Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015

Գալ­փաք­ճեան ըն­տա­նի­քը շա­բա­թա­վեր­ջին ապ­րե­ցաւ մեծ եր­ջան­կու­թիւն։ Այս­պէս, Թաք­սի­մի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ս. Մկրտու­թեան խորհր­դա­կա­տա­րու­թիւ­նը՝ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ըն­տա­նի­քի ե­րէց­նե­րէն, թեր­թիս սիւ­նա­կա­գիր Տ. Մաշ­տոց Քհնյ. Գալ­փաք­ճեա­նի սի­րա­սուն թոռ­նի­կին՝ Ա­րա-Ժո­զէֆ Գալ­փաք­ճեա­նի։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015

ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Սեր­պիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ի­վի­ցա Տա­չիչ այ­սօր Ե­րե­ւան կը ժա­մա­նէ՝ դէ­պի Հա­րա­ւա­յին Կով­կաս ձեռ­նար­կած ու­ղե­ւո­րու­թեան շրջագծով։ Հա­յաս­տան հաս­նե­լէ ա­ռաջ ան այ­ցե­լեց Ատր­պէյ­ճան եւ Վրաս­տան։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Ե­րուանդ Զա­խա­րեան յայ­տա­րա­րեց, որ վեր­ջին մէկ տա­րուան ըն­թաց­քին լուրջ աշ­խա­տանք կա­տա­րուած է երկ­րի ու­ժա­նիւ­թի անվ­տան­գու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, նա­խա­րա­րը տե­ղե­կա­ցուց, թէ վեր­ջին մէկ տա­րուան ըն­թաց­քին ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռէն ներս կա­տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րուն մեծ մա­սը ուղ­ղուած է ու­ժա­նիւ­թի անվ­տան­գու­թեան հա­յե­ցա­կար­գի հաս­տատ­ման։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը կը ծաւալէ հրատարակչական աշխոյժ գործունէութիւն:
Անցեալ տարի լոյս տեսած գործերը հաւաքաբար ներկայացուեցան մասնաւոր հաւաքոյթով մը:

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ֆրան­սա­ցի յայտ­նի նկա­րիչ ու քան­դա­կա­գործ Ժագ Սեր­ժէ­ֆի ցու­ցա­հան­դէ­սի բա­ցու­մը։ Հա­յաս­տա­նի Քա­ղա­քա­շի­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան Ազ­գա­յին թան­գա­րան-կա­ճա­ռին մէջ կը ներ­կա­յա­ցուին իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015

2015-ի մթնո­լոր­տին մէջ, մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ կը շա­րու­նա­կուի ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րը իւ­րաց­նե­լու ուղ­ղեալ շար­ժու­մը։ Մինչ բո­լո­րո­վին վեր­ջերս Պրա­զի­լիոյ Ծե­րա­կոյ­տը բա­նա­ձեւ մը ըն­դու­նե­լով 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րը ո­րա­կեց որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, ներ­կա­յիս կը հա­ղոր­դուի, թէ հա­մա­պա­տաս­խան պատ­րաս­տու­թիւն­ներ յա­ռաջ կը տա­րուին նաեւ Պել­ժիոյ մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Է­յու­պի Ս. Ե­ղիա ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան առ­թիւ։ Ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 183-րդ տա­րե­դար­ձին ձօ­նուած ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց եւ քա­րո­զեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

​Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ շքեղ ու արդիւնաւէտ երեկոյթ մը:
Շիշլի մարզակումբին ի նպաստ կազմակերպուած ձեռնարկը բարձր տրամադրութեամբ մէկտեղեց համայնքային շրջանակները:

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­նի­գա­բուի նոր հրա­պա­րա­կին վրայ մաս­նակ­ցե­ցաւ Իս­թան­պու­լի նուաճ­ման տա­րե­դար­ձին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած խրախ­ճան­քին։ Իս­թան­պու­լի նուաճ­ման 562-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած խրախ­ճան­քը ի­րա­կա­նա­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ու մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սե­ւան եւ Ար­տա­շատ քա­ղաք­նե­րուն մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին օ­ծուե­ցան եւ պաշ­տա­մուն­քի բացուե­ցան նո­րա­կա­ռոյց ե­կե­ղե­ցի­ներ։ Սե­ւան քա­ղա­քի Ս. Հրեշ­տա­կա­պե­տաց եւ Ար­տա­շատ քա­ղա­քի Ս. Յով­հան­նէս Ա­ւե­տա­րա­նիչ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը օ­ծուե­ցան հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Գու­րու­չէշ­մէի Ե­րեւ­ման Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին տե­ղի ու­նե­ցաւ փոք­րիկն Լի­նա Շի­րի­նօղ­լուի Ս. Մկրտու­թեան խորհր­դա­կա­տա­րու­թիւ­նը։ Ան դուստրն է Ար­թօ-Նա­թա­լի Շի­րի­նօղ­լու ա­մո­լին եւ թոռ­նի­կը՝ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Սեր­պիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ի­վի­ցա Տա­չիչ այս օ­րե­րուն ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ դէ­պի Հա­րա­ւա­յին Կով­կաս։ Այս շրջագ­ծով ան վա­ղը պի­տի այ­ցե­լէ Ե­րե­ւան։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Հանդիսապետութեամբ եւ հաւանութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի:
Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան պատարագեց եւ քարոզեց Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ երդիքին տակ:

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

ԵՄ-ի գծով նախարար Վոլքան Պոզքըր շաբաթավերջին հիւրընկալեց Եւրոխորհրդարանի զեկոյցին հեղինակը:
Եթէ զեկոյցին մէջ ակնարկութիւն կատարուի հայկական հարցին, ապա Թուրքիա չեղեալ պիտի համարէ այդ փաստաթուղթը:

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի երդիքին տակ շրջանաւարտից անդրանիկ հանդիսութիւն:
Տասը ընթացաւարտներուն կարեւոր մէկ մասը ուսումը պիտի շարունակէ Հայաստանի մէջ:

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

«Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րա­նի եր­դի­քին տակ 24-30 Մա­յիս թուա­կան­նե­րուն կա­յա­ցաւ Բազ­մամ­շա­կոյթ թա­տե­րա­կան օ­րե­րու փա­ռա­տօ­նը։ Հան­դի­սա­կան­նե­րը փա­ռա­տօ­նի օ­րե­րուն ա­ռիթն ու­նե­ցան դի­տե­լու նաեւ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թէ նմոյշ­ներ։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Բա­րե­կա­մու­թիւն»ը իր իս­կա­կան ի­մաս­տով, մարդ­կա­յին ա­մէն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ գե­րա­դաս զգա­ցում մըն է՝ գլխա­ւո­րը, անհ­րա­ժեշ­տը եւ լրա­ցու­ցի­չը ա­նոնց։ Մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու գա­գաթ­նա­կէ՛տն է բա­րե­կա­մու­թիւ­նը, քա­նի որ ա­նոր ազ­դակ­նե­րը ո՛չ թէ նիւ­թա­կան կամ մարմ­նա­ւոր, այլ բա­րո­յա­կան բարձր ար­ժէք­ներ են՝ բա­րին, գե­ղե­ցի­կը եւ ճշմա­րի­տը։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Ա­թա­գիւ­ղի «Իս­փիր­թօ­հա­նէ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ ե­րէկ մե­ծա­րան­քի հան­դի­սու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ վաս­տա­կա­ւոր ու­սուց­չու­հի Նա­տիա Թե­քի­րօղ­լուի ի պա­տիւ։ 45 տա­րի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի մէջ ծա­ռա­յե­լէ վերջ հանգս­տեան կո­չուած Նա­տիա Թե­քի­րօղ­լուին տե­սա­կէ­տէ իս­կա­կան ա­նակն­կալ մըն էր այս ձեռ­նար­կը, որ կազ­մա­կերպուած էր իր սա­նե­րու ինք­նա­բուխ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան վեր­ջերս հիւ­րըն­կա­լեց Իս­թան­պու­լի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ա­ւագ հիւ­պա­տոս Չարլզ Հան­թը­րը եւ Ան­գա­րա­յի մօտ ԱՄՆ-ի դես­պա­նու­թեան քա­ղա­քա­կան գոր­ծե­րու գծով խորհր­դա­կան Ճաս­թին Ֆրիտ­մը­նը։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւնները ստեղծեցին տօնական մթնոլորտ:
Պաքըրգիւղի ընտանիքը նշեց Քառասուն Մանկանց դպրաց դասու հիմնադրութեան եւ երգչախումբի կազմաւորման ձօնուած հերթական հանգրուանը:

Էջեր