Արխիւ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կան բազմաթիւ պատճառներ, թէ ինչո՞ւ աղքատ ընտանիքները կ՚ընտրեն շատ երեխայ ունենալ եւ ինչո՞ւ աղքատ երկիրներու մէջ ծնելիութիւնը բարձր է։ Կան մշակութային արժէքներէն սկսեալ, մինչեւ ընկերային արդարութեան խնդիրներու նման պատճառներ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան արագ ապաքինում մաղթեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին, որ քորոնաժահրով վարակուած է, Առաջին տիկին Էմինէ Էրտողանի հետ։ Շաբաթավերջին այս լուրը լայն արձագանգ ստեղծեց ամբողջ երկրէն ներս։
Հոլանտահայութիւնը երէկ յատկանշական օր մը ապրեցաւ՝ Մաստրիխտ քաղաքի Ս. Կարապետ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ։ Այսպէս, ինն տարիներ առաջ պաշտամունքի բացուած այս աղօթատան հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սեւանի հոգեբուժարանին մէջ հիւանդները թաց լաթով կը փաթթեն։ Ցուրտ եղանակին սառոյցի կտորներով ծանրացած սաւանը փուշի պէս կը մտնէ՝ բոլոր առումներով ալ անզօր դարձած հիւանդներու մարմիններուն մէջ։
Օփերայի երգիչ Ատամ Պարրօ նորովի մեկնաբանած է Ազնաւուրի եւ Կառվարենցի «Յաւերժական սէր» երգը։ Այսպէս, ֆրանսաբնակ հայազգի օփերայի երգիչ Ատամ Պարրօ (Մուրատ Ամիրխանեան) իւրովի մեկնաբանած է աշխարհահռչակ «Յաւերժական սէր» երգը:
Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան հրապարակեց հերթական զեկոյցը, որ կը ցոլացնէ, թէ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ ինչ վիճակի մէջ է Ատրպէյճանի հայատեացութեան ու թշնամանքի քաղաքականութիւնը։ Անգլերէնով պատրաստուած զեկոյց մըն է այս մէկը, որ ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած է Արման Թաթոյեանի կողմէ։
Հայաստանի Սահմանադրութեան բարեփոխումներու խորհուրդը երէկ ժողով մը գումարեց Երեւանի մէջ:
Արդարադատութեան նախարար Կարէն Անդրէասեան մեծապէս կարեւորեց գործընթացի թափանցիկ ձեւով յառաջ տարուիլը:
Փեքինի մէջ երէկ սկսան 24-րդ Ձմրան ողիմպիականները։ Առաջին անգամ այս խաղերուն ժամանակ արհեստական ձիւնածածկոյթ կ՚օգտագործուի։ Նկատի ունենալով արեւմտեան երկիրներու եւ Չինաստանի միջեւ առկայ ընդհանուր լարուածութիւնը՝ այս մրցաշարքի ժամանակ կարելի չէ եղած հարիւր տոկոս ստեղծել ակնկալւած մթնոլորտը։
Փաշինեան-Մաքրոն-Միշել-Ալիեւ տեսաժողով՝ անցեալ տարեվերջի հանդիպումներուն ի շարունակութիւն:
Հայաստանի վարչապետը ընդգծեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի երկարաժամկէտ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աղբիւրները հաղորդեցին, թէ «Ռիչըրտ եւ Թինա Քարոլան» հրատարակչական հիմնադրամի դատակազմը յայտնած է, թէ բացուած է 2022 թուականի համար նոր ծրագրեր ներկայացնելու շրջանը։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ժամանակակից արհեստագիտութեան ընձեռած հաղորդակցութեան միջոցներու կողքին, մեր դէմքի արտայայտութիւնը, շարժուձեւերը, կեցուածքը, ձայնին թոնը հաղորդակցութեան ազդու միջոցներ են, առանց որոնց բան մը պակաս կ՚ըլլայ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն եւ տեղւոյն հայ համայնքին մասին հեռավար կապով կարծիքը շօշափեցինք հալէպահայ գրող Յակոբ Նալպանտի։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Յովհաննէս Աւետարանին 6-րդ գլուխին մէջ կը կարդանք Տէր Յիսուսի ջուրին վրայէն քալելու մասին:
«Երեկոյեան, Յիսուսի աշակերտները լիճին եզերքը իջան եւ նաւակ մտնելով՝ սկսան երթալ լիճին դիմացի կողմը, դէպի Կափառնաում:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երբեւէ հանդիպա՞ծ էք մտաւորականներու. եթէ այո, հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ի՞նչ ըսել է մտաւորական եւ այդ տիտղոսին արժանանալու չափանիշները որո՞նք են: Եթէ մտաւորական ըսելով նկատի ունիք անձ մը, որ բանաստեղծութիւն կամ արձակ կը գրէ, յստակեցնենք որ ամէ՛ն գրող մտաւորական չէ, իսկ շատ անգամ ալ ամէն մտաւորական՝ գրող չէ:
Ուաշինկթընի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Էօզպեքիստանի, Ղազախիստանի եւ Իսրայէլի դեսպաններուն հանդիպումը։ Այս հաւաքոյթի հիւրընկալն էր Ատրպէյճանի դեսպան Խազար Իպրահիմ, որ ընդունեց նաեւ Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Մուրատ Մերճանը։
Ռուսաստան եւ Չինաստան երէկ տեղեկացուցին, որ դէմ են ՆԱԹՕ-ի ապագայ ընդլայնման եւ դաշինքին կոչ ուղղեցին, որպէսզի հրաժարի պաղ պատերազմի մօտեցումներէն։ Մոսկուա եւ Փեքին ներկայիս կը նախատեսեն աշխուժացնել իրենց համագործակցութիւնը Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան եւ «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց հայկական երաժշտական աշխարհի արդի հսկաներէն մաէսթրօ Լորիս Ճգնաւորեանը։ Երգահան ու խմբավար Լորիս Ճգնաւորեանի հետ զրուցելու ժամանակ Փաշինեան անգնահատելի համարեց անոր ներդրած աւանդը երաժշտական արուեստին մէջ։
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը երէկ մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ներկայացուց այս տարուայ «Զարմանազան» ծրագրին վերաբերեալ մանրամասնութիւնները։ Այսպէս, 2022 տարեշրջանի «Զարմանազան»ին համար արձանագրութիւնները արդէն սկսած են։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն երէկ տեղեկացուց, որ իր երկիրը Սուրիոյ հիւսիսի Իտլիպ քաղաքին մէջ կազմակերպած է յատուկ գործողութիւն մը, որու ընթացքին «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման պարագլուխ Էպու Իպրահիմ էլ Հաշիմի էլ Քուրէյշի սպաննուած է։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ այցելեց Քիեւ, ուր հիւրընկալուեցաւ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի կողմէ։ Էրտողանի այցը զուգադիպեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Ուքրայնայի տագնապին ընթացքը կը բնորոշէ միջազգային օրակարգը եւ համաշխարհային յառաջատար դերակատարները սաստիկ ճնշում կը բանեցնեն Ռուսաստանի վրայ։