Արխիւ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2015

Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Յով­հան­նէս Կո­պո­յեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը նա­խըն­թաց օր այ­ցե­լե­ցին Պատ­րիար­քա­րան, մաս­նակ­ցու­թեամբ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեա­նի։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2015

2015-2016 կրթա­կան շրջա­նի ա­ռա­ջին մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը յա­ռա­ջի­կայ Հոկ­տեմ­բե­րի 4-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Սա­մա­թիոյ մէջ։ Ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, ե­ղա­նա­կի ա­ռա­ջին սի­րոյ սե­ղա­նը պի­տի կազ­մա­կեր­պուի ի նպաստ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ա­նոր յա­րա­կից գոր­ծող Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նին։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Ս. Գէոր­գի տօ­նը այս տա­րի կը զու­գա­դի­պի իս­լա­մա­կան աշ­խար­հի տօ­նա­կան ար­ձա­կուր­դի օ­րե­րուն, Սա­մա­թիոյ մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը շա­բաթ մը ու­շա­ցու­մով պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուի։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2015

Գեր­մա­նաբ­նակ քա­ղա­քա­գէտ, մի­ջազ­գայ­նա­գէտ, ԱՊՀ-ա­կան եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ծրագ­րե­րու տնօ­րէն Ա­լեք­սանտր Ռառ յայ­տա­րա­րեց, որ Եւ­րո­միու­թիւ­նը պատ­րանք կը ստեղ­ծէ, որ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թիւ­նը ձա­խո­ղած չէ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2015

Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ պի­տի ստո­րագ­րուի հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան միաս­նա­կան հա­մա­կար­գի մը ստեղծ­ման ուղ­ղեալ հա­մա­ձայ­նա­գիր մը։ «Ին­թէր­ֆաքս» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րուն վրայ «Ար­մէնփ­րէս» տե­ղե­կա­ցուց, թէ Ռու­սաս­տան կ՚աշ­խա­տի Հա­յաս­տա­նի, Խրղը­զիս­տա­նի, Տա­ճի­կիս­տա­նի եւ Ղա­զա­խիս­տա­նի հետ հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան միաս­նա­կան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­մա­կարգ մը ստեղ­ծե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2015

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Անգլիա:
Եդուարդ Նալպանտեան Chatham House-ի երդիքին տակ ելոյթ մը կ՚ունենայ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն շուրջ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2015

Տաղլըճայի դէպքին յաջորդած Իգդիրի յարձակման զոհ գացած 13 նահատակ ոստիկաններուն համար համատարած սուգ։
Պետական աւագանին եւ քաղաքական շրջանակները կը զգուշացնեն, որպէսզի չապրուին խափանարարութիւններ: Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ տամուկ աչքերով ելոյթ ունեցաւ Վանի մէջ կազմակերպուած յուղարկաւորութեան ընթացքին։
Թուրք զինեալ ուժերը Հիւսիսային Իրաքի զանազան շրջաններուն մէջ կը շարունակեն աննախընթացօրէն ծանր հարուածներ հասցնել ՓՔՔ-ի ահաբեկիչներուն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ծե­րուկ մե­տաք­սա­վա­ճառ մը ար­ժէ­քա­ւոր ապ­րանք­նե­րով կը ճամ­բոր­դէր։ Նպա­տակն էր վա­ճա­ռել իր մե­տաքս­նե­րը։ Ճամ­բոր­դու­թեան ըն­թաց­քին մու­թը վրայ հա­սաւ, ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն։ Ճամ­բուն վրայ ո՛չ գիւղ, ո՛չ պան­դոկ կար։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Փա­րիզ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ան կը մաս­նակ­ցի Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ազ­գա­յին եւ կրօ­նա­կան փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն դէմ բռնու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման ձօ­նուած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղո­վին, ո­րուն հրա­ւի­րուած են շուրջ վեց տաս­նեակ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­ներ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2015

«Եւ­րօ-2016»ի ո­րա­կա­ւոր­ման փու­լի հան­դի­պում­նե­րուն շրջագ­ծով ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը հիւ­րըն­կա­լեց Սեր­պիան։ Ե­րե­ւա­նի «Վազ­գէն Սարգ­սեան» հան­րա­պե­տա­կան մար­զա­դաշ­տին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հան­դի­պու­մը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2015

Հայաստան-Ռուսաստան ռազմավարական գործընկերութեան օրակարգի խնդիրները խոշորացոյցի տակ:
Սերժ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Փութին տեսակցեցան՝ քննարկելով երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2015

Տաղլըճայի մէջ ապրուած դէպքէն վերջ Թուրքիա աննախընթաց դիմադրութիւն մը ցոյց կու տայ ահաբեկչութեան դէմ՝ ամուր միասնականութեամբ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ երէկ երեկոյեան Պէշթէփէի մէջ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան գագաթաժողով մը:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թուր­քիա կ՚ապ­րի ծանր շրջան մը։ Շա­բաթ­նե­րէ ի վեր ա­մէն օր ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւն կ՚ապ­րուի երկ­րին մէջ։ Զի­նուոր­ներ, ոս­տի­կան­ներ թի­րախ կը դառ­նան ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րու։ Հան­րա­յին կար­ծի­քը խոր մտա­հո­գու­թեամբ ու ցա­սու­մով կը հե­տե­ւի այս տմար­դի զար­գա­ցում­նե­րուն։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սրբու­հի Ժան տ՚Արք կ՚ը­սէ. «Ե­թէ Աս­տու­ծոյ շնորհ­քին մէջ չեմ, թող Աս­տուած հա­ճի հոն դնել զիս, իսկ ե­թէ հոն եմ, թո՛ղ Աս­տուած հա­ճի պա­հել զիս հոն»։­

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2015

ՆԱ­ԶԱ­ՐԷԹ ՊԷՐ­ՊԷ­ՐԵԱՆ

1576 տա­րի ա­ռաջ, ­Սեպ­տեմ­բեր 7-ին, ծե­րու­նա­զարդ 91 տա­րե­կա­նին, վախ­ճա­նե­ցաւ հա­յոց վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը՝ ­Սուրբ ­Սա­հակ Պար­թեւ (348-439)։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2015

Իս­րա­յէ­լի Ֆիլ­հար­մո­նիք նուա­գա­խում­բը վեր­ջերս հա­մեր­գով մը հան­դէս ե­կաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Օ­փե­րա­յի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած այս ձեռ­նար­կը ար­ժա­նա­ցաւ հայ ե­րաժշտա­սէր­նե­րու ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2015

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Տե­ղե­կա­տուու­թեան հա­մա­կար­գի տնօ­րէ­նի ժա­մա­նա­կա­ւոր պաշ­տօ­նա­կա­տար Տ. Զա­քա­րիա Վար­դա­պետ Բա­ղու­մեան ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ին ներ­կա­յա­ցու­ցած էր Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան խոր­հուր­դի, պատ­մու­թեան եւ նա­խա­պատ­րաս­տու­թեան մա­սին ման­րա­մաս­ներ: Այս ան­գամ ան սի­րով կը ներ­կա­յաց­նէ բուն Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, որ այս տա­րի, ինչ­պէս ծա­նօթ է, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Սեպ­տեմ­բե­րի 27-ին:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2015

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի ե­րէց սե­րուն­դի սի­րուած ու յար­գուած դէմ­քե­րէն Տքթ. Սար­գիս Թաթ­լըէր վեր­ջերս հրա­տա­րա­կած է «Յու­շեր ման­կու­թեան եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան» խո­րագ­րեալ գրքոյկ մը։ Հե­ղի­նա­կը ազ­նուու­թիւ­նը ու­նե­ցած է նաեւ խմբագ­րու­թեանս հա­մար մա­կագ­րել այդ գրքոյ­կէն օ­րի­նակ մը, որ կ՚ընդգր­կէ նաեւ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ձե­ւա­չա­փով քա­նի մը է­ջեր։  

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2015

Ցա­ւով տե­ղե­կա­ցանք, թէ ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քե­րուն հե­տե­ւան­քով վեր­ջին օ­րե­րուն վնաս կրած է Տիար­պա­քը­րի Ս. Կի­րա­կոս ե­կե­ղե­ցին, ինչ որ ար­ձա­գանգ կը գտնէ նաեւ թրքա­կան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ։ Տիար­պա­քը­րի կեդ­րո­նի Սուր գա­ւա­ռա­կին մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն կ՚ապ­րուին լուրջ խռո­վու­թիւն­ներ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015

Քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ Մուս­թա­ֆա Սա­րը­կիւ­լի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ պոլ­սա­հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն ան­դամ­նե­րը ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան «Փե­լիթ» ծա­ղա­րա­նի սե­փա­կա­նա­տէր Սե­լա­հատ­տին Ա­յա­նի կող­մէ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015

Պոլիսէն եւ Ատըեամանէն 19 երախաներ երէկ մկրտուեցան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոններուն ու ծէսին համաձայն:
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հաւաքական մկրտութեան հանդիսապետեց Տ. Թաթուլ Ծայրագոյն Վարդապետ Անուշեան:

Էջեր