ՍՐՏԵՐԸ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ ԵՒ Ո՛Չ ԹԷ ՀԱՆԴԵՐՁՆԵՐԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ձեր սրտերը պատրաստեցէ՛ք եւ ո՛չ թէ ձեր հանդերձները։ Ձեր Տէր Աստուծոյն դարձէ՛ք. քանզի անիկա ողորմած եւ գթած, երկայնամիտ եւ բազումողորմ է եւ չարիքի համար կը զղջայ». (ՅՈՎԷԼ. Բ 13)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ձեր սրտերը պատրաստեցէ՛ք եւ ո՛չ թէ ձեր հանդերձները։ Ձեր Տէր Աստուծոյն դարձէ՛ք. քանզի անիկա ողորմած եւ գթած, երկայնամիտ եւ բազումողորմ է եւ չարիքի համար կը զղջայ». (ՅՈՎԷԼ. Բ 13)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ծնողք ու զաւակ յարաբերութիւնը մարդկութեան ամենէն հին եւ հիմնարար կապերէն մէկն է, որ կը գերազանցէ ժամանակն ու մշակոյթը։ Այդ յարաբերութիւններու հիման վրայ զարգացած է մարդկային կեանքը եւ ձեւաւորուած ընտանեկան միջավայրը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ժպտիլը՝ մարդուն լաւ տրամադրութեան մէջ եւ բարձր տրամադրութեամբ, լաւատես ըլլալու կ՚առթէ։ Եւ յայտնի է որ լաւ տրամադրութիւնը ինչպէս հոգիին՝ կ՚ազդէ նաեւ մարմնաւոր առողջութեան վրայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բ.- Ամուսնութեան որպէս հիմնական նպատակ կը տեսնենք մարդու ընկեր ունենալու հասկացողութիւնը։ Ծննդոցի առաջին էջերուն մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպէս Աստուած Եւան Ադամի տուաւ որպէս կողակից ու ընկեր. ինչպէս Աստուածաշունչը կը վկայէ, Աստուած տեսաւ, որ մարդուն համար լաւ չէ մենակութիւնը եւ անոր համար օգնական կողակից ստեղծեց, ընդգծելով ամուսնութեան մէջ ընկերութեան կարեւորութիւնը. միութիւն՝ որ փոխադարձ աջակցութիւն եւ ընդհանուր նպատակ կը հետապնդէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հպարտութիւն». պատուի զգացում, որ կը յաւակնի եւ կը ձգտի իր ուժերէն եւ դիրքէն վեր։ Այս իմաստով հպարտութիւնը բոլոր մեղքերու սկզբնապատճառն է։ Հպարտութիւնը նաեւ ամէն չարիքի մա՛յրն է՝ «Չար»ը ծնունդ առաւ հպարտութեան վատամիտ ամբարտաւանութեամբ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային կեանքին մէջ իւրաքանչիւր դարաշրջան կ՚ունենայ ու կը ձեւաւորէ յարաբերութիւններու շուրջ իր կանոնները. մարդկային այս կապին ու յարաբերութեան վրայ բնականաբար կ՚ազդեն մշակութային արժէքներու, ինչպէս նաեւ մտածելակերպի փոփոխութիւնները, փոխելով հասարակութեան սպասումներն ու յարաբերութեան շուրջ մարդոց ունեցած գաղափարները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ցուցամոլութիւնը կը ստեղծէ կեղծիքը՝ քանի որ կեղծիքը կը ծածկէ ամէն տկարութիւն եւ թերութիւն. կեղծիքով է, որ մարդ ինքզինք ցոյց կու տայ այն՝ ինչ որ ինք չէ, բայց այդպէս ըլլալ կ՚ուզէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Սիրելի երիտասարդ, եթէ չես գիտեր, թէ ի՞նչ պէտք է պահանջել, ապա մեղաւորութիւն պէտք է փնտռես նախկին ու ներկայ բոլոր իշխանութիւններուն մէջ. ինչո՞ւ համար չեն ստեղծեր ժողով մը՝ պատմաբաններու եւ մտաւորականներու, որոնք ազգի մը ամենէն կարեւոր ներկայացուցիչները ըլլալով գլուխ գլխի տալով որոշեն, թէ ի՛նչ կարելի է ընել.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երբ անոնք թագաւորէն այս բանը լսեցին, գացին. եւ ահա այն աստղը որ արեւելքի մէջ սեսեր էին, անոնց առջեւէն գնաց, կեցաւ մանուկին եղած տեղին վրայ։ Երբ տեսան աստղը, շատ ուրախացան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայաստանի մերօրեայ ղեկավարութիւնը իր որոշումները քիչ մը շուկայական հասարակութեամբ կը կայացնէ. նախքան որոշում մը կամ օրէնք մը հրապարակելը շա՜տ աննշան ակնարկ մը կ՚ընէ անոր շուրջ, ստուգելու եւ տեսնելու ժողովուրդին հակադարձութիւնը, անոր ազդեցութեան լոյսին տակ որոշելու հրապարակել նման յայտարարութիւն, թէ ոչ: