Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2017

Եւ­րո­պա­յի յա­ռա­ջա­տար եր­կիր­նե­րէն ղե­կա­վար­ներ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն ի­րե­րա­յա­ջորդ պի­տի այ­ցե­լեն Թուր­քիա։ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը այս շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի հիւ­րըն­կա­լէ Անգ­լիոյ Վար­չա­պետ Թե­րե­զա Մէ­յը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2017

Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի շինարարութեան աշխատանքները գրեթէ աւարտած:
Նախարար Արսլանի խօսքերով, բեռնափոխադրումներու լուրջ շարժում մը պիտի սկսի:

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2017

Հայ-ռուսական համագործակցութեան ընթացքը երէկ քննարկուեցաւ վարչապետներու մակարդակին վրայ:
Կարէն Կարապետեան. «Վստահ եղէք՝ Հայաստան յառաջիկային պիտի ըլլայ հայոց համար ամենալաւ երկիրը»:

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2017

Նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ իր վարչակազմը յառաջիկային ինչպէ՞ս կրնան անդրադառնալ հայկական հարցին:
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլս. «Մենք միշտ յստակ նշած ենք, թէ հաշտութեան համար անհրաժեշտ է, որ ըլլայ լիարժէք, արդար եւ անկեղծ ճանաչում այն դէպքերուն համար, որոնք տեղի ունեցած են հարիւր տարի առաջ՝ 1915-ին»:

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2017

Հռո­մի մէջ այս օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Կա­թո­լիկ-Ա­րե­ւե­լեան Ուղ­ղա­փառ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան երկ­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին աս­տուա­ծա­բա­նա­կան միա­ցեալ յանձ­նա­խում­բին հեր­թա­կան նստաշր­ջա­նը։ Ժո­ղով­նե­րը սկսան ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին ու պի­տի շա­րու­նա­կուին մին­չեւ Յու­նուա­րի 28-ը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2017

Աշ­խար­հահռ­չակ լու­սան­կա­րիչ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի ծննդեան 200-ա­մեա­կին առ­թիւ յո­բե­լե­նա­կան զա­նա­զան ձեռ­նարկ­ներ նա­խա­տե­սուած են աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րէն ներս։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ուք­րայ­նոյ Ազ­գա­յին դրա­մա­տու­նը կը պատ­րաս­տուի այս յո­բե­լեա­նին առ­թիւ թո­ղար­կել յու­շա­մե­տայլ մը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2017

ՅԱ­ԿՈԲ ՄԻ­ՔԱ­ՅԷ­ԼԵԱՆ

Սուր­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մէն, յատ­կա­պէս, Հա­լէ­պի ար­հա­ւիր­քէն փախ­չող եւ Հա­յաս­տան ա­պաս­տա­նող­նե­րուն տե­ղա­ցի­նե­րը յա­ճախ հարց տուած են. «Ին­չո՞ւ ե­կաք», շա­րու­նա­կե­լով կրկնուող յան­կեր­գը. «Մենք թող­նում գնում ենք, դուք ին­չո՞ւ էք գա­լիս, էս եր­կի­րը եր­կիր չէ…»:

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2017

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Եւ­րո­պա­յի ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան դրոյ­թը 19-րդ դա­րուն Մարք­սեան ո­րա­կու­մով կո­չուե­ցաւ «դրա­մա­տի­րա­կան հա­սա­րա­կարգ», որ հիմ­նուած է ու­նե­նա­լու, ա­ւե­լի ու­նե­նա­լու, ան­յա­գօ­րէն ու­նե­նա­լու, ան­շուշտ այ­լոց հաշ­ւոյն. բնազ­դա­յին է, որ սա­կայն հե­տա­գա­յին ու­նե­ցաւ ան­շուշտ իր պաշտ­պան փաս­տա­բան­ներն ու տնտե­սա­գէտ­նե­րը՝ ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար ինչ որ կազ­մա­ւո­րո­ւած է իբ­րեւ մարդ­կու­թեան ի­տէալ ի­րա­ւա­կարգ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ինչ­պէս յա­ճախ կը լսենք, թէ՝ մարդ սխա­լա­կա՛ն է, ան­շուշտ այս չի նշա­նա­կեր որ մարդ պա­տաս­խա­նա­տու չէ իր սխալ­նե­րէն կամ գոր­ծած յան­ցանք­նե­րէն, օ­րէն­քի դէմ թե­րա­ցում­նե­րէն եւ մե­ղան­չում­նե­րէն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2017

Թաւ­րի­զի Ս. Սար­գիս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն, ձե­ռամբ Ատր­պա­տա­կա­նի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գրի­գոր  Եպսկ. Չիֆթճ­եա­նի։ Այս մասին Ատր­պա­տա­կանի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րանէն ստացանք հետեւեալ հաղորդագ­րութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2017

Թուր­քիոյ, Ռու­սաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի միջ­նոր­դու­թեամբ՝ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին քա­ղա­քա­կան լու­ծում մը գտնե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ Աս­տա­նա­յի մէջ կազ­մա­կեր­պուած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը հա­սան ի­րենց ա­ւար­տին։ Սու­րիոյ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը եւ ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րը ա­ռա­ջին ան­գամ նման ձե­ւա­չա­փի մը մէջ նստան նոյն սե­ղա­նին շուրջ։

Երեքշաբթի, Յունուար 24, 2017

Կլէյ­տիս Պէ­րէ­ճիք­լեան դար­ձած է Նոր Հա­րա­ւա­յին Ո­ւելս նա­հան­գի 45-րդ վար­չա­պե­տը: Ան, Յու­նուար 23­ին, միա­ձայն ընտ­րուած է Լի­պե­րալ կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րի պաշ­տօ­նին:

Երեքշաբթի, Յունուար 24, 2017

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ նա­խորդ գի­շեր հայ զի­նուոր մը եւս նա­հա­տա­կուե­ցաւ՝ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րուն կող­մէ բա­ցուած կրա­կին հե­տե­ւան­քով։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղու­թեամբ տե­ղա­կա­յուած զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կուն մէջ դի­պու­կա­հա­րի մը կող­մէ բա­ցուած կրա­կին զոհ գնաց Կա­րէն Ու­լու­պա­պեան (1995)։

Երեքշաբթի, Յունուար 24, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի եւ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) ու Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի մի­ջեւ ան­ցեալ շա­բաթ Պեշ­թե­փէի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած տե­սակ­ցու­թեան ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։

Երեքշաբթի, Յունուար 24, 2017

Ս. Ծննդեան եւ Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տա­ղա­ւա­րին առ­թիւ, շաբաթավերջին, Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան։ Նկա­տե­լով որ Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տա­ղա­ւա­րը չէր տօ­նախմ­բուած, Ս. Պա­տա­րա­գի մա­տուց­մամբ թէ՛ կղզիի փոք­րա­թիւ ժո­ղո­վուր­դը եւ թէ ուխ­տա­ւոր­ներ ա­ռի­թն ու­նե­ցան ապ­րե­լու հո­գե­ւոր ու­րա­խու­թեան։

Երեքշաբթի, Յունուար 24, 2017

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ներ­կա­յիս կը շա­րու­նա­կուի թա­փով։ Ա­կում­բի կազ­մա­կեր­պած ձմրան դա­սըն­թացք­նե­րուն կը մաս­նակ­ցի 450 հո­գի։ Ա­նոնց վրայ կու գան ա­ւել­նալ Շիշ­լիի թի­ւով 130 զա­նա­զան ճիւ­ղե­րու մար­զիկ­նե­րը, ո­րոնք մաս կը կազ­մեն վո­լէյ­պո­լի, պաս­քեթ­պո­լի եւ ճատ­րա­կի խում­բե­րուն։

Երեքշաբթի, Յունուար 24, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ա­ռիթ ու­նե­ցած ենք Ֆրան­սա­յի Լիոն քա­ղա­քէն աշ­խար­հահռ­չակ հայ խո­հա­րար՝ Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեա­նի գոր­ծու­նէու­թեան հա­մա­ռօտ կեր­պով անդ­րա­դառ­նա­լու: Ան Հա­յաս­տա­նի մէջ յա­ճա­խա­կիօ­րէն կը մաս­նակ­ցի զա­նա­զան ձեռ­նարկ­նե­րու, ուր վար­պե­տու­թեան դա­սեր կ­­՚ա­ւան­դէ մա­նա­ւանդ գիւ­ղաբ­նակ­նե­րուն հա­մար՝ ստեղ­ծե­լով տե­ղա­կան ու­տե­լի­քի մի­ջո­ցաւ զար­գաց­ման ծրա­գիր­ներ:

Երեքշաբթի, Յունուար 24, 2017

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

85=3.500.000.000:
Հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման եւ դրա­մի մի­ջազ­գա­յին կայ­սե­րա­պաշ­տու­թեան նո­րա­գոյն ու­սո­ղու­թիւնն է (mathematiques) այս հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը:

Երեքշաբթի, Յունուար 24, 2017

ՅԱ­ԿՈԲ ՄԻ­ՔԱ­ՅԷ­ԼԵԱՆ

Դրամի Միջազգային Կայսերապաշտութիւնը եւ Համաշխարհային Ապակայունացումը Վեր­ջերս, հա­մա­ցան­ցի վրայ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման մա­սին գրու­թիւն մը ու­շադ­րու­թիւնս գրա­ւեց. նիւ­թը յղո­ղը լի­բա­նա­նա­հայ ծա­նօթ լեզ­ուա­գէտ բժ. Ար­մե­նակ Եղ­իայ­եանն էր, ո­րուն լեզ­ուա­գի­տա­կան յօդ­ուած­նե­րուն կա­րե­ւո­րու­թեամբ կը հե­տե­ւիմ:

Երեքշաբթի, Յունուար 24, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ ին­ծի խորհր­դա­ծու­թեան նիւթ ը­րած եմ, թէ Բնու­թիւ­նը մեր ան­ձէն դուրս՝ ա­ռար­կա­յա­կան ե­րե­ւոյթ մըն է՞, թէ զայն կ՚ապ­րինք մեր ան­ձին մէջ։ Ա­ւե­լի ճիշդ է հարց­նել. բնու­թիւ­նը մեզ­մէ դուրս ի­րո­ղու­թիւն մըն է՞, թէ մեր մէ­ջը՝ մեր ներ­սը պա­տա­հած, մեզ­մէ ան­բա­ժան, մե­զի հետ նոյ­նա­ցած ե­րե­ւո՛յթ մը։

Էջեր