Արխիւ
Եւրոմիութիւնն ու Համաշխարհային դրամատունը յառաջիկայ տարիներուն Հայաստանի համար պիտի յատկացնեն 700 միլիոն եւրօ՝ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրի շրջանակներէն ներս։ Կը հաղորդուի, որ այս ամբողջին մէջ գանձատրումը նախատեսուած նախագիծերու մեծ մասը կը վերաբերի «Հիւսիս-հարաւ» մայրուղիի շինարարութեան։
CCAV-ի ջանքերով ֆրանսահայ համայնքէն ներս յառաջ կը տարուի դպրոցաշինական կարեւոր ծրագիր մը:
Այս նախագծին շնորհիւ պիտի հաստատուի հայերէնի դասաւանդման ակադեմական շրջանակ մը ֆրանսական համակարգէ ներս:
Հայաստանի վարչապետը մէկտեղուեցաւ Զուիցերիոյ գործարար շրջանակներուն հետ:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Վարդան Սըրմաքէշ քննարկեցին զանազան կարեւոր ներդրումային ծրագրեր:
Թուրքիա Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման պարագային անմիջական շփման մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի հետ:
Հանրապետութեան նախագահի խօսքով, անհանդուրժելի է, որ անվտանգ գօտին նոր ճահիճի մը վերածուի երկրի հարաւային սահմանի երկայնքով: Էրտողան վաղը պիտի մեկնի Մոսկուա:
Ամերիկացի զինուորները հերթապահութեան ժամանակ ԻՇԻՊ-ի ահաբեկիչներու յարձակման ենթարկուեցան Հասեքէի մէջ՝ Մենպիչի արիւնալի դէպքէն միայն հինգ օր անց:
Շաբաթավերջին Աթագիւղի «Սինան Էրտէմ» մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «All-Star 2019» պասքեթպոլի մեծ շոու մը։ Միջազգային օրացոյցի վրայ տեղ գտած ծրագիր մըն է այս մէկը, որուն այս տարի հրաւիրուած էին Շիշլի մարզակումբի նախկին աստղերէն Մաժակ Չաքըր եւ Գառնի Աթընչ։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի կամաւոր հոգաբարձու Արթօ-Դալար Հորոզօղլու ամոլը, նաեւ տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանը։ Այս շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ դպրոցին ի նպաստ պիտի սարքուի սիրոյ սեղան, որու ընդառաջ պատասխանատուները ներկայացան Պատրիարքարան, ուր նորին սրբազնութեան փոխանցեցին զանազան տեղեկութիւններ։
Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան շաբաթավերջին ժամանեց քաղաքս։ Ան այսօր արդէն կը ձեռնարկէ իր նոր պաշտօնին։ Սահակ Սարգսեան քաղաքս եկած է իր ընտանիքին հետ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հովիւ»ի օրինակը Քրիստոսի համար սիրելի պատկեր մըն է։ Ինչպէս յայտնի է, Քրիստոս յաճախ ինքզինք կը ներկայացնէ կամ կը նոյնացնէ «հովիւ» տիպարին հետ։
Վարչապետ Փաշինեան ծաղիկներ թողուց մեծ բանաստեղծուհիի շիրմին վրայ:
Սիլվա Կապուտիկեան երէկ 100-ամեակին առթիւ ոգեկոչուեցաւ Երեւանի «Կոմիտաս» պանթէոնին մէջ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ
«Էփըլ» ընկերութեան ներկայացուցիչները տեղեկացուցած են 2019 թուականին նոր «ԱյՖոն» սմարթֆոնի հրապարակման մասին: Գործիքին արհեստագիտական կարելիութիւնները կ՚ընդարձակուին ի հաշիւ «Ուայ-Ֆայ»ի նոր սերունդի աջակցութեան, որ անլար ցանցի ամենէն արագ տեսակն է աշխարհի մէջ:
Թաւշեայ յեղափոխութիւնը նոր հորիզոններ բացաւ Հայաստանի ժողովուրդին դիմաց. եթէ մեր ժողովուրդը կարենայ իմաստուն կերպով օգտագործել նոր իրականութեան ընծայած հնարաւորութիւնները՝ հայրենիքը կը դրուի իր վերականգնումի ճշմարիտ ուղիին վրայ: Սակայն, ոմանք, գինովցած ժողովրդային յաղթանակի յաջողութիւններէն կը զառածին աջ ու ահեակ. ոմանք՝ «Նոր Հայաստան՝ նոր կաթողիկոս» կը պոռան. ուրիշներ կը փորձեն ապակայունացնել ռազմական ղեկավարութիւնը Արցախի մէջ եւ աւելի ուրիշներ զբաղած են «բաց հասարակութեան» փերեզակութեամբ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին օրերուն բազմաթիւ արաբական զանգուածային լրատուութեան միջոցներ քննարկման առարկայ կը դարձնէին Սուրիոյ Արաբական Լիկայի ծոցը վերադառնալու նիւթը։ Խնդիրը այն էր, որ բազմաթիւ Արաբական ծոցի երկիրներ կը վերաբանային իրենց դեսպանատուները Դամասկոսի մէջ։
Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան անցեալ շաբաթուան մէջ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի նորանշանակ կուսակալ Ալի Երլիքայային։
Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան անցեալ շաբաթուան մէջ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի նորանշանակ կուսակալ Ալի Երլիքայային։
«Մանկական Եւրոտեսիլ-2019» երգի մրցոյթը տեղի կ՚ունենայ Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Եւրոպայի հեռարձակողներու միութեան գլխաւոր տնօրէն Նոէլ Կերան:
Վրաստանի թատերական միութեան որոշմամբ՝ Թիֆլիզի հայկական պետական տրամաթիքական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, բեմադրիչ Արմենակ Պայանտուրեան արժանացած է վրացի բեմադրիչ, մանկավարժ Միխէիլ Թումանիշվիլիի անուան մրցանակի:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը լոյս ընծայեց ճարտարապետ, շինարարական արուեստի պատմաբան Լիպարիտ Սադոյեանի «Մեսրոպաստեղծ հայոց գրապատկերներու կազմութեան սկզբուքները» աշխատութիւնը։
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ նոր Ազգային ժողովի աշխատանքի ձեռնարկելուն զուգահեռ՝ նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացն ալ սկիզբ առած է։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին ստորագրեց շարք մը հրամանագրեր, որոնց հիման վրայ յստակացան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան շարք մը անդամները։
Հրանդ Տինքի դէմ կատարուած մահափորձի 12-րդ տարելիցին ընդգծուեցան արդարութեան սպասումները:
«Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագրատան առջեւ կազմակերպուած ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին ելոյթով
մը հանդէս եկաւ Ֆիլիզ Ալի:
Տիկնիկային թատրոնի խաղացանկը կը համալրուի նոր ներկայացումներով։ Այսպէս, Հայաստանի «Յովհաննէս Թումանեան» պետական տիկնիկային թատրոնին մէջ 2019 թուականին կը բեմադրուին հետաքրքրական ներկայացումներ ինչպէս երեխաներու, այնպէս ալ՝ մեծահասակներու համար: Թատրոնը կը մասնակցի միջազգային փառատօներու, հիւրախաղերու կը մեկնի Հայաստանի մարզեր: