Արխիւ

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, ե­րէկ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ քա­հա­նա­յա­կան ձեռ­նադ­րու­թիւն։ Մայր Տա­ճա­րի մէջ հան­դի­սա­ւոր Ս. Պա­տա­րագ մա­տոյց Սուրբ Էջ­միած­նի Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն Տ. Վար­դան Եպսկ. Նա­ւա­սար­դեան, ո­րու ձե­ռամբ քա­հա­նա­յա­կան ձեռ­նադ­րու­թիւն եւ օ­ծում ստա­ցան եօթ սար­կա­ւագ­ներ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2015

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

-Ո՞ւր ես, հինգ ժա­մէ ի վեր քե­զի կը սպա­սեմ,- ը­սի այս ան­գամ քիչ մը ա­ւե­լի պա­հանջ­կոտ ձայ­նով: Կը զգա­յի, որ ըն­կա­լու­չին մէ­ջէն ձայնս սկսած էր դողդ­ղա­լու:

-Թ­րա­ֆի­քի՝ խճո­ղու­մի մէջ եմ, համ­բե­րէ՛, կու գամ կոր,- պա­տաս­խա­նեց եղ­բայրս:

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2015

Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան սե­նե­կա­յին ե­րաժշ­տա­կան թատ­րո­նը վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ բա­ցօ­թեայ ներ­կա­յա­ցու­մով մը հան­դէս ե­կաւ՝ մա­նուկ­նե­րու ա­ռօ­րեան հե­տաքրքրա­կան դարձ­նե­լու նպա­տա­կով։ Մայ­րա­քա­ղա­քի Խան­ճեան փո­ղո­ցին վրայ գտնուող զբօ­սայ­գիի տա­րած­քէն ներս թատ­րո­նի դե­րա­սան­նե­րը մա­նուկ­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցին «Ե­րեք խո­զուկ­նե­րու նոր ար­կած­նե­րը» ա­նուն խա­ղը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ինք­նա­խա­բէու­թիւ­նը չար ո­գիի բնա­ւո­րու­թի՛ւնն է։ Սաղ­մո­սեր­գուն կ՚ը­սէ, թէ երբ մարդ իր ան­ձին ա­ղէ­կու­թիւն կ՚ը­նէ, կը զո­հուի թէ­պէ­տեւ, իր կեն­դա­նու­թեան զինք եր­ջա­նիկ կը կար­ծէ։ Ուս­տի պէ՛տք է ի­րա­պաշտ ըլ­լալ եւ ինք­զինք չխա­բել՝ իր չու­նե­ցած ո­րե­ւէ բա­րիք ու­նե­նալ կար­ծե­լով։

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2015

Kepler աստ­ղա­դի­տա­կի մի­ջո­ցով ՆԱ­ՍԱ-ի գիտ­նա­կան­նե­րը յայտ­նա­բե­րած են Երկ­րին նման մո­լո­րակ մը:

ՆԱ­ՍԱ-ի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջը կը փո­խանց­մէ, որ մեր մո­լո­րա­կէն 1.6 ան­գամ մեծ մո­լո­րա­կը կը պտը­տի Ա­րե­ւու նման աստ­ղի մը շուրջ՝ կեան­քի զար­գաց­ման հա­մար բա­րեն­պաստ հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ: Հե­տե­ւա­բար գիտ­նա­կան­նե­րը կ՚ակն­կա­լեն, որ նո­րա­յայտ մո­լո­րա­կին վրայ պայ­ման­նե­րը բա­րեն­պաստ պի­տի ըլ­լան  կեան­քի հա­մար:

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2015

2018 թուա­կա­նին Ռու­սաս­տա­նի մէջ կա­յա­նա­լիք Ֆութ­պո­լի հա­մաշ­խար­հա­յին ա­խո­յե­նու­թեան ո­րա­կա­ւոր­ման փու­լին հա­մար շա­բա­թա­վեր­ջին վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն տե­ղի ու­նե­ցաւ Սէն Փե­թերս­պուր­կի մէջ։ Աշ­խար­հի ա­ռաջ­նու­թեան ո­րա­կա­ւոր­ման փու­լի Եւ­րո­պա­յի գօ­տիի վի­ճա­կա­հա­նու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան ՖԻ­ՖԱ-ի եւ Ո­ՒԷ­ՖԱ-ի նա­խա­գահ­նե­րը, եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ ֆութ­պո­լի աշ­խար­հէն բա­զում վառ դէմ­քեր։

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2015

Թուրքիա-Հայաստան շարժանկարի հարթակը շարունակեց իր աշխատանքը «Ոսկէ ծիրան»ի շրջագծով:
Օսման Քավալա պարգեւատրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-կաճառի տնօրէն Հայկ Տեմոյեանի կողմէ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2015

Հայ Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ կա­թո­ղի­կոս-պատ­րիարք ընտ­րուե­ցաւ Տ. Գրի­գոր Եպսկ. Կապ­րո­յեան՝ վե­րա­նուա­նուե­լով Տ. Գրի­գոր-Պետ­րոս Ի.։ Պէյ­րու­թի մէջ, Զմմա­ռի վան­քէն ներս շա­բա­թա­վեր­ջին Հայ Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ սրբա­զան սի­նո­դին կող­մէ ընտ­րուե­ցաւ նո­րոգ հան­գու­ցեալ Ներ­սէս-Պետ­րոս ԺԹ. Կա­թո­ղի­կոս-պատ­րիար­քին յա­ջոր­դը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2015

Թուրք զինեալ ուժերը շաբաթավերջին շարունակեցին ԻՇԻՊ-ի եւ ՓՔՔ-ի դէմ լայնածաւալ գործողութիւնները​:
Անգարա ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր խորհուրդը արտահերթ ժողովի հրաւիրեց՝ հակաահաբեկչական միջոցառումներուն շուրջ տեղեկութիւններ փոխանցելու նպատակով: Վարչապետ Տավուտօղլու հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանիի հետ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2015

Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տոց. Թո­րոս Ալ­ճա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ ան­ցեալ Ուր­բաթ տե­ղի ու­նե­ցաւ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու աշ­խար­հա­կան ղե­կա­վար­նե­րու խորհր­դակ­ցու­թիւ­նը։ Պուլ­կար հա­մայն­քի Շիշ­լիի Էկ­զար­քու­թեան եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին Ս. Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու, Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի ա­տե­նադ­պիր Յա­րու­թիւն Շան­լը, Ս. Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պեռ­նար Սա­րը­պայ եւ Կէ­տիկ­փա­շա­յի Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մա­տա­կա­րար մարմ­նի ա­տե­նա­պետ Գրի­գոր Ա­ղա­պա­լօղ­լու։

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2015

​Երեւանի մէջ տեղադրուելու համար առաջարկուած աւելի քան յիսուն ինքնուրոյն ստեղծագործութեան հաւաքական ներկայացումը:
Ցուցահանդէսի ընթացքին գեղարուեստասէրներու դատին յանձնուած գործերը յառաջիկայ շրջանին կրնան զարդարել մայրաքաղաքի փողոցները՝ քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ:

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2015

Տըպ­պա­յէի, Պէյրութ, «Լա Մա­րի­նա­»ին մէջ Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նը կազ­մա­կեր­պեց իր տա­րե­կան վկա­յա­բաշխ­ման հան­դի­սա­ւոր տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը, որ կը զու­գա­դի­պէր հա­մալ­սա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թեան 60-ա­մեա­կին, ո­րուն ըն­թաց­քին 227 ու­սա­նող­ներ յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տե­ցին ի­րենց բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը՝ դառ­նա­լով հայ­կա­կան սփիւռ­քի միակ բարձ­րա­գոյն հաս­տա­տու­թեան 55-րդ հունձ­քի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը:

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2015

ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան եւ ՃՀՓ­-ի պա­տուի­րա­կու­թիւննե­րուն մի­ջեւ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ջին բա­նակ­ցու­թիւ­նը Ան­գա­րա­յի մէջ։

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2015

​Էրիք Ռապին Ուաշինկթընի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ BROOKINGS հաստատութենէն ներս:
«Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ կողմերը պէտք է վերահաստատեն իրենց պատրաստակամութիւնը կարգաւորման ուղղութեամբ», համոզուած է ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը:

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2015

​Հայաստանի ուժանիւթի համակարգի երկարաժամկէտ զարգացման ուղիներուն առընչութեամբ որոնումներ:
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան բացատրութիւններ տուաւ նախատեսուած միջոցառումներուն շուրջ:

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2015

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լի­բա­նա­նեան ա­րա­բա­տառ մէ­կէ ա­ւե­լի պար­բե­րա­կան­ներ վերջին օ­րե­րուն լի­բա­նա­նեան ծո­վե­զե­րեայ Ժի­պէյլ (պատ­մա­կա­նօ­րէն՝ Պիպ­լոս) շրջա­նին մէջ գտնուող «Թռչնոց բոյն» ա­նու­նով յայտ­նի որ­բա­նո­ցին մա­սին նիւ­թեր հրա­պա­րա­կե­ցին: Թեր­թե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը տար­բեր շա­րադ­րանք­ներ ներ­կա­յաց­նե­լով կը խօ­սէր որ­բա­նո­ցի տա­րած­քին մօտ գտնուող փոքր գե­րեզ­մա­նա­տան մը մա­սին, ո­րուն մէջ ե­ղող երեսուներեք հան­գու­ցեալ­նե­րու ա­ճիւն­նե­րը, ըստ կա­տա­րուած հա­մա­ձայ­նու­թեան մը, պի­տի հա­նուէին ու վե­րա­թա­ղուէին նո­րա­կա­ռոյց թան­գա­րա­նին մօտ:

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2015

​Նախագահ Էրտողան. «Շատ տարբեր պայքարի մը ձեռնարկած կը գտնուինք»:
Բանակը սպաննեց ԻՇԻՊ-ի այն հինգ ահաբեկիչները, որոնք նախընթաց օր նահատակած էին ենթասպայ մը: Ռազմաօդային ուժերը գիշերը ռմբակոծեցին նաեւ ՓՔՔ-ի Հիւսիսային Իրաքի հինգ ճամբարները: Ըստ Տավուտօղլուի, Թուրքիա պարտաւոր է ամրապնդելու իր իսկ անվտանգութիւնը

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կ՚ար­տօ­նէ՞ք սի­րե­լի բա­րե­կամ­ներ, որ ան­գամ մը եւս խորհր­դա­ծենք բամ­բա­սան­քի մա­սին։ Գի­տեմ, յա­ճախ խորհր­դակ­ցե­ցանք բամ­բա­սան­քի մա­սին, բայց ի՛նչ ը­նենք, որ ա­մէն օր մե­զի հետ է ան՝ որ­քան որ հե­ռու մնալ կը ջա­նանք ան­կէ, կար­ծես յա­մա­ռօ­րէն կը հե­տապն­դէ մեզ, վա­րա­կիչ, փո­խան­ցիկ հա­մա­ճա­րակ հի­ւան­դու­թեան մը պէս կը տա­րա­ծուի մեր շուր­ջը, ա­ւե­րիչ ազ­դե­ցու­թեա­նը տակ առ­նե­լով ամ­բողջ մեր կեան­քը։

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2015

Պէ­յօղ­լուի Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ տեղի ու­նե­ցաւ նո­րոգ հան­գու­ցեալ Լե­ւոն Կի­սա­սար­կա­ւագ Քի­րէ­միտ­ճեա­նի յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Թուր­քիա նուրբ հա­ւա­սա­րաշ­ռու­թիւն­ներ հա­շուի կ՚առ­նէ իր տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ։ Քա­նի մը տա­րիէ ի վեր երկ­րի սահ­ման­նե­րուն վրայ ստեղ­ծուած է ծայր աս­տի­ճան մտա­հո­գիչ ի­րադ­րու­թիւն մը։

Էջեր