Արխիւ

Ուրբաթ, Փետրուար 11, 2022

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան երէկ քննարկեցին միջազգային օրակարգի զանազան առաջնահերթ հարցերը։

Ուրբաթ, Փետրուար 11, 2022

Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի ներկայացուցիչները 10 ժամ բանակցութիւն վարեցին:
Բարդ քննարկումներու ժամանակ կարելի չեղաւ հարթել տարակարծութիւնները, աշխատանքը պիտի շարունակուի յաջորդ ամիս:

Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ արձագանգեց՝ նախօրէին Ատրպէյճանի կողմէ եւս 8 ռազմագերիի Հայաստան վերադարձուելուն։ Այսպէս, Մոսկուա կարեւոր կը համարէ հնարաւորինս շուտ աւարտել պահուած անձերու փոխանակումը՝ բոլորը բոլորին դիմաց սկզբունքով։

Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի վերջին հեռախօսազրոյցին արձագանգները կը շարունակուին։ Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդած էին, որ անոնք անդրադարձած են Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։

Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022

«Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելը եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը մեր նպատակներու շարքին են»:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտնեց, որ Երեւան պատրաստ է առարկայական, յստակ խօսակցութիւններ ծաւալել:

Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022

Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի յայտարարութիւնները՝ «Արմէնփրէս» գործակալութեան:
«Լիբանանահայութեան լայն բաժին կը վիճակի երկրի առկայ տագնապէն, համայնքի անդամները կը դիտարկեն Հայաստան հաստատուելու հեռանկարը»:

Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ յայտնեց, որ Թուրքիա՝ Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումի մասնակցութեան համար հրաւէր ուղարկած է իրեն եւ Ռուբէն Ռուբինեանին, որ Երեւանի յատուկ ներկայացուցիչն է Անգարայի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ։ Իր խօսքով՝ Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին մասնակցելու շուրջ հայկական կողմի որոշումը մեծապէս կախում կ՚ունենայ՝ յատուկ ներկայացուցիչներու յառաջիկայ հանդիպումներու արդիւնքներէն։

Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը Վատիկանի մէջ հաւատացեալներու հետ տեսակցելու ժամանակ անդրադարձաւ Ուքրայնայի տագնապին։ «Ուքրայնայի մէջ պատերազմը խելագարութիւն կ՚ըլլայ», ըսաւ Սրբազան Պապը՝ ընդգծելով, որ Քիեւի եւ Մոսկուայի միջեւ լարուածութեան յաղթահարումը անհրաժեշտ է։

Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ո՜հ, ինչ անուշիկ ճուտիկ է... գառնուկս... փիսիկս... մուկիկս... շունիկս.... թիթեռնիկս...
Այ կապիկ... բադիկ... կովուկ...
Անասունի մէկը... ոչխար... հորթ... եզ... աւանակ... գազան...
Յաճախ մենք այս անուններով կը դիմենք ոչ թէ տուեալ կենդանիին, այլեւ մեր սիրելիներուն, մասնաւորապէս մանուկներուն:

Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ուքրանական «AnalitikaUA.net» կայքէջը կը գրէ, որ Լվովի, Ուքրայնա, Հայկական տաճարը քաղաքի ամենայայտնի կրօնական շինութիւններու ցանկին մէջ է եւ իբրեւ այցելավայր քաջածանօթ է զբօսաշրջիկներուն: Տաճարին մէջ կը տիրէ անցեալի ու ներկայի ներդաշնակ համակեցութիւն, ճարտարապետութիւնն ու ներքին յարդարանքը առանձնակի կերպով կը գրաւեն այցելուները, իսկ այդ կրօնական հնագոյն կառոյցին պատմութիւնը, հայկական սփիւռքի պատմութեան մէկ հատուածը ըլլալէն զատ, նաեւ հին Լվովի քրիստոնէական անցեալի փաստացի վկայութիւնն է:

Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վարակիչ ցաւերը ընդհանրապէս այսպէս կ՚երեւին: Գիւղի կամ քաղաքի մէջ հիւանդութիւն չկար, ամէն մարդ իր գործին էր, յանկարծ օր մը կը լսուի, թէ այս ինչին տունը ցաւ ինկած է:

Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վստահաբար բոլորս ալ ձեւով մը լսած ենք, որ բժիշկները իրենց բժշկական ուսումը աւարտելէ ետք երդման արարողութիւն մը կ՚ունենան, որ ծանօթ է Հիփոկրատական երդում անուանումով:

Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հիւրընկալեց «Պայրաքթար» հոլտինկի ընդհանուր տնօրէն Հալուք Պայրաքթարն ու թեքնոլոժիի գծով ղեկավար Սելչուք Պայրաքթարը, որոնք այցելեցին Պաքու։ Ծանօթ է, որ Սելչուք Պայրաքթար Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի փեսան է։

Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022

Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան աւագներու խորհուրդի 12-րդ ժողովը՝ Իսթանպուլի մէջ:
«Հիմնական նպատակներու շարքին են անդամ երկիրներու միջեւ համարկումը, ներդաշնակութիւնը թէ՛ առեւտուրի ու փոխադրութեան եւ թէ հաղորդակցութեան զարգացումը՝ ըստ ղեկավարներու կողմէ որդեգրուած ուղղութեան»:

Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022

Լիպիոյ վարչապետ Ապտիւլհամիտ էլ Տիպէյպէի դէմ այս առաւօտ մահափորձ մը կատարուած է։ Մայրաքաղաք Թրապլուսի մէջ զինեալ յարձակման ենթարկուեցաւ վարչապետին ինքնաշարժը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ անհրաժեշտ է սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցը լուծել՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։ Իր խօսքով՝ Պաքու պատրաստ է անվերապահօրէն Երեւանի հետ ձեռնարկել համապատասխան գործընթացին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 9, 2022

Մինչ Ուքրայնայի տագնապը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը, երէկ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոն աւարտեց իր ուղեւորութիւնը դէպի Մոսկուա եւ Քիեւ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 9, 2022

Երէկ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Երկու նախարարները ի թիւս այլ հարցերու անդրադարձան Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 9, 2022

Պէյրութի «Զարթօնք»ը եւս արձագանգեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հնչեցուցած ահազանգին. «Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հայկական ամենահին օրաթերթը յայտնուեցաւ փակուղիի մէջ»:
Արա Գօչունեան. «Մենք չենք ըսեր, որ մեր թերթը պէտք է գոյատեւէ յանուն իր անցեալին, մենք կ՚ըսենք, որ ան պէտք է գոյատեւէ յանուն ապագայի։ Այս լրատուամիջոցը համայն աշխարհի համար սկզբնաղբիւրի դեր ունի՝ գտնուելով Պոլսոյ մէջ, ամբողջ արեւմտահայ ժառանգութեան զարկերակին վրայ եւ համարուելով այդ զարկերակի կենսունակութեան խորհրդանշաններէն մէկը»:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 9, 2022

Մարմնի անդամներն ու զգայարանքները կու գան մարդուն համար կերտել ներաշխարհ մը՝ իրենց բազմակողմանի դերակատարութիւններով ու թերացումներով։ Վերիվայրումներն ու մաքառումները միշտ ուղեկից են այդ ներաշխարհին։

Էջեր