Արխիւ
Երեւանի մօտ Ճաբոնի դեսպան Էյծի Թակուչի այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Նորին Սրբութիւնը նշանակման առթիւ շնորհաւորեց Էյծի Թակուչին եւ յոյս յայտնեց, որ նոր դեսպանի գործունէութեան շնորհիւ հայ-ճաբոնական յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի կը ջերմանան, երկու բարեկամ ժողովուրդներու համար կը բացուին համագործակցութեան նորանոր հեռանկարներ։
Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներու տառապանքները լուսարձակի տակ պահելու կոչ մը հնչեց Վատիկանէն, Արեւելեան եկեղեցիներու օգնութեան հասնելուն նպատակով կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին։ Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը յայտարարեց, թէ ոմանց համար հազարաւոր մարդոց կեանքերէն աւելի կարեւոր դարձած է զէնքն ու ուժանիւթը։
Յայտնի գործարար ու բարերար նորոգ հանգուցեալ Գըրգ Գրգորեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ, ընտանիքին եւ մօտ հարազատներու նեղ միջավայրին մէջ, ըստ իր կտակին։ Այս մասին «Արմէնփրէս»ին տեղեկութիւններ տուաւ «Գալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի խմբագիր Յարութ Սասունեան։
Պելժիոյ խորհրդարանը երէկ սկսաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի քննարկումներուն։ Վարչապետ Շարլ Միշէլ ընդգծեց, որ 1915-17 թուականներուն տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները պէտք է ճանչցուին որպէս ցեղասպանութիւն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Յաւերժութեան տեսլականով յիրաւի փառաշուք տաճար մը։
Կոմիտասի թանգարանը կամ ապագայասլաց մտայնութեան յուշակոթողը։
Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասը համալրուեցաւ երիտասարդ եւ արժէքաւոր անդամով մը:
Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ երէկուան արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան:
Էսաեան վարժարանի սան Ալէն Նշան, որ «Mind Lab»ի խաղերուն մէջ լուրջ յաջողութիւններ արձանագրելով իրաւունք ստացած էր միջազգային ողիմպիականներու մէջ ներկայացնելու Թուրքիան, նախընթաց օր տեղի ունեցած մրցումներու արդիւնքին նուաճեց աշխարհի երրորդութիւնը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ մեկնած էր Հայաստան, արդէն վերադարձաւ քաղաքս։ Ուղեւորութեան օրերուն ան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ներկայացած է նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։
Պէշիկթաշի հրապարակին վրայ քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ սարքուեցաւ իֆթարի սեղան:
Մուրատ Հազինետարի տանտիրութեամբ մէկտեղուեցան քաղաքիս բազմաթիւ հոգեւոր առաջնորդները:
VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ պատրիարքական ընտրութեան հարցը:
Բարդ հարցականներու խաչմերուկ:
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու խորհուրդ տուաւ հաշուի առնել նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացը, ինչ որ ուղղակիօրէն որոշիչ գործօն մըն է պետութեան կողմէ տրուելիք արտօնութեան առումով:
Էսաեան վարժարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ միջնակարգի շրջանաւարտութեան հանդէսը։ Այս տարուան միջնակարգի ընթացաւարտները երեկոյթի ընթացքին առարկայ դարձան Էսաեանի ընտանիքի գուրգուրանքին եւ բոլորը անոնց յաջողութեան մաղթանքներ յղեցին՝ իրենց ապագայ կրթական կեանքին համար։
Պէշիկթաշի քաղաքապետարանը ամրան եղանակի սկիզբին առթիւ աջակցութիւն ցոյց կու տայ մեր համայնքին:
Մուրատ Հազինետարի տնօրինութեամբ բարեկարգման ծրագրեր կ՚իրականացուին Պատրիարքարանի ամարանոցէն, Կազդուրման կայանէն եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս՝ յառաջիկայ ամիսներու եռուզեռին պատրաստ ըլլալու առաջադրութեամբ:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մտաւորական աշխարհի յայտնի դէմքերէն մին. գրող, թարգմանիչ, բանաստեղծ, հրապարակագիր, քսան գիրքերու հեղինակ…
Լեւոն Պլպուլեան գործունէութիւն ծաւալած է նաեւ երաժշտական բնագաւառէն ներս իր քրոջ՝ Ժաննա Պլպուլեանի հետ, որ կը բնակի Փարիզի մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Շաբաթ» օրը եբրայական շաբաթին 7-րդ օրն էր, երբ ամէն զբաղում եւ աշխատանք պէտք էր դադրէր։ Եւ արդէն «Շաբաթ» եբրայերէն կը նշանակէ՝ հանգիստ կամ դադար։
Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ մանուկներու ուղղեալ յատկանշական ձեռնարկ մը։ «Խաղաղութիւն աշխարհի երախաներուն» խորագրեալ այս ձեռնարկը համախմբեց բազմաթիւ երախաներ, որոնք ապրեցան մեծ ոգեւորութիւն։
Թուրքիա մօտէն կը հետեւի Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, որոնց շրջագծով իր սահմանին վրայ կ՚ապրուին կարեւոր զարգացումներ։ Թուրքիա-Սուրիա սահմանի երկայնքով այս շրջանին կը վերաձեւաւորուին հաւասարակշռութիւնները, որովհետեւ սահմանի միւս կողմը հակակշիռը ձեռք կ՚անցընեն նոր ուժեր։
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանի յայտարարութիւններ ըրաւ անկախ Քիւրտիստանի մը հռչակման ժամկէտներուն շուրջ։ Քրդական լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ Պարզանի յայտնած է, որ նոյն պաշտօնին վերընտրուելու պարագային, յառաջիկայ երկու տարիներու ընթացքին Քիւրտիստանը պիտի հռչակէ անկախ պետութիւն։
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան պաշտպանութեան նախարար նշանակեց Լեւոն Մնացականեանը։ Ծանօթ է, որ Արցախի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը թափուր մնացած էր՝ Մովսէս Յակոբեանի Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի տեղակալ նշանակումով։
Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան ղեկավարներէն Եղիա Ճէրէճեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Թուրքիայէն գրող Քատիր Աքընը։ Այս վերջնոյն այցելութիւնը զուգադիպեցաւ Հնչակեան քսան կախաղաններու տարելիցին։
Անգլիոյ Լորտերու պալատը նախընթաց օր քննարկեց հայկական հարցը։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը Անգլիոյ խորհրդարանի պաշտօնական կայքէջի հաղորդումներու հիման վրայ տեղեկացուց, թէ Պարոնուհի Քերըլայն Քոքս այս առթիւ օրակարգի վրայ բերաւ 1915 թուականին հայոց, յոյներու եւ ասորիներու զանգուածային սպանութիւններու հարցը։