Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2024

Երէկ յետմիջօրէին, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Երեւանէն՝ արժէքաւոր գիտնական Քարոլինա Սահակեանը, որ քանի մը շաբթուան համար կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Քարոլինա Սահակեան իր սերունդի փայլուն ներկայացուցիչներէն մին է՝ որպէս պատմաբան, թրքագէտ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2024

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Դեռ շատ նոր էր բոլորս տակնուվրայ ընող թագաժահրը եւ ես անոր քննութեանը պիտի երթայի։ Երբ եղբօրս ինքնաշարժը նստայ, եղբայրս ժպտալով ըսաւ.
-Այդ ինչ զարդարուն դիմակ մը դրեր ես։

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2024

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Կ՚ըսենք եւ չենք ըսեր,
Կ՚ապրինք նկարներովը երազներու,
Կը քալենք առանց տեսնելու,
Կը լսենք առանց հասկնալու,
Չենք հրաժարուիր, բայց չենք ալ ընդունիլ,

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2024

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ծոցի երկիրներուն մասին կը գրես, Պարսկաստանը կը յուզուի:
Պարսկաստանի մասին կը գրես, Ծոցի երկիրները կը յուզուին:
Արաբական աշխարհի ձախակողմեաններուն մասին կը գրես՝ աջակողմեանները կը նեղուին:

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդ միշտ փառք կը փնտռէ, քանի որ ան կը սիրէ փառաւորուիլ։ Բայց որքան հետաքրքրական է որ ան այդ փառքը կը սպասէ իր նմաններէն, այսինքն ուրիշ մարդոցմէ։ Հապա որմէ՞ պէտք է ստանալ, անոր մասին չի խորհիր, քանի որ ան կ՚ուզէ փառքը վայելել դարձեալ մարդոց մէջ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայրիկ կ՚ուզէ, որ մեր մարդկային կեանքին մէջ մեծ դաս մը ըլլայ Նոյի պատմութիւնը, որովհետեւ մարդը քանդող մեծագոյն պատուհասը իր անառակ ու զեղխ կեանքն է. այդ զեղխ կեանքն է որ մարդը կ՚անբախտացնէ եւ թշուառութեան կը հասցնէ եւ մինչեւ իսկ հացի կարօտ կը դարձնէ. Հայրիկի համոզումով՝ նոյնիսկ ամուսնական կեանքը քանդողը այդ զեղխ ընթացքն է:

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2024

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

«Երբ կրօնը կը միանայ քաղաքականութեան հետ, կը ծնի հաւատաքննութիւնը», կը գրէր Ալպէր Քամիւ: Ընդհանուր առմամբ, համաձայն եմ: Միայն թէ պէտք է պարզել, որ ինչ կը հասկնանք «կրօն» ըսելով եւ ինչ կը նշանակէ «հաւատաքննութիւն»:

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2024

Մոսկուա ողջունեց Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ տեղի ունեցած վերջին՝ անցեալ շաբաթավերջի Ալմաթիի բանակցութիւնները։

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2024

«Հայաստան անհամբեր կը սպասէ Եւրոմիութեան Խաղաղութեան հիմնադրամին ներառուելու որոշման»:
Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը համոզուած է, թէ ժամանակն է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի գործունէութիւնը դադրեցնելու:

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2024

Անկախ Հայաստանի առաջին նախագահին ամենայայտնի արտայայտութիւններէն մին էր, որ ազգային գաղափարախօսութիւնը կեղծ դասաւորում մըն է: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աթոռը զբաղեցնող անձը եւս իր պաշտօնավարման արշալոյսին նոյնպիսի միտք մը արտայայտած էր՝ քիչ մը այլ ձեւակերպմամբ, թէ ինքը որեւէ «իզմ» չ՚ընդունիր:

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2024

Արարատ Միրզոյեան շինիչ որակեց Ճէյհուն Պայրամովի հետ վարած վերջին բանակցութիւնները:
Ուաշինկթըն կը շարունակէ հաւատալ խաղաղութեան - ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահը Հարաւային Կովկաս այցելեց:

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2024

Անգարա-Աթէնք առանցքին վրայ ըմբռնումը կ՚ամրապնդուի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ:
Դրական սպասումներ. Էրտողան եւ Միցոթաքիս հետամուտ՝ Եգէականի առկայ խնդիրները երկխօսութեամբ լուծելու:

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2024

LİBRA հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է «Varlık Vergisi: İtirazlar-Hatıralar-Hiciv Şiirleri ve Yazıları» գիրքը, որ եզակի գործ մըն է իր տեսակին մէջ՝ բովանդակութեան թէ՛ զանազանութեամբ եւ թէ սահմանումներով։

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2024

«Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» շարժումը կը ջանայ հետեւողականութիւն ապահովել իր պայքարին համար:
Քաղաքացիական անհնազանդութեան ցոյցերուն զուգահեռ՝ Տ. Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեան այցելեց ԵՊՀ:

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Ֆէնէրճին եւ անդամուհիներէն Առլէթ Ինճիտիւզէնը։

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2024

Մեներգչուհի Սիպիլի արտասահմանեան շրջագայութիւնները միշտ կ՚ունենան լայն արձագանգ եւ իր ելոյթները կ՚արժեւորուին երկար ժամանակի վրայ տարածուած։ Նոյնը պատահած է նաեւ դէպի Աւստրալիա իր վերջին ուղեւորութեան պարագային։

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2024

Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ, գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան անցեալ կիրակի հովուական այցելութիւն մը տուաւ Էլազըղ, ուր Երկրորդ Ծաղկազարդի առթիւ պատարագեց տեղւոյն գերեզմանատան Ս. Նշան մատրան մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Վերջերս Երեւանի մէջ կեանքէն հեռացաւ հնագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, գիտութեան անխոնջ նուիրեալ Սեդա Տեվեճեան: Ան կինն էր անուանի պատմաբան, հայագէտ-արեւելագէտ Արամ Տէր-Ղեւոնդեանի (1928-1988) եւ մայրը՝ Մատենադարանի նախկին տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեանի:

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2024

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Աշխարհը ձեւով մը կառուցուած է համաձայնեցուածութեան վրայ, ինչ որ կը պարփակէ պատմական, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ շատ մը այլ երկար ու բարդ ճիւղաւորուած համակարգեր:

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յառաջադէմ ժողովուրդներ՝ կարդացող ժողովուրդներ եղած են պատմութեան ընթացքին։ Գիտութիւն ստանալու եւ զարգանալու համար միտքը պէտք է տեղեկութիւն քաղէ։

Էջեր