Արխիւ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոթսուանայի հանրապետութեան Քասանէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին» հռչակագրի 18-րդ միջկառավարական նստաշրջանը, որու ընթացքին արձանագրուած է Հայաստանի Հանրապետութենէն ներկայացուած ութերորդ յայտը՝ «Կիւմրիի դարբնութեան աւանդոյթը»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Սթոնհիլ» քոլէճի դասախօսներէն քաղաքագէտ Աննա Օհանեան համոզուած է, թէ Կազզէի պատերազմը մեծապէս պիտի վնասէ Իսրայէլի վարկին։ Իր կարծիքը շօշափեցինք Մերձաւոր Արեւելքի հրատապ իրադարձութիւններուն շուրջ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօրուան ծնողներուն համար իրենց զաւակներուն դաստիարակութիւնը դարձած է քիչ մը տարօրինակ եւ շատ յաճախ անհասկնալի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը պատմուի, թէ հոգեւորական մը գիւղ գիւղ կը ճամբորդէր եւ Աւետարանը քարոզելով ժողովուրդը կը մխիթարէր։ Ան որեւէ նիւթական եկամուտ չունէր, այլ հաւատացեալներու նուէրներով կ՚ապրէր. «Քանի աշխատողը արժանի է իր օրապահիկին» (ՄԱՏԹ. Ժ 16)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Զոյգերու պարագային կեանքի ամենէն դժուար փորձութիւններէն մէկն է կողակիցի կորուստը, որ կրնայ խոր հոգեբանական ազդեցութիւն ունենալ անհատներու վրայ:
ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան 28-րդ համաժողովի (COP28) աւարտին՝ գրեթէ 200 երկիրներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի սկսի հանածոյ վառելանիւթի համաշխարհային սպառման նուազեցումը՝ կլիմայի փոփոխութիւնը կանխելու համար։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր կ՚այցելէ Պաքու, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրները քննարկումներու օրակարգին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ հաղորդած չեն։
Շաբաթավերջի դրութեամբ Պելժիոյ Անթվերպեն քաղաքի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ նշանակուած Տ. Տիրայր Վրդ. Յակոբեան պաշտօնապէս ձեռնարկեց իր առաքելութեան։
Թուքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Կրետէ կղզիի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ նորանշանակ տեսուչ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւն։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ տարի նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն համար Հայրի Ինէօնիւ դարձեալ առաջադրած է իր թեկնածութիւնը։
Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ կազմի սիւներէն՝ Նուրիձա Կէզէրն ու Մուրատ Կէօրէյը։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին երէկ հարցումի մը պատասխանելով անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն։
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան Ժընեւի մէջ մասնակցեցաւ Մարդու իրաւանց համընդհանուր հռչակագրի ընդունման 75-ամեակին ձօնուած բարձրաստիճան յոբելենական ձեռնարկներուն։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ մասնակցեցաւ Եւրոմիութեան եւ անոր Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին, Պրիւքսէլի մէջ ունեցաւ նաեւ կարեւոր երկկողմանի հանդիպումներ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի եւ տարածաշրջանային բնոյթով շարք մը հարցեր։
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Բնութեան կենսական ուժը: Հիւանդոտ սերունդներու վիճակը: Ընտանիքներու եւ ազգերու բարոյական անկումը: Կենդանական եւ բուսական ցեղերու ազնուացումը: Վերջին խօսք:
Շահնազարեան. «Հանրութիւնը չի պատկերացներ աղէտի չափերը։ Խաղաղութիւնը փաստաթուղթ մը չէ, այլ ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութեան արդիւնք է»:
Ռուսաստան-Թուրքիա ծրագիրը կ՚իրականացուի Հայաստանի իշխանութեան կողմէ, ընդդիմութիւնն ալ փաստացի ամբողջովին կը նպաստէ. արդէն, ըստ էութեան, բաց քարտերով սկսած են խաղալ:
«Կարգ մը լուրջ վերլուծական կեդրոններու հաշուարկներով՝ 2030 թուականին աշխարհի քարտէսին վրայ Հայաստանը պիտի չըլլայ»:
«Նիկոլ Փաշինեան կը կատարէ Մոսկուայի հրահանգը, որով պէտք է արեւմտամէտութիւն ցոյց տայ»:
Վաղը Երեւանի մէջ պիտի սկսի՝ Դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներու (LLDC) նախարարական հանդիպումը։ Սա ՄԱԿ-ի հետ միասին Հայաստանի մէջ ցայսօր կազմակերպուած ամենամեծ ձեռնարկներէն մին պիտի ըլլայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յայտնի՛ է, որ մարդ արարածը զգացում մը ունի. եթէ կրնայ անգութ ըլլալ, կրնայ նաեւ գորովագին ըլլալ՝ փոխան ատելութեան՝ սէր կ՚ընդունի։ Անէծքի տեղ աղօթք կ՚ելլէ սրտէն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մինչեւ այսօր խօսեցանք զանազան երեւոյթներու մասին, սակայն անկասկած ամենէն կարեւորներէն կարելի է նկատել մարդկային ճակատագիրին մաս կազմող հիւանդութիւնն ու անխուսափելի մահը: Հիւանդութիւնն ու մահը միակ երեւոյթն են ի տարբերութիւն միւսներուն, ո՛չ առողջ հաղորդակցութեան եւ ոչ ալ նախքան ամուսնութիւն կատարուած նախապատրաստական շրջանին հետ աղերս ունի: