«ՉԱԼՂԸՃԻ» ԿՈՄԻՏԱՍԸ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդուժի պատրաստութեան լոյսին տակ կ՚ուզենք օրինակ վերցնել Կոմիտաս Վարդապետը. մարդուժ՝ որ իր ամբողջ կեանքը նուիրաբերեց ի սէր հայ մշակոյթին, սակայն իր անձնուրաց զոհողութիւններուն դիմաց վաստակեց ատելութիւն եւ գնահատանքի փոխարէն հակառակորդներ ձեռք ձգեց: