Արխիւ

Ուրբաթ, Փետրուար 25, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ճիշդ է, որ տակաւին Ուքրայնայի դէմ պատերազմին (ի հարկէ, սա Արեւմուտքի անուանումն է եւ, ցաւօք, մինչեւ այս պահը Ռուսաստան անուանում մը չտուաւ այս գործողութեան) «առաջին օրը» տակաւին իր լրումին չհասաւ, բայց եւ այնպէս, այս պատուհանով պիտի փորձեմ օրուայ կարճ ամփոփում մը ընել։

Ուրբաթ, Փետրուար 25, 2022

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Ս. Վարդանանց զօրավարներու յիշատակութեան տօնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Արմաւիրի թեմի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Էջմիածին։

Ուրբաթ, Փետրուար 25, 2022

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Ս. Վարդանանց տօնին եւ Բարեկենդանի առթիւ տեղի ունեցաւ խանդավառ ձեռնարկ մը։ Տղաքը տօնի խորհուրդին մասնակից դառնալու առընթեր, հաճելի ժամանց ունեցան կազմակերպուած աւանդական խրախճանքով։

Ուրբաթ, Փետրուար 25, 2022

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ Ս. Վարդանանց տօնի եւ Բարեկենդանի առթիւ տեղի ունեցաւ խանդավառ հանդէս մը։ Ամբողջ դպրոցէն ներս ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 24, 2022

Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ երէկ հանդէս մը տեղի ունեցաւ Ս. Վարդանանց տօնին եւ Բուն բարեկենդանին առթիւ։ Ուսուցիչներու հսկողութեան ներքեւ պատրաստուած յայտագրին ժամանակ աշակերտները հանդէս եկան զանազան ելոյթներով, որոնք ունէին հասարակաց պատգամ մը՝ յաւերժ պահել հաւատը, լեզուն ու մշակոյթը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 24, 2022

Մայրենիի միջազգային օրուան առթիւ Եշիլգիւղի հայոց վարժարանին մէջ կազմակերպուեցաւ ձեռնարկ մը, որուն հրաւիրուած էր յայտնի մեներգչուհի Սիպիլ։ Դպրոցի սրահին մէջ ան աշակերտներուն համար մեկնաբանեց իր զանազան յայտնի երգերը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 24, 2022

Ս. Վարդանանց տօնին եւ Բուն Բարեկենդանին առթիւ Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ խանդավառ հանդէս մը։ Հայերէնի եւ գծագրութեան ուսուցիչներու հսկողութեամբ մշակուած էր ծրագիրը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 24, 2022

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Աշխարհին պէտք է մանուկի մը անմեղութիւն, մաքրութիւն ու ազնուութիւն: Այո, աշխարհին, իսկ Հայաստանին անհրաժեշտ է այս ամէնը գումարած առաքինութիւն, հայրենասիրութիւն, մեծ հաւատք՝ աստուածասիրութիւն, գրագիտութիւն եւ վերադարձ արմատներուն:

Հինգշաբթի, Փետրուար 24, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այսօր Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Ս. Վարդանանց զօրավարներուն եւ 1036 վկաներուն յիշատակութեան օրը: Անոնք Առաքելական Եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն են, որ իրենց նահատակութեամբ հաստատեցին հայ ժողովուրդին ապրելու կամքը եւ լինելիութեան իրաւունքը:

Հինգշաբթի, Փետրուար 24, 2022

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հայոց պատմութեան էջերը լեցուն են պատմական ուրախ եւ դժբախտ դասաւորումներով: Դարեր շարունակ, երբ թագէ զրկուած ենք, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը կեղեքուած են բազմաթիւ եւ այլազան բռնակալութիւններու կողմէ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 24, 2022

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

-Ինչպէ՞ս թէ կեանք. մի՞թէ այդքան փոքրիկ էակներն ալ կեանք ունին, դուք կը հարցնէք:
-Այո՛, ատոնք ալ կեանք ունին, այսինքն՝ ատոնք ալ սնունդ կ՚առնեն, կ՚ապրին, կ՚աճին ու կը բազմանան:

Հինգշաբթի, Փետրուար 24, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը, հակառակ յայտարարելով թէ «ժողովուրդը տուգանքի առարկայ չէ՛», կը շարունակէ ամէ՛ն ձեւով տուգանել արդէն իսկ թշուառութեան մէջ ապրող իր քաղաքացիները, որոնք «շունչ քաշել»ու համար կը սկսին երկրէն դուրս՝ դէպի «ազատութիւն» ու «հանգստութիւն» տանող ճամբան փնտռել:

Հինգշաբթի, Փետրուար 24, 2022

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակուի ընդհանուր առմամբ դրական սպասումներու մթնոլորտով։ Անգարա֊Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ բանակցութիւններ վարելու համար նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչներուն՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի երկրորդ հանդիպումը այսօր տեղի կ՚ունենայ Վիեննայի մէջ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 24, 2022

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Սրբոց Վարդանանց յիշատակութեան տօնը։ Հայոց ազգային ինքնութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ուրոյն դիմագիծին տեսակէտէ շատ կարեւոր ու յատկանշական տօն մըն է այս մէկը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 24, 2022

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Նորին հետ չհամակերպող, նորին ու հինին միջեւ տատանող կամ հինին հետ կապ մը չունեցող երեք սերունդներով կ՚ապրինք մեր այսօրը՝ անդէմ։
Միասին ենք մառախլապատ մեր երկինքին տակ, հինէն՝ դպրոցական դեղնաւուն հայերէնի դասագիրքերուն մէջ սկսած աւարայրցիներուն «ոչ իմացեալ մահ»էն մինչե՜ւ այսօրուան անմահացողները, անյայտներն ու չթաղուածները, երկաթէ ձեռք-ոտք, ով գիտէ՝ ինչ սիրտ կրողները,
Անոնց գոնէ՛ դառնալով գոհացող մայրերը,
Քարերուն հետ խօսողները, չսփոփուողները...

Հինգշաբթի, Փետրուար 24, 2022

Մխիթարեան վարժարանէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը։ Մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի դասարաններու սաներուն համար առանձին փուլերով նախատեսուած էր այս խրախճանքը, որու առթիւ արտակարգօրէն ոգեւոր մթնոլորտ ստեղծուեցաւ դպրոցէն ներս։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 23, 2022

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը երէկ Երեւանի մէջ ժողով մը գումարեց՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ Բացի խորհուրդի բուն անդամներէն, նիստին մասնակցեցան նաեւ Հանրապետութեան նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Ալէն Սիմոնեան եւ Ազգային ժողովի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Յակոբ Արշակեան։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 23, 2022

«Հայաստան-Ատրպէյճան հարցերու լուծման կողմանկից են Ռուսաստանն ու անոնց բոլոր հարեւանները»:
Փութին Ալիեւի հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ այսօրուան կացութիւնը գոհացուցիչ է: Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ ստորագրուեցաւ դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիր:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 23, 2022

Մինչ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակէ քաղաքական օրակարգը զբաղեցնել առաջնահերթօրէն, Անգարա աշխատանքները յառաջ կը տանի թրքահայ համայնքային շրջանակները իրադարձութիւններէն տեղեակ պահելով եւ անոնց տրամադրութիւնները շօշափելով։ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Սերտար Քըլըչ այս ամբողջին մէջ երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 23, 2022

Շիշլի մարզակումբի եւ Պէյօղլուսփորի մինչեւ 18 տարեկաններու պասքեթպոլի խումբերուն միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ բարեկամական հանդիպում մը։ Խոր աւանդոյթներով այս երկու մարզակումբներու վարչայիններն ալ հետեւեցան խաղին, որու սկիզբին խմբապետները փոխանակեցին ծաղիկներ։

Էջեր