Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ինքնախաբէութիւն» տառացիօրէն կը նշանակէ՝ մարդուն ինքն իրեն համոզելը, ինքն իրեն խաբելը՝ պատրանք, որ մոլորութեան մէջ ըլլալ կ՚ենթադրէ՝ հաւատացած ըլլալով, թէ ճշմարիտ ճամբու վրայ է։ Արդարեւ, ինքնախաբէութիւն է՝ անթերի ըլլալ, ամենազօրաւոր կարծել ինքզինք, քանի որ մարդ «կատարեալ» չէ եւ ունի թերութիւններ, տկարութիւններ եւ մէկ խօսքով՝ անկատար էակ մըն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վստահաբար բոլորիս ալ ծանօթ է ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Լիբանանի դիմագրաւած դժուարին օրերը, սակայն հակառակ այդ բոլոր դժուարութիւններուն, մեծապէս գնահատելի ու յուսադրիչ էր մի քանի օրեր առաջ տեղի ունեցած Համազգայինի «Գայեանէ» եւ «Քնար» պարախումբի տպաւորիչ ելոյթը:
Մոսկուայի եռակողմանի գագաթաժողովէն վերջ, այժմ կը սպասուի Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու հանդիպման, որ նախատեսուած է յաջորդ շաբթուան մէջ։ Գագաթաժողովէն վերջ յայտարարուած էր, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցին շուրջ պիտի ծաւալուին փոխ-վարչապետներու բանակցութիւնները։
Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ վաղը։ Մայիսի 14-ին տեղի ունեցած առաջին փուլին թեկնածուներէն ոեւէ մէկը չէր կրցած ապահովել անհրաժեշտ քանակութեամբ քուէ։
Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի խումբին արձանագրած յաջողութիւնները առիթ կը հանդիսանան մեծ ոգեւորութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Շիշլի անցեալ տարի Թուրքիոյ ֆութսալի լիկը ախոյեան աւարտած էր եւ այս տարի ալ նոյն նուաճումը կրկնելու համար մրցապայքարի մէջ է։
Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ երեկոյեան մասնաւոր հանդիսութիւնով մը մեծարեց թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի նախկին ատենապետ Արման Պիւքիւճեանը։ Արամեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի այս երեկոյթը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ հաճելի մթնոլորտ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ հիւրընկալեց Մերսինի Թոմրիս Նատիր Մութրի ուղղափառ եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Ճան Արաբը, որուն կ՚ընկերանային RUMVADER-ի ընդհանուր քարտուղար Տ. Տիմիթրի Աւ. Քհնյ. Մայօղլու։
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ գործող «Հայ մենթի մենթէօր» հարթակը, որ կազմուած է մեր համայնքի ակադեմականներէն տքթ. Մերի Թաքսի Տեւէճեանի կողմէ, 2023-2024 տարեշրջանին իր գործունէութիւնը պիտի շարունակէ նոր վարչական կազմով մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըքը, որուն կ՚ընկերանար ծխական խորհուրդի անդամներէն Վոլքան Արատ։
Մխիթարեանի տարածքէն ներս կատարուած հսկայ շինարարութեան այժմու կացութեան լոյսին տակ հետզհետէ յայտնի կը դառնայ ցաւալի համայնապատկեր մը:
Շահերու եւ իրաւունքներու մեծ վնաս:
Մակերեսի բաժանման եւ վարձակալութեան պայմաններու խնդրայարոյց վիճակ:
Նորընտիր եւ նախկին մատակարար մարմիններու ատենապետները Ռաֆֆի Ալիք եւ տքթ. Արման Գամառ երէկ երեկոյեան հրապարակաւ ներկայացուցին իրենց մօտեցումներն ու հիմնաւորումները՝ մինչ դպրոցի բոլոր սերունդներէ սաները առաջին հերթին կը տագնապին հաստատութեան տեսակէտէ երկարաժամկէտ երաշխիքներու եւ ելմտական կայունութեան բերումով:
Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետները յաջորդ շաբաթ վերջնական ձեւ մը պիտի տան՝ տարածաշրջանային հաղորդակցական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման առկայ հարցերուն:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Աշխարհի վրայ կան դժուար գործեր, որոնք պարզ կը թուին... Ամենադժուարն է յառաջ քշել միտք մը, որու մասին նախապէս ոչ ոք մտածած է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Խաղաղութեան եւ անկեղծ սիրոյ պատկե՛ր մըն է մանուկը։ Մանուկը, կարծես ներշնչող քարոզ մը, շնչող Աւետարան մըն է։ Մանուկը, Աստուծոյ սիրոյն թագաւորութեան պաշտպանեալն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջին մի քանի տարիներուն, կամայ թէ ակամայ բոլորս ալ տեսանք, թէ ինչպիսի աւերներ կրնայ գործել տարածուած ախտ մը. այդ ախտը ինչքա՜ն ընտանիքներ թշուառացուց ու դժբախտացուց վերջին մի քանի տարիներուն ընթացքին:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մարդը լոյս աշխարհ կու գայ մերկ, սակայն մեղքը շալակին: Ոչ մէկ կերպով մենք կրնանք հրաժարիլ մեղքէն: Չէ՞ որ ան այնքան քաղցր է ու ցանկալի:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
2020 թուականի հոկտեմբերի 18-ին Արցախի Մատաղիս գիւղին մէջ, 44-օրեայ պատերազմի օրերուն զոհուեցաւ հայրենի երիտասարդ արուեստաբան, Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի գիտաշխատող Աւետիս Աւետիսեան: Աւետիսը ռազմաճակատ մեկնած էր կամաւոր: Ան 34 տարեկան էր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Paulo Coelho (1947) աշխարհահռչակ վիպագիրը սապէս կ՚ըսէ. «Մէկու մը ընծայուած ամենաթանկագին նուէրը ժամանակն է. այն որ կարելի չէ վերագտնել կամ վերստանալ»։ Արդարեւ, կ՚ըսուի, թէ ժամանակը թանկագին է. քանի որ անիկա վատնել մեծ վնաս կը պատճառէ մարդուս։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր ազգը քանդողները, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ անտարակոյս կուսակցութիւն ըսուած չարիքն է, որովհետեւ անոնք իրենց գոյութիւնը ազգին բարօրութեան ծառայեցնելու փոխարէն իրենց ուրոյն շահերուն կը ծառայեցնեն:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ։
Ուսուցչուհի Տօնարա Պէպուրեանի սաները հանդէսի ընթացքին խմբերգներով եւ բանաստեղծութիւններով փառաբանեցին Մեսրոպեան այբուբենը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Էսաեան վարժարանի շրջանաւարտները յաջորդ շաբաթավերջին վերստին պիտի համախմբուին եւ այս ուղղութեամբ կազմակերպչական աշխատանքները ընթացքի մէջ են։