Արխիւ
ՄԵՍՐՈՊ ՎՐԴ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ… Հաստատուն կացէք հաւատքին մէջ՝ գիտնալով, որ ձեր եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն։
Փեքինի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ Թեհրան-Ռիատ առանցքին վրայ դրական իրադարձութիւններ ապահովել, ինչ որ Մերձաւոր Արեւելքի եւ համաշխարհային քաղաքականութեան հաւասարակշռութիւնները կը ձեւաւորէ։
Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ երէկ Փեքինի մէջ հիւրընկալեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնն ու Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնը։ Շի Ծինփինկ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի հետ թէ՛ ունեցաւ առանձնազրոյցներ եւ թէ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ եռակողմանի ձեւաչափով։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հրաւէրին ընդառաջ՝ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ։ Հիւր նախարարին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցելութեամբ երէկ երեկոյեան ժամերուն հասաւ Թուրքիա։
Աւագ շաբթուան արարողութիւնները ընթացքի մէջ են՝ վերանորոգ խորհուրդով։ Երէկ, Աւագ հինգշաբթի եւ այսօր, Աւագ ուրբաթ, հոգեպարար եկեղեցական արարողութիւնները անբացատրելի զգացումներ առթեցին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներուն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աւագ ուրբաթ օրը եկեղեցւոյ կեանքին ամենէն սրբազնագոյն, նուիրական եւ միաժամանակ ամենածանր օրն է։ Այդ օրուան ընթացքին է, որ կը կատարուին մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ձերբակալութիւնը, չարչարանքները, խաչելութիւնը, մահն ու թաղումը։
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։ Թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն սաներ մասնակցեցան այս հոգեպարար արարողութեան, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ Սուրբ Զատկի առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Աշակերտները տօնական շրջանը արժեւորեցին զանազան ձեռնարկներով։
Համահայկական խաղերը այսուհետեւ պիտի կազմակերպուին երկու տարին անգամ մը՝ ամրան եւ ձմրան:
Զաքարեան. «Մասնակիցներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը մրցումներուն ժամանակ առաջին այցը կու տայ Հայաստան»:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Այն ամէն ինչ, որ գրեցի, իմաստի որոնում էր:
Իմ կարճ, անիմաստ (գուցէ իմաստալից) կեանքէն յետոյ այլեւս ամէն ինչ անիմաստ կը թուէր, կամ ես նկատած էի անիմաստութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուծոյ փառքը այն է, որ իրականան Իր սիրոյ, բարութեան եւ իմաստութեան յայտնութիւնը եւ հաղորդակցութիւնը՝ որոնց հեռանկարով ստեղծուեցաւ աշխարհը։ Իր կամքին բարեհաճ ծրագիրը այս եղաւ. ընել մեզ «որդեգիրներ Յիսուս Քրիստոսի մեր Տիրոջմով, ի գովաբանութիւն փառքի Անոր շնորհքին». (ԵՓՍ. Ա 5-6), քանի որ Աստուծոյ փառքը կենդանի մա՛րդն է, իսկ մարդուն կեանքը Աստուծոյ տեսութիւնն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր հայկական բոլոր կազմակերպութիւնները, կուսակցութիւնները, հաստատութիւնները եւ մինչեւ իսկ եկեղեցին նոյն յանկերգը ունին. «տուէ՛ք որ ընենք»:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մի քանի օրեր առաջ ձեռքս անցաւ հին տետրերէս մին, որուն մէջ պատանեկութեանս կարդացած գիրքերէս տողեր արտագրած եմ. տողեր՝ որոնք «ճիշդ» ու «գրաւիչ» թուացած են պատանի միտքիս ու տասնամեակ մը ետք անոնց ընթերցումը կու գայ տալու այն եզրակացութիւնը, որ փիլիսոփայական այդ խօսքերը պարզապէս գեղեցիկ բառերու փունջ մըն է՝ ամբողջապէս հեռու իրականութենէն:
Հայաստանի սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան վերջին օրերուն ցաւակցական մը ուղարկած է նորոգ հանգուցեալ մարզական գործիչ Նազար Հանչէրի ընտանիքին։ Ծանօթ է, որ Նազար Հանչէրի անժամանակ կորուստը վերջերս մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն երկու միաբան՝ Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեանն ու Տ. Մինաս Աբեղայ Հախվերտեանը։
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահը այցելութիւն մը կու տայ Իսթանպուլ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ հիւրընկալեց Իշխան Զաքարեանը, որ կը մէկտեղուի համայնքի մարզական գործիչներուն հետ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան նախընթաց օր այցելեց Երեւանի «Արարատ» քոնիաքի գործարանը:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ տեսակցեցաւ Էնթընի Պլինքընի հետ, իսկ այսօր կը հիւրընկալէ Սերկէյ Լաւրովը:
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու վերսկսումը՝ Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններու օրակարգին վրայ:
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար փրոֆ. տքթ. Ժերրի Փիլլէյ եւ Միջազգային ու միջեկեղեցական օժանդակութեան կազմակերպութեան՝ «ACT Alliance»ի ընդհանուր քարտուղար Ռուտելմար Պուէնօ տէ Ֆարիա երէկ Մերսինի վրայով Իսքենտէրուն մեկնեցան, ուր հանդիպում մը ունեցան Հայ Առաքելական, Արաբ Ուղղափառ եւ Լատին Կաթոլիկ հոգեւոր կեդրոններու պատասխանատուներուն հետ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աւագ հինգշաբթին, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծիսական արարողակարգին մէջ ամենէն խորհրդաւորն է եւ ժողովուրդին կողմէ ամենասիրելին։ Այսօրուան աւարտին կատարուած է Վերջին Ընթրիքը, Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին հաստատումը եւ Վերջին Կտակը։