Արխիւ
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձին ձօնուած վաղուան համերգին ընդառաջ:
Նուագախումբը այս առաւօտ այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, իսկ երեկոյեան կը կատարէ փորձ մը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հոլիվուտի յայտնի արուեստագէտներէն Ճոն Մալքովիչը, որ այս օրերուն Երեւան կ՚այցելէ Արամ Խաչատուրեանի հինգերորդ միջազգային փառատօնի բացման առթիւ։ Ճոն Մալքովիչին եւ կողակցին ուղեկցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդականներէն Արմէն Սմբատեան եւ Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար Սերկէյ Սմբատեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը պատմուի, թէ ծխախոտը՝ սիկառէթը օր մը, ընդհանուր դատախազին կողմէ ամբաստանուած էր բովանդակ մարդկութեան չարիք հասցնողի յանցանքով։ Ահաւասիկ, ամբաստանագիրը՝ զոր կը կարդար ընդհանուր դատախազը դատավարութեան ընթացքին.
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
ԱՅԳԻԻՆ ՄԷՋ
Աշնան մեղմանուշ զեփիւռին հետ, ցերեկուան արեւուն ջերմութիւնը վայելելու համար սփիւռքահայ, եօթանասուններուն մէջ կին մը քալելով կը շրջի իր վարձակալած բնակարանի մօտակայ այգիին մէջ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Շաբաթէ մը ի վեր կը հետեւինք Վրաստանի տարածքին գտնուող Ջաւախքի հայաբնակ գիւղերէն մէկուն՝ Կումպուրտոյի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեր նախորդ գրութեան մէջ ըսինք, թէ ծխելը վարժութիւն մըն է, ստացական վարմունք մը՝ որ ենթական կ՚ընդունի ներքին եւ արտաքին ազդեցութիւններով եւ ընդհանրապէս գիտակցաբար կը տարուի անոնց ստեղծած զօրաւոր հոսանքներէն։
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձին ձօնուած շաբաթավերջի համերգին ընդառաջ:
Արսէն Աւագեանի կողմէ դիմաւորուեցան հիւր արուեստագէտները, որոնք առաջին անգամ կ՚այցելեն Իսթանպուլ:
Նախաձեռնարկ մարմինը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, ուր կը քննադատուին մամլոյ հաղորդումներն ու մեկնաբանութիւնները:
Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի մատնուած անելի մթնոլորտին մէջ համայնքին կը մատուցուին լոկ փափաքներ եւ պատասխանատուութիւնը կը վերագրուի վարիչներուն:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Նախաձեռնարկ մարմինը (ՆՄ) այսօր զեկոյց մը հրապարակած է մեր մամուլին մէջ՝ պատրիարքական ընտրութեան խնդրին շուրջ։ Ըստ էութեան, հիմնական նորութիւն մը չի բովանդակեր այդ զեկոյցը, ունի ինքնանպատակ բնոյթ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիպեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի առաջին լսարանի տասնութ սաներուն հետ։
Գալիֆորնիոյ համալսարանի հնագէտ մասնագէտներ յաջորդ տարի պեղումներ պիտի իրականացնեն Հայաստանի հնագոյն բնակատեղիներէն մէկուն՝ «Մասիս բլուր»ի մէջ։
Լոնտոնէն ժամանած արուեստաբան Եոլանտ Քրոյին համաձայն, հայկական յախճապակին իւրայատուկ է։
Երեւանի եւ Ծաղկաձորի մէջ կազմակերպուած Սփիւռքի հայագիր եւ օտարագիր գրողներու համաժողովը եզրափակուեցաւ՝ առիթ հանդիսանալով աշխարհի զանազան երկիրներէ հայ գրողներու, թարգմանիչներու եւ գրականագէտներու Հայաստանի մէջ համախմբման։
Արամ Խաչատուրեանի հինգերորդ փառատօն՝ ձօնուած Այվազովսքիի 200-ամեակին:
Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբը հանդէս եկաւ Ճոն Մալքովիչի հետ:
Իրաքի Դաշնակցային դատարանը վճիռ արձակեց՝ որպէսզի կալանաւորուին Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութենէն ներս անկախութեան հանրաքուէն կազմակերպած ընտրական յանձնաժողովի նախագահն ու անդամները։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմէն ներս Նիսի տագնապին վերաբերեալ վերջին օրերուն տեղի ունեցան նոր իրադարձութիւններ։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, Նիսի ծուխէն ներս վերամիաւորման համար առնուած է կարեւոր որոշում մը։
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան աւարտեց դէպի Թեհրան պաշտօնական այցելութիւնը, որու վերջին օրը՝ երէկ ընդունուեցաւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի կողմէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ռուսաստան։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան կը մասնակցի ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու հաւաքին, որ տեղի կ՚ունենայ Սոչիի մէջ։
«Թրքական հոսք» խողովակաշարին միջոցաւ Սերպիա եւս շուտով կրնայ ունենալ բնական կազ՝ եթէ համամիտ գտնուի նաեւ Ռուսաստան:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Թուրքիա կը փափաքի Պալքաններու անուան խաղաղութեամբ յիշատակուիլը եւ կողմնակից չէ պառակտումներու»:
Պետրոս Շիրինօղլուի հետ մեր ունեցած հեռախօսազրոյցին ընթացքին իր կարծիքը շօշափեցինք նաեւ Պէյքոզի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն շուրջ։