոխման. բայց անհատական կեանքի մէջ ալ անիկա վերազարթումի, վերանորոգման առիթ մը պէտք է նկատուի։