Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամբողջ մարդկային պատմութեան ընթացքին, բոլոր դրութիւններու կողմէ, թէ՛ բարոյապէս, թէ՛ կրօնական տեսակէտով արգիլուած է մարդ սպաննելը։ Ուստի Տասը Պատուիրաններուն հինգերորդն է՝ «Մի՛ սպաններ» (ԵԼՔ. Ի 13)։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Գրչածայր, գրչատուփ, գրիչ եւ այլն, կարծեմ դարձան հնոտիք, նոր օրերու ոչ-հարկաւոր, սակայն ինչ որ հինէն մնացած է միտքիս մէջ, սոյն ասոյթն է.- «ծուռ քանակէն շիտակ գիծ չենք կրնար ստանալ»: Այս «լաբալիսեան ճշմարտութիւն» եղաւ, բայց թողունք հին օրերը, անցնինք քիչ մը հասունութեան:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ծաղկաձորէն եւ Աղվերանէն ետք, այս անգամ հայրենի մեր բարեկամները մեզի, ինծի եւ կնոջս իբրեւ «օդափոխութեան» նոր վայր, Ստեփանաւան երթալ թելադրեցին: Անկեղծօրէն, թէեւ գիտէի, որ հայրենիքին մէջ համայնավար հերոս՝ Ստեփան Շահումեանի անունը յաւերժացնող յուշարձաններ կային, սակայն իր անուան հետ կապուած օդափոխութեան վայրի մը գոյութեան անտեղեակ էի:
VADİP-ի ձեւաչափին մէջ լայնախարիսխ քննարկում մը տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Պէզճեան սրահի երդիքին տակ՝ համայնքի զանազան խաւերու ներկայացուցիչներուն եւ հաստատութիւններու վարիչներուն մասնակցութեամբ:
Թէեւ ապրուեցան լարուածութիւններ, ֆիզիքական ընդհարումներ ու նոյնիսկ ոստիկանութիւնը փութաց՝ երաշխաւորելու համար
անվտանգութիւնը, սակայն ազատ արտայայտութեան հնարաւորութիւնը ձեռքբերում մը կը համարուի ընդհանուր առմամբ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի միջեւ ծագած տագնապը կարգաւորուեցաւ համայնքին տեսակէտէ իսկական յաղթանակով. անոնք յառաջիկայ Երեքշաբթի միասնաբար պիտի ուղեւորուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ տեսակցելու համար Վեհափառ Հայրապետին հետ։
Եւ ճգնաժամը շրջանցուեցաւ։
Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ խումբ մը ազդու ազգայիններու մասնակցութեամբ, Պատրիարքարանի մէջ երէկ երկու սրբազանները ունեցան հանդիպում մը եւ արդիւնքին օրինակելի զոհողութեամբ ու յանձնառութեամբ որոշեցին՝ մէկ կողմ թողուլ անձնական հարցերը, բնականոնացնել իրենց յարաբերութիւնները, դարձեալ համագործակցիլ հաւաքական շահերու գիտակցութեամբ ու պատասխանատուութեամբ։
Անցումային բարդ շրջանի պայմանները փոփոխութեան պիտի չենթարկուին եւ մօտալուտ հանրաքուէէն վերջ դիմում պիտի կատարուի պատրիարքական ընտրութեան համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Յագեցեալ օր մը ապրեցաւ երէկ մեր համայնքը։ Վերջին շուրջ ինն տարուան՝ պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ իրադարձութիւններու ամբողջին մէջ բեկումնային նշանակութիւն ունեցաւ երէկուան օրը։
Պատրիարքարանէն ներս վերջին օրերուն ծագած տագնապէն վերջ, այս առաւօտեան այգաբացը յարաբերաբար աւելի լաւատես եղաւ թրքահայութեան տեսակէտէ։ Այս առումով արդար գնահատանքի արժանի են՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որոնք արդարացուցին ակնկալութիւնները։
Արամ Սրբազան կրնայ հրաժարիլ:
Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, այսօր, երեկոյեան ժամերուն, Գումգաբուի մէջ, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի կ՚ունենայ շատ կարեւոր համայնքային ժողով մը։ Թէեւ VADİP-ի ձեւաչափին մէջ նախատեսուած է այս ժողովը, սակայն մասնակցութիւնը կ՚ըլլայ լայնախարիսխ։
«Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի նախաձեռնութեամբ երրորդ տարին ըլլալով Տաթեւ համայնքին մէջ Տեառնընդառաջի տօնը առանձնայատուկ կերպով նշուած է:
Հիւսիսային Գալիֆորնիոյ մէջ աւելի քան 180 հազար մարդիկ հեռացուեցան իրենց տուներէն, երբ Միացեալ Նահանգներու ամենէն բարձր ամբարտակի յորդման ջրանցքը առատ անձրեւներուն պատճառով տկարացաւ:
RFI միջազգային ֆրանսական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդում պատրաստած է այն մասին, թէ Ֆրանսայի մէջ բնակող հայերը ո՞վ կ՚ուզեն տեսնել իբրեւ երկրի յաջորդ ղեկավար:
Քաղցկեղէ տառապող երախաներու դարմանման ուղղեալ բարեգործական խանդավառ համերգ:
Ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ Առաջին տիիկին Ռիթա Սարգսեանի հովանաւորութեամբ, «Նուրիէ՛ կեանք» հիմնարկին կողմէ:
Հայաստանի Գրողներու միութիւնը վերջերս յանձնեց այս տարուան «Հրանդ Մատթէոսեան» մրցանակը։ Գրողներու միութեան նախկին նախագահ, մեծանուն արձակագիր Հրանդ Մատթէոսեանի յիշատակին ձօնուած այս մրցանակը հաստատուած է 2005 թուականին։
Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի յայտարարեց, որ իր երկրի եւ Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կը գտնուին «ռազմավարական համբերութեան» դրութեան մը մէջ։ Իր խօսքերով, սա ունի իր բարդ կողմերը եւ Թիֆլիզի ղեկավարութիւնը միջազգային բոլոր հարթակներու վրայ կը խօսի այս մասին։
Երեւանի Մատենադարանի նոր տնօրէնի նշանակման սպասումները կը շարունակուին։ Տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան վերջերս անդրադարձաւ այս գործընթացին։
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան յայտարարեց. «Մենք ինչ որ ընենք, պէտք է ընենք խելացութեամբ։ Տարածքաշրջանը, հարեւանութիւնը, փոխադրութեան լոժիսթիքը եւ ամէն ինչը կը պարտադրեն, որ մենք ըլլանք խելացի եւ կիրթ։ Այս իսկ պատճառով մեր հիմնական դրամագլուխը մարդն է եւ ան պէտք է ըլլայ գրագէտ, խելացի, հաշուարկելու ընդունակութեամբ»։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Լրագրող, հրապարակագիր Թաթուլ Յակոբեանի հիմնած Հայկական ուսումնասիրութիւններու ԱՆԻ կեդրոնը Երեւանի «Արթպրիճ» սրճարան-գրախանութին մէջ նախընթաց օր հանդիպում մը կազմակերպած էր, ընթերցասէրներուն համար։ Այս առթիւ Թաթուլ Յակոբեան ներկայացուց իր աշխատասիրութեամբ վերահրատարակուած «Ազգ եւ հայրենիք» հատորը, որ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան առաջին վարչապետ՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի գիրքն է:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Սառցաշիթերէն կաթիլ-կաթիլ ջուր կը հոսի:
Արեւուն ջերմութենէն կը հալի սառը,
ձիւնածածկերը կը խտանան,
կը բարակնան հետզհետէ,
ձիւնէն յագեցած հողը ծիլեր կ՚արձակէ,
կը փսխէ կարծես ջուրէն, սառէն խեղդուած
կոկոններ կը գոյանան ձնծաղիկներու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուածադիր զգացում մըն է «ներողամտութան ոգի»ն մարդուն մէջ։ Քրիստոս իր ամբողջ կեանքին մէջ կ՚ուզէ արթնցնել այս զգացումը մարդուս մէջ՝ իր քարոզներով, խրատներով եւ առաքելութեամբ, որ թմրած եւ անզգայացած էր, մարդիկ օտարացած էին ներողամտութեան ոգիին։ Քրիստոնէութեամբ, ներողամտութիւնը ստացաւ նոր նկարագիր եւ իմաստ՝ որով հետզհետէ օժտուեցան մարդիկ։