Արխիւ
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Մանուկ էի: Կը նստէի մեծ մօրս ծունկերուն քով, երբ ան Աստուածաշունչը կը թերթէր: Դէմքին ծալքերուն շարժումը կը տեսնէի, երբեմն՝ ժպիտը աչքերուն մէջ, երբեմն՝ խոր մտածկոտութիւն մը կը համակէր զայն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
2003 թուական: Այդ տարիներուն ուսանող էի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքէն ներս: Ուսանողներուն մէջ օր մը շշուկ բարձրացաւ, թէ Պոլիսէն հայր սուրբ մը եւ մի քանի ուրիշ անձեր որպէս ուսանող դպրեվանք պիտի գան:
Երեւանի մէջ այս առաւօտ սկսաւ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստը։ Այսպէս, Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետները համախմբուեցան՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տանտիրութեամբ։
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի ներկայացուցիչ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան ընթերցեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին ցաւակցականը: Ներկայ էր նաեւ ներքին գործոց փոխ-նախարար Ինճէ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կուռ դամբանական մը խօսեցաւ նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի յիշատակին:
ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ
Տ. ՍԱՀԱԿ ԱՐՔ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ
ԲԱՐԵԽՆԱՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔ Կ. ՊՈԼՍՈՅ
Իսթանպուլ, Թուրքիա
Սիրելի Պատրիարք եղբայր,
Ցաւօք սրտի իմացանք կանխահաս վախճանման գոյժը ձեր միաբանութեան անդամներէն Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, որ երկար հիւանդութեամբ տառապեցաւ։
ՆՈՐԻՆ ԱՄԵՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Տ. ՍԱՀԱԿ ԱՐՔ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
Իսթանպուլ
Սիրեցեալ եղբայր ի Քրիստոս,
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն եղբայրական ջերմ սիրով կ՚ողջունենք Ձերդ Ամենապատուութիւնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր յետմիջօրէին ընդունեց խումբ մը եշիլգիւղցի ծնողներն ու իրենց զաւակները։ Այս տղաքը իրենց ընկերներուն հետ համավարակի շրջանին հետեւած էին Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի հեռակայ դրութեամբ աւանդած դասերուն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ճշմարտութեան մասին միշտ գրուած է, կը գրուի եւ տակաւին պիտի շարունակուի գրուիլ, այնքան ատեն որ մարդուն ձեռքին մէջ գրիչը կը շարժի: Այսօր, բնագիրին հաւատարիմ մնալով, մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք Ստեփան Շահպազի մէկ շահեկան եւ իմաստալից գրութիւնը՝ «Ճշմարտութիւնը» խորագիրով, որ լոյս տեսած է «Նայիրի» ազգային-գրական շաբաթաթերթին մէջ (ԺԱ. տարի, թիւ 31), Պէյրութ 1963, էջ 1, 8:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի տօնը այս տարի ալ չնշուեցաւ: Երկու տարի է՝ 2800-ամեայ պատմութիւն ունեցող մեր մայրաքաղաքը առանց տօնի է: Պատճառները հասկնալի են:
Ուքրայնայի հայոց միութիւնը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 20-ամեակի յոբելենական շրջանը:
Վեհափառ Հայրապետը օրհնեց Վիլէն Շատուորեանի եւ գործակից ընկերներուն կողմէ ծաւալուած բազմակողմանի աշխատանքը:
Երեւանի միջազգային թատերական ձեռնարկը այս տարի կազմակերպուած է արդէն 15-րդ անգամ:
«Ամառնային գիշերուայ երազ» ներկայացումը արժանացաւ գեղարուեստասէրներու հետաքրքրութեան եւ ծափահարութիւններուն:
Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ պաշտօնապէս արձագանգեց Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յառաջացած վերջին լարուածութեան։ Այսպէս, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա առանձին չի թողեր եղբայրական Ատրպէյճանը։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին բախումները կը շարունակեն անմիջականօրէն բնորոշել օրակարգը։ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ լարուածութիւնը դարձեալ գագաթնակէտին հասած է եւ այս մթնոլորտին մէջ երկու մայրաքաղաքներէն կը փոխանցուին պատգամներ, որոնք հերթական անգամ ի յայտ կը բերեն անոնց միջեւ ստեղծուած անհաղորդ մթնոլորտը՝ հակառակ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ գոյացած հրադադարին եւ համաձայնութիւններուն։
Նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան կարգը:
Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը պատարագեց եւ դամբանականով մը վեր առաւ հոգեւոր եղբօր բարեյատկութիւնները:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր կարդացի Խորհրդային Միութեան ամենամեծ մարդասպան ու մարդակեր Անտրէ Չիկատիլոյի կեանքը, որուն զոհը դարձած են 53 անմեղներ, որոնք մեծաւ մասամբ եղած են անչափահաս պարման-պարմանուհիներ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանահայ երիտասարդ բեմադրիչ Գարոլ Հաճեանի պատրաստած տեսաժապաւէնը արժանացաւ մեծ ուշադրութեան եւ ներկայացուեցաւ Աւստրալիոյ մէջ «Լիբանանեան ֆիլմերու փառատօն»ին։ Այս առիթով Գարոլ Հաճեանին հետ ունեցանք հեռավար դրութեամբ հարցազրոյց մը, որուն սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մեծ տեղաշարժներ կ՚արձանագրուին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Անշուշտ, խօսքը զարգացումներուն մասին է Սուրիոյ, ուր վերջերս երեւելի դարձան մի քանի «ազդեցիկ» նշաններ, որոնց ամենակարեւորը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտուլլահ պին Զայիտի Դամասկոս տուած «յանկարծակի» այցելութիւնն էր։
Ատրպէյճան յարձակման անցած է Հայաստանի հետ սահմանի գրեթէ ողջ երկայնքով. նոր զոհեր ու գերիներ:
Երեւանի ղեկավարութիւնը չի յաջողիր կասեցնել Պաքուն: Երկրի տարածքին դէմ ոտնձգութիւնները վաղուց խոցելի դարձուցած են պետութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան կը խօսի հրադադարի համաձայնութիւնը վիժեցնելու ջանքերու մասին: Տագնապը արդէն եկաւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ:
Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի անժամանակ վախճանման արձագանգները կը շարունակուին։ Մինչ վաղը նախատեսուած են նորոգ վախճանեալ հայր սուրբի վերջին օծման, յուղարկաւորութեան ու թաղման կարգերը, պետական աւագանին ալ կը շարունակէ արձագանգել եւ վշտակցութիւն յայտնել։