Արխիւ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց «Մարդու իրաւունքներու վիճակը 2014» խորագրեալ իր տարեկան զեկոյցը, ուր երկիր առ երկիր առանձին զեկոյցներով ներկայացուած են մարդկային իրաւունքներու առկայ իրավիճակը։
Պալըքլըի յունական հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Տիմիթրի Քարաեանի կնքեց իր մահկանացուն՝ 90-ամեայ հասակին։ Համայնքէ ներս խնդրայարոյց դէմք մըն էր Քարաեանի, որ 24 տարիէ ի վեր ընտրութիւն չէր կազմակերպեր 1991-էն ի վեր ղեկավարած այդ կառոյցէն ներս։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան զօրակցութեան իրերայաջորդ ծրագրերը:
«Սուրիահայ մշկաոյթի շունչը Երեւանի մէջ» խորագրեալ ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակուած:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախարարները հեռաձայնային տեսակցութեան ընթացքին շօշափեցին Սուրիոյ հիւսիսի վերջին իրադարձութիւնները։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Սպիտակ Ռուսիոյ մայրաքաղաքը՝ Մինսք։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Եդուարդ Նալպանտեան մասնակցութիւն կը բերէ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ շինիչ պատգամներ:
«Ցուցարարներն ու իրաւապահները կարողացան ձեւաւորել փոխադարձ վստահութիւն»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան նշանակուեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ թեմակալ առաջնորդ, ազատուելով Արթիկի թեմակալ առաջնորդի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէնի պաշտօններէն։
Հռչակաւոր դաշնակահար Տիգրան Համասեան, որ Երեւանի Պետական սենեկային երգչախումբին հետ ձեռնարկած է «Լոյս ի լուսոյ» կոչուած համերգաշարի մը, Անիի աւերակներուն եւ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ համերգներէն վերջ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ կամարներուն ներքոյ։
Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Թարմունիի վախճանման կապակցութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ցաւակցագիր մը յղեց Հռոմի Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Նօթեր՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Փարիզի ելոյթէն վերջ - Ե
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը սկսած է խօսիլ երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան մասին եւ յղումներ ընել Լոզանի դաշնագրին:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Նորութիւն մը չէ, որ կը բացայայտեմ: Հաւանաբար այս տողերը շատերուն տափակ «հնութիւններ» թուին կամ ըլլան: Բայց անպայման կ՚ուզեմ ըսել, թէ կ՚ապրինք 21-րդ դար, որ տակաւին իր քառորդին չհասած՝ արդէն մեզի ազգովին սկսած է կրկին անգամ համտեսել տալ եւ կամ ճանչցնել՝ տառապանքն ու սարսափը, ահն ու մահը, աւերակն ու ջարդը եւ նոյնիսկ՝ պատերազմն ու կոտորածը:
Տեսակցութիւն՝ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու կաճառ-մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի հետ:
«Ժողովուրդը կու գայ ճանչնալու իր ինքնութիւնը, անցեալը հասկնալու։ Պէտք է տեսնել այցելուներուն զարմանքը, ուրախութիւնն ու հիացումը։ Մենք գրկաբաց կ՚ընդունինք բոլորը»:
Հինգ տարիէ ի վեր «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամը կը կազմակերպէ գիտելիքներու մրցոյթ՝ «Թէքէեանական ողիմպիական», որուն կը մասնակցին Հայաստանի եւ Արցախի Վահան Թէքէեանի անուան դպրոցներու աշակերտները։ Տարուէ տարի ձեռնարկը աւելի մեծ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ ու կ՚ընդլայնէ իր ծաւալները։
Երթուղի՝ Հայտարփաշայէն դէպի Այաշ եւ աւելի հեռուները…
Հայ եւ թուրք համալսարանականներ աքսորավայրերու մէջ պիտի որոնեն հայոց հետքերը:
Բաղրամեան պողոտային վրայ կը շարունակուի հասարակութեան ցոյցը:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ժողովրդականութիւն չվայելող քայլ որակեց կատարուած ձեռնարկները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Միեւնոյն յունարէն բառը կը նշանակէ թէ՛ «ուխտ» եւ թէ «կտակ»։ Այն նոր ու վերջնական ուխտը՝ զոր Աստուած ըրաւ մարդոց հետ, կտակի մը յատկութիւնը ստացաւ, կտակարարին մահուամբը, եւ այսպէս այն քսան եւ եօթ գրութիւնները՝ որոնք անոր նուիրական վաւերագիրները կը համարուին, «Նոր Կտակարան» անունը ստացան։
Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտները, որոնք նախընթաց օր ստացած էին իրենց վկայականները, երէկ իրիկուն խրախճանքով մը նշեցին իրենց ուսումնական կեանքի յաջող աւարտը։
Էսաեան վարժարանի երբեմնի տնօրէնուհի Հերմինէ Գալուստեան, որ ուսուցչական պաշտօն վարած է նաեւ Կալաթասարայի վարժարանին մէջ, երէկ ոգեկոչուեցաւ իր խումբ մը սաներու այցելութեամբ։
Վագըֆներու ընդհանուր խորհուրդին մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Տոց. Տքթ. Թորոս Ալճանի ատենապետութեամբ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փոքրամասնութեանց համայնքներէ ներկայացուցիչներու երկրորդ ժողովը։
Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւն:
Տ. Զատիկ Վարդապետ Պապիկեան պաշտօնապէս կը ձեռնարկէ քարոզչական աշխատանքի: