Արխիւ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Կրօնական ժողովի ատենապետը Եկեղեցականաց համագումարի պատմական որոշման լոյսին տակ բացառիկ ու ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։
«Մէկ կողմէ կ՚ըսէինք, որ մեր պատրիարքը ընտրուած է ցկեանս, իսկ միւս կողմէ կ՚ուզէինք ընտրութեան երթալ։ Պետութեան մօտ կատարուած դիմումներու պարագային ալ ի զօրու էր այս հակասութիւնը»։
«Ե­թէ ար­տօ­նու­թիւն ու­նե­նանք, ա­պա կը ձեռ­նար­կենք ընտ­րու­թեան։ Ե­թէ չ­ու­նե­նանք, ինչ­պէս որ է պա­րա­գան թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րու հա­մար՝ ա­պա մենք կրնանք հա­մո­զիչ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն մը ցոյց տալ՝ մե­զի վի­ճա­կած գոր­ծը լիար­ժէք կա­տա­րած ըլ­լա­լով։ Մի­ջան­կեալ լու­ծում­ներ փնտռե­լու շրջա­նը փակուած է այ­լեւս անշր­ջա­դար­ձե­լիօ­րէն։ Ան­ցեալ Չո­րեք­շաբ­թիէն ի վեր այ­լեւս վեր­ջա­ցած է մեր սի­րե­լի Մես­րոպ Պատ­րիար­քի գա­հա­կա­լու­թեան շրջա­նը։ Միայն մենք յա­նուն պատ­շա­ճու­թեան միշտ պի­տի յի­շենք ու մեր սրտե­րուն մէջ պի­տի կրենք զին­քը։ Պատ­րիար­քը ար­դէն հանգս­տեան կո­չուած էր ու մենք հաս­տա­տե­ցինք այդ հան­գա­ման­քը։ Այ­սօր այ­լեւս Ա­րամ Սրբա­զանն ալ կը գի­տակ­ցի, որ թէեւ ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դի տիտ­ղո­սով կը շա­րու­նա­կէ, սա­կայն կը կրէ տե­ղա­պա­հի մը պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց գլխա­ւորն է ընտ­րու­թեան եր­թա­լը»

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, երկ­րի եր­րորդ մե­ծա­գոյն քա­ղա­քին՝ Վա­նա­ձո­րի մէջ հաս­տա­տուե­ցաւ ֆութ­պո­լի ա­կա­դե­միա մը։ Այս նոր մար­զա­կան հա­մա­լի­րին պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ շա­բա­թա­վեր­ջին՝ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016

Թուր­քիա-Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման հե­տա­մուտ Ա­մե­րի­կա­յի թրքա­կան հա­մա­խո­հու­թեան (TCA) հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ Իս­թան­պու­լի ՃՀՓ­-ա­կան ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան վեր­ջերս այ­ցե­լեց ԱՄՆ։ Սե­լի­նա Տո­ղա­նին ա­ռըն­թեր այս ու­ղե­ւո­րու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ Թուր­քիա­յէն խումբ մը ի­գա­կան սե­ռէ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան վա­ղը պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ դէ­պի Էն­տո­նե­զիա։ Ճա­քար­թա­յի մէջ նա­խա­տե­սուած են իր հան­դի­պում­նե­րը Էն­տո­նե­զիոյ օ­րէնս­դիր եւ գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016

15 Յու­լի­սի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձէն վերջ հռչա­կուած ար­տա­կարգ դրու­թեան հի­ման վրայ՝ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին հրա­պա­րա­կեց եր­կու օ­րէն­քի հա­մա­զօր հրա­մա­նագ­րեր։ Այս­պէ­սով հա­մալ­սա­րան­նե­րէն ներս վե­րա­տե­սուչ­նե­րու ընտ­րու­թեան դրու­թիւ­նը վերջ գտաւ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016

Տիար­պա­քը­րի Հան­րա­պե­տա­կան ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թեան կող­մէ Հոկ­տեմ­բե­րի 25-ին վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ առ­նուե­լէ վերջ, ե­րէկ, ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ հար­ցաքն­նու­թեան շրջագ­ծով ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ նախ­կին քա­ղա­քա­պետ Կիւլ­թան Քը­շա­նաք, որ Տիար­պա­քը­րի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պետն էր։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016

Իս­թան­պու­լի Հան­րա­պե­տա­կան ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թեան կող­մէ ձեռ­նար­կուած հար­ցաքն­նու­թեան շրջա-գը­ծով այս ա­ռա­ւօտ հսկո­ղու­թեան տակ առ­նուե­ցան «Ճում­հու­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թի կարգ մը վա­րիչ­ներն ու գրող­նե­րը՝ թի­ւով ինն հո­գի։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան նախ­կին բազ­մա­մեայ ու բազ­մա­վաս­տակ վի­ճա­կա­ւոր Տ. Յով­հան­նէս Արք. Չո­լա­քեան շա­բա­թա­վեր­ջին ո­գե­կո­չուե­ցաւ իր մա­հուան քա­ռաս­նից լրման առ­թիւ։ Ե­րէկ ա­ռա­ւօտ Թաք­սի­մի Ս. Յով­հան Ոս­կե­բե­րան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­լոյս գե­րա­պայ­ծա­ռին հա­մար։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ շա­բա­թա­վեր­ջին իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է Տքթ. Պետ­րոս Թիւ­րա­պիք։ Մեր բժշկա­կան դա­սու յայտ­նի դէմ­քե­րէն մին ե­ղած է ան՝ որ­պէս ջղա­յին հի­ւան­դու­թեանց մաս­նա­գէտ։ Եր­կար տա­րի­ներ աշ­խա­տած է նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ, ստանձ­նե­լով նաեւ վար­չա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­ներ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016

ԳԷՈՐԳ ՊԵ­ՏԻ­ԿԵԱՆ

Այ­սօր Վա­նան մե­զի հետ պի­տի ըլ­լայ: Մեծ «խապ­րիկ»: Թոռ­նի­կի հետ ըլ­լալ` իս­կա­պէս որ հո­գե­կան տար­բեր վայ­լելք է: Հար­ցու­ցէ՛ք: Եր­կար ա­տե­նէ ի վեր զինք չէի տե­սած:Մեր մօտ չէր:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այ­սօր պի­տի կա­յա­նայ Լի­բա­նա­նի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւ­նը, ո­րուն ի­րենց թեկ­նա­ծու­թիւ­նը դրած են ե­րես­փո­խան­ներ՝ զօ­րա­վար Մի­շէլ Աուն եւ Սլէյ­ման Ֆրան­ժի­է: Վեր­ջին օ­րե­րուն ե­ղած խմո­րում­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս երկ­րի սիւ­ննի հա­մայն­քի ա­ռաջ­նորդ եւ նախ­կին վար­չա­պետ Սաատ Հա­րի­րիի Աու­նի թեկ­նա­ծու­թիւ­նը որ­դեգ­րե­լէն ետք՝ բա­նա­կի նախ­կին հրա­մա­տա­նա­տա­րին նա­խա­գահ դառ­նա­լու յոյ­սե­րը կը դառ­նան գե­րակ­շիռ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ե­կե­ղե­ցի» ը­սե­լով կը հասկ­ցուի ընդ­հան­րա­պէս այն տե­ղը՝ ուր հա­ւա­տա­ցեալ­ներ կը հա­ւա­քուին եւ կ՚ա­ղօ­թեն։ Այս պատ­ճա­ռով է, որ «ե­կե­ղե­ցի»ն կը կո­չուի նաեւ «ա­ղօթ­քի տուն» կամ «ա­ղօ­թա­վայր»։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Եր­կու տա­րի եւ ութ ա­միս տե­ւած «խա­չե­լու­թիւն»էն ետք, յա­ռա­ջի­կայ Եր­կու­շաբ­թի օր, Լի­բա­նան պի­տի ու­նե­նայ նոր նա­խա­գահ մը: Ինչ­պէս յայտ­նի է եւ վեր­ջին տասն օ­րե­րուն ըն­թաց­քին ե­ղած «հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու»ն ար­դիւն­քով լի­բա­նա­նեան բա­նա­կի նախ­կին հրա­մա­նա­տար զօրա­վար Մի­շէլ Աուն պի­տի ընտ­րուի երկ­րի 12-րդ նա­խա­գա­հը:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Ոս­կե­րիչ­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին հա­մա­դաշ­նակ­ցու­թեան՝ CIBJO-ի հա­մա­ժո­ղո­վը։ «Մե­րի­տիան» ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու կեդ­րո­նէն ներս այս առ­թիւ հա­մախմ­բուե­ցան աշ­խար­հի քսա­նհինգ եր­կիր­նե­րէն Ե­րե­ւան մեկ­նած ոս­կեր­չու­թեան եւ թան­կար­ժէք մե­տաղ­նե­րու մշակ­ման ո­լորտ­նե­րէն ա­ւե­լի քան ութ­սուն պա­տուի­րա­կու­թիւն­ներ։ CIBJO-ի նա­խա­գահ Կա­յե­թա­նօ Քա­ւա­լիէ­րին ալ մաս­նակ­ցե­ցաւ տա­րե­կան հա­մա­գու­մա­րին, ո­րու ըն­թաց­քին ե­րախ­տա­գի­տու­թեան մե­տայ­լով պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ, Մա­տե­նա­դա­րա­նի եր­դի­քին տակ ե­րէկ սկսաւ «Նա­րե­կա­ցիա­կան ըն­թեր­ցում­ներ» խո­րագ­րեալ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղով­նե­րուն երկ­րոր­դը։ Մա­տե­նա­դա­րա­նի նո­րոգ հան­գու­ցեալ տնօ­րէն Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նին սկսած ծրագ­րի մը շար­քին մէջ են այս հա­մա­ժո­ղով­նե­րը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Բա­րի գա­լուստ Հա­յաս­տան 2016» խո­րագ­րեալ զբօ­սաշր­ջու­թեան ֆո­րում մը։ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան Հա­յաս­տա­նի զբօ­սաշր­ջու­թեան բնա­գա­ւա­ռի ներ­կան եւ հե­ռանկա­րա­յին գոր­ծե­րը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ սու­րիա­հայ հա­մայն­քի եւ հայ­կա­կան շարք մը կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Տե­սակ­ցու­թեան ներ­կայ էին նաեւ սու­րիա­հա­յոց խնդիր­նե­րու լուծ­ման հե­տա­մուտ բա­րե­րար­ներ եւ պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօ­նեա­ներ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016

«Հայաստանի Հանրապետութիւն» եւ The New York Times թերթերուն մէջ ուշագրաւ բաց նամակ մը:
Աշխարհի անուանի խումբ մը հայեր ՀԲԸՄ-ի 100-ամեակի շարժառիթով կոչ կ՚ուղղեն համարձակ նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ, ստեղծել համախմբման աննախադէպ ոգի եւ Հայաստանը համապատասխանեցնել համաշխարհային չափանիշներու:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան Մինս­քի մէջ ա­ռանձ­նազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի հետ։ Հարկ է նշել, որ եր­կու վար­չա­պետ­նե­րը այն­տեղ մաս­նակ­ցե­ցան Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու վար­չա­պետ­նե­րու հա­ւա­քին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016

Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը այ­սօր կը դառ­նայ 93 տա­րե­կան։ Ա­մէն տա­րուան նման այս տա­րի եւս մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ կը նշուի Հոկ­տեմ­բե­րի 29-ի Հան­րա­պե­տու­թեան տօ­նը։ Մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի եւ բո­վան­դակ Թուր­քիոյ քա­ղաք­նե­րուն մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նան փայ­լուն տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ։

Էջեր