Արխիւ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022

Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը չի կրնար տեղի ունենալ Արցախի հաշւոյն։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եիի հետ։ Անոնք անդրադարձան Երեւանի եւ Փեքինի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեայ յոբելեանին։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես կը ծրագրէ այցելել Մոսկուա եւ Քիեւ ու այս նպատակով դիմած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի։ Իր բանբերը՝ Ստեֆան Տիւժարիք տեղեկացուց, որ համապատասխան պաշտօնական նամակները արդէն ուղարկուած են։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աւարտեց դէպի Մոսկուա իր պաշտօնական այցելութիւնը։ Ծրագրի եզրափակիչ փուլին Նիկոլ Փաշինեան ծաղկեպսակ մը զետեղեց Անծանօթ զինուորի շիրիմին, նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Ռուսաստանի Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոյի, Պետական տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտինի եւ վարչապետ Միխայիլ Միշուստինի հետ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022

«Կոմիտաս» ներկայացումը մրցանակի արժանացաւ «Տիրեքլերարասը» մրցանակաբաշխութեան ծիրէն ներս:
Դերասան Ֆեհմի Քարաասլանի առընթեր, պարգեւատրեալներու շարքին էր նաեւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022

Փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդները բարեմաղթանքներ կը փոխանակեն Ս. Զատկի առթիւ:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց նաեւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Պատրիարքը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի Աւագ դատախազ Իրակլի Շոթածէի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ այցելեց Երեւան։ Հիւր պատուիրակութեան ուղեկցեցաւ Հայաստանի Աւագ դատախազ Արթուր Դաւթեան։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Աստուած կը կամենայ օգնել ննջեցեալներուն, քանզի կը ցաւի անոնց համար, սակայն չ՚ըներ, որովհետեւ ազնիւ է: Ան չի ցանկար իրաւունք տալ սատանային ըսելու. «Ինչպէ՞ս կը փրկես այս յանցաւորը, չէ որ ան ընդհանրապէս ջանք չէ թափած»:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Բազմաթիւ հետաքրքրական եւ քիչ յայտնի տեղեկութիւններ կ՚ունենանք` թերթելով հայ նկարիչ եւ հայ ազգային պատմանկարչութեան հիմնադիր Վարդգէս Սուրէնեանցի կենսամատենագիտութիւնը կազմող գիրքը, որուն շնորհանդէսը օրեր առաջ, Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Նկատի ունենալով բժշկապետ Վահան Արծրունիի գրքոյկներու պարունակութեան այժմէականութիւնը եւ միւս կողմէ բժշկապետին ապրած ժամանակ մեր հայ բժիշկներուն հասած բարձրութիւնը, կը շարունակենք բժշկապետին «Բժշկի զրոյցներ» շարքի գրքոյկները արեւմտահայերէնի վերածելով մեր ընթերցողներուն ներկայացնել:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաճախ կը խօսինք հայաթափութեան մասին, որ «գլուխը առած» կ՚երթայ, իր հետ տանելով բոլոր արժէքները, որոնք հայկական են ու մե՛րն են վերջապէս: Գուցէ շատերու համար այդ մէկը պարզապէս յօդուած մը գեղեցկացնելու կամ անոր ծանրութիւն մը տալու համար սովորական բառ մը թուի, սակայն իրականութեան մէջ մեծ է անոր առթած ցաւն ու դժբախտութիւնը:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Որակի անհամեմատելի փոփոխութեան կողքին անցեալի եւ ներկայի գրական ստեղծագործութիւններուն մէջ պակսած է նաեւ անկեղծութիւնն ու պարզութիւնը եւ մեր արդի գրողներուն մէջ ծնած է այն կարծիքն ու գաղափարը, որ լաւ գրողը ա՛յն է, որ մաքուր ու ծանր բառեր կը գործածէ, ի պահանջել հարկին գերեզմանին մէջէն դուրս բերելով արդէն իսկ մոռցուած բառերը:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2022

Կը տեղեկանանք, որ ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ հրատարակուած՝ Պալեան գերդաստանի վերաբերեալ գիրքի արդէն երրորդ տպագրութիւնը իրականացած է։ «Պալեաններ» վերնագրեալ այս գիրքի առաջին տպագրութիւնը կատարուած էր 2020 թուականի ապրիլին։ Անցեալ տարուայ հոկտեմբերին արդէն երկրորդ տպագրութիւնը կատարուած էր։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2022

«Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին առընչութեամբ տակաւին շատ հարցեր մնացած են չլուծուած»:
Մոսկուայի մէջ համատեղ յայտարարութիւն. Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին կ՚ողջունեն Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ գործընթացը, որ սկսած է Ռուսաստանի աջակցութեամբ:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2022

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Նախ՝ քիչ մը պատմութիւն:
1860-ը, մեզի համար դարձաւ գիտակցութեան թուական մը: Ազգային Զարթօնք՝ եթէ կ՚ուզէք, որովհետեւ ունեցանք մեր ազգային Սահմանադրութիւնը: 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Եթէ «իզմ»երու՝ գաղափարախօսութիւններու, վարդապետութիւններու համար չէ ներկայ պատերազմին ենթախորքը, ապա անպայման պէտք է վերադառնալ քրիստոնէական հիմքերուն։
Ուղղափառ Ռուսաստանը, որ երկար դարերու հզօրութիւն եւ անցեալ ունի, այսօր կը փորձէ ճեղքել Արեւմուտքի կողմէ ստեղծուած բաւականին «ուժեղ» բեւեռը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2022

Շիշլի մարզակումբի ճատրակի խումբը վերջերս չորրորդ հանդիսացաւ՝ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած մրցաշարքի մը արդիւնքով։ Ակումբի աստղերու եւ փոքրերու կազմերը այս արդիւնքով մեծ խանդավառութիւն պարգեւեցին Շիշլիի ընտանիքին։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2022

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ Ս. Զատիկը նշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Զատկական աւանդական հանդէսը առիթ դարձաւ, որպէսզի բոլորը ըմբոշխնեն տօնական ոգեւորութիւնը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2022

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը այս ամառ պիտի վերականգնէ՝ ամբողջական ծաւալով իր գործունէութիւնը։ Վերջին տարիներուն, քորոնաժահրի համավարակին հետեւանքով Կազդուրման կայանը ամրան շրջանին չէր կրցած ծառայել իր բուն առաքելութեան:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2022

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքը։ Ս. Զատկի տօնի ներկայ շրջանին անոնք զրուցեցին աւելի քան ժամ մը։

Էջեր