ԳՀԽ մերժելի կը նկատէ պետական եւ իրաւապահ մարմիններու ներգրաւմամբ ապօրինի գործողութիւններն ու եկեղեցւոյ ներքին կեանքին միջամտութիւնները:
Աւստրիոյ մէջ յաջորդ ամիս նախատեսուած Եպիսկոպոսաց ժողովին ընդառաջ կարգադիր յանձնախումբ մը ստեղծուեցաւ՝ կազմակերպչական աշխատանքները համակարգելու համար:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեանը։
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը հայ ժողովուրդի քրիստոնէական վկայութեան մշտական յատկանիշը նկատեց նահատակութիւնը:
Քահանայապետը կոչ ուղղեց, որպէսզի Աւետարանը շարունակէ տալ միասնութեան պտուղը: Ան Հռոմի Ս. Պօղոս եկեղեցիէն ողջոյնները յղեց Վեհ. Հայրապետին:
Հակառակ Հայաստանի ներկայ իշխանութեան յայտարարութիւններուն ու հերքումներուն՝ կայ իրականութիւն մը. Հայաստանի բանտերը լեցուն են քաղաքական բանտարկեալներով՝ որոնց թիւը օրէ օր աճ կ՚արձանագրէ։