ԱՆԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անգիտութիւն» կամ «տգիտութիւն»՝ կը նշանակէ պակաս կամ սխալ տեղեկութիւն ունենալ որեւէ իրողութեան նկատմամբ։ Անշուշտ, մա՛րդ ամէն բանի մասին կատարեալ, անթերի տեղեկութիւն չի կրնար ունենալ, քանի որ գիտութիւնը անսահման է, իսկ մարդկային միտքը՝ սահմանաւոր։