Արխիւ

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015

Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րար Վոլ­քան Պոզ­քըր յայ­տա­րա­րեց, թէ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի Թուր­քիոյ վե­րա­բե­րեալ յե­տաձ­գեալ տե­ղե­կագ­րի հար­ցին շուրջ մաս­նա­ւո­րա­պէս խնդրա­յա­րոյց դար­ձած է հայ­կա­կան հար­ցը։ «Հա­պէր Թիւրք»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Եւ­րո­խորհրդա­րա­նի Թուր­քիոյ վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կագ­րի նա­խագ­ծին հա­մար 420 փո­փո­խու­թեան ա­ռա­ջարկ կա­տա­րուած է։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015

Լրագ­րող-հրա­պա­րա­կա­գիր Հրանդ Տին­քի դէմ կա­տա­րուած մա­հա­փոր­ձի հար­ցաքն­նու­թեան շրջագ­ծով ե­րէկ երկ­րորդ ան­գամ ցուց­մունք­ներ տուաւ Իս­թան­պու­լի Անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէ­նու­թեան լրա­քա­ղու­թեան բա­ժան­մուն­քի պետ Ա­լի Ֆուատ Եըլ­մա­զէր։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, ան այդ ցուց­մունք­նե­րը տուաւ Իս­թան­պու­լի Հան­րա­պե­տա­կան ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թեան ա­հա­բեկ­չու­թեան ու կազ­մա­կեր­պեալ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու բա­ժան­մուն­քի դա­տա­խազ Կէօ­քալփ Քէօք­ճի­ւի կող­մէ յա­ռաջ տարուած հե­տաքն­նու­թեան շրջագ­ծով։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015

Երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանը:
«Եկեղեցի եւ պետութիւն Կիլիկեան Հայաստանի մէջ. հայեացք ներսէն ու դուրսէն»:

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015

«Մայք­րո­սոֆթ» ըն­կե­րու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ պի­տի հիմ­նէ ամպա­յին եւ բջի­ջա­յին փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու նոր կեդ­րոն մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, սա պի­տի դառ­նայ ըն­կե­րու­թեան տասն լա­ւա­գոյն կեդ­րոն­նե­րէն մին աշ­խար­հի մէջ։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015

Կիպրոսի մէջ վերսկսած բանակցութիւններուն ընթացքը կը ներշնչէ լաւատեսութիւն:
Մուսթաֆա Աքընճը եւ Նիքոս Անաստասիատիս յառաջիկային պիտի տեսակցին եւս չորս անգամ:

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015

«Շեհիր» համալսարանի Գրականութեան ֆաքիւլթէի նախաձեռնութեամբ դասախօսութիւն մը:
Փրոֆ. Գէորգ Պարտաքճեան արտայայտուեցաւ 19-րդ դարու երգիծաբանական-հեգնաբանական կարեւոր երեւոյթներուն շուրջ:

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Ծ.Խ.- www.haralez.net կայքէջին համար գրուած ու հեղինակին կողմէ խմբագրութեանս ալ ուղարկուած այս յօդուածը կ՚արծարծէ այժմէական նիւթ մը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատը՝ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերադարձի պահանջով։ Հայկական աշխարհի պայմաններով, բաւական ինքնուրոյն եւ այլնտրանքային մօտեցումներով գրի առնուած յօդուած մըն է այս մէկը։ 

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015

Օր­թա­գիւ­ղի Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին Պէ­շիկ­թա­շի Կրթա­կան տնօ­րէ­նու­թեան կող­մէ կազ­մա­կերպուած BELFEST միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ծրագ­րին։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015

Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ «Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ գիտական շահեկան ձեռնարկ մը:
Երեկոյթի ատենախօսն էր Իսթանպուլի Թեքնիկ համալսարանի Ուժանիւթի կաճառէն Սեւան Կարապետօղլու:

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արքեպիսկոպոս Ա­թէ­շեան ե­րէկ Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Գեր­մա­նիոյ Պա­վիէրա նահանգէն փու­թա­ցած խումբ մը հիւր հո­գե­ւո­րա­կան­ներ։ Տո­րո­թէա Կրէ­նիէ­րի կող­մէ գլխա­ւո­րուած խում­բը Իս­թան­պու­լի մէջ այս օ­րե­րուն կը ծա­նօ­թա­նայ փոք­րա­մաս­նու­թեանց կրօ­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Վստա­հու­թիւն»ը՝ ան­ձեր ի­րա­րու կա­պե­լու զօ­րա­ւոր ազ­դակ մըն է՝ կապ մը, որ ո­րե­ւէ կաս­կա­ծի, տա­րա­կու­սան­քի պատ­ճա­ռած երկմ­տու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին կը ջնջէ եւ ան­կեղծ փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու, ա­ռողջ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշակ­ման ա­ռիթ կ՚ըն­ծա­յէ։ Վստա­հու­թիւ­նը, ու­րեմն ա­պա­հո­վու­թիւն է, հա­ւաս­տիք է, ե­րաշ­խիք է, յո՛յս է, որ հաս­տատ հա­մո­զու­մի մը հե­տե­ւանքն է՝ որ կը կազ­մուի մար­դուս մտքին մէջ։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կը խօ­սինք նոյն հար­ցին շուրջ, եւ կ՚ը­սենք, որ ճշմա­րիտ տգի­տու­թիւ­նը, իս­կա­կան տգի­տու­թիւ­նը՝ ո՛չ թէ չգիտ­նալ է, այլ՝ չգիտ­ցա­ծին չանդ­րա­դառ­նալ, չգիտ­ցա­ծը չգիտ­նալ եւ գիտ­նալ կար­ծել է այն ա­մէն ինչ՝ ո­րոնց մա­սին ո­րե­ւէ տե­ղե­կու­թիւն չու­նի, եւ կամ մա­կե­րե­սա­յին ծա­նօ­թու­թիւն մը ու­նե­նալ եւ կար­ծել, թէ այդ մա­սին գի­տէ ա­մէն ինչ…։ Կան, ո­մանք ի­րենց մա­կե­րե­սա­յին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով ի­րենք զի­րենք «ա­մե­նա­գէտ» եւ աս­կէ-ան­կէ ստա­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով «մաս­նա­գէտ» կը հռչա­կեն։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Միջազգային եւ անվտանգութեան հարցերու հայկական հիմնարկը կը վերլուծէ Հայաստանի արտաքին ու ներքին քաղաքական խնդիրները:
Սաֆարեան. «Մենք այսօր օրակարգի վրայ ունինք Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հարցը, որովհետեւ սա մեզի համար կը նշանակէ նոր ճանապարհ դէպի աշխարհ»:

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Կա­րէն Նա­զա­րեան յայ­տա­րա­րեց, թէ Ե­րե­ւան կ՚ակն­կա­լէ յա­ռա­ջի­կա­յին Եւ­րո­միու­թեան հետ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սկսիլ՝ մուտ­քի ար­տօ­նու­թիւն­նե­րու դրու­թեան ջնջման ուղ­ղու­թեամբ։ «Ար­մէնփրէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի եր­դի­քին տակ ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին Կա­րէն Նա­զա­րեան ը­սաւ. «Եւ­րո­միու­թեան հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը խո­րաց­նե­լու հար­ցին մէջ մենք կը կա­րե­ւո­րենք նաեւ մար­դոց մի­ջեւ աշ­խոյժ շփում­նե­րը։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015


Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Խրիս­տո­ֆո­րոս Ֆու­քա­ի­տէս ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ տե­սակ­ցե­լու ա­ռըն­թեր, հիւր նա­խա­րա­րը քննար­կում­ներ ծա­ւա­լեց Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի հետ։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Գե­րա­գոյն դա­տա­րա­նը ե­րէկ մեր­ժեց Ատր­պէյ­ճա­նի եր­կու քա­ղա­քա­ցի­նե­րու՝ Տիլ­համ Աս­կերո­վի եւ Շահ­պազ Կու­լիե­ւի գոր­ծով վճռա­բեկ բո­ղո­քը։ Ա­նոնց­մէ մին դա­տա­պար­տուած էր ցմահ բան­տար­կու­թեան, իսկ միւ­սը՝ 22 տա­րուան ա­զա­տազրկ­ման։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015

Ճոն Քերի վերահաստատեց ԱՄՆ-ի յանձնառութիւնը՝ նպաստելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման:
Մոսկուայի մէջ Կրիկորի Քարասին եւ Անճէյ Կասպրչիկ անդրադարձան հակամարտութեան առկայ իրավիճակին ու կանգ առին արդի հարցերուն վրայ:

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին 24-րդ նիստը:
Կը ծրագրուի այս տարուան միջոցներով բազմազաւակ ընտանիքներուն համար ապահովել բնակարաններ:

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015


Երեւանի եւ Դամասկոսի ղեկավարութիւնները նոյնանման վերաբերմունք ունին ահաբեկչութեան դէմ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան շփումներ ունեցաւ Սուրիոյ մէջ:

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015

Գու­րու­չէշ­մէի «Սուա­տա»ին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ գալ­ֆաեան­ցի կա­նանց կէ­սօ­րուան ճա­շի հա­ւա­քոյ­թը, որ ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Վար­ժա­րա­նի տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ ծնո­ղաց միու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան հաս­տա­տու­թեան զա­նա­զան թա­ղե­րէ հա­մա­կիր­նե­րը։

Էջեր