Արխիւ
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Սուրիահայութիւնը ներկայիս կը դիմագրաւէ բազում դժուարութիւններ։ Սուրիահայ եկեղեցական ու քաղաքական կառոյցներու պաշտօնական դիրքորոշումը պատմականօրէն եւ Սուրիոյ տարածքին խլրտումներուն, քաղաքական ալեկոծումներուն եւ ամենածանր քաղաքաքացիական պատերազմներու հաւանականութիւններուն կամ նոյնիսկ բռնկման դէպքերու ընթացքին անփոփոխ եղած է:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Անօրէն մարդը իր վերցուցած կաշառքով ի՞նչ կ՚ընէ:
Պատասխան. Առակագիրը շատ հետաքրքրական նկարագրութիւն մը կու տայ կաշառք վերցնողի մասին, երբ կը գրէ. «Անօրէն մարդը ուրիշին ծոցէն կաշառք կ՚առնէ, որպէսզի արդարութեան ճամբան ծռէ» (Առ 17.23):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անոնք որ Սուրբ Հոգին կը ցանկան եւ աստուածային սէրը կը բաղձան, Աստուծոյ Որդւոյն գալուստը կը սպասեն եւ անմահութեան եւ յաւիտենական կեանքի փառքը կը տենչան, մի՛շտ դէպի երկինք կը նային եւ յարատեւօրէն երկնային կեանքի ուրախութիւնը եւ երջանկութիւնը կը փափաքին. կ՚արհամարհեն, կը մերժեն եւ կ՚ուրանան ինչ որ վաղանցուկ եւ ժամանակաւոր է եւ օրէ օր վե՛ր կը բարձրանան ո՛չ միայն իրենց ճշմարիտ, անկեղծ հաւատքովը, այլեւ իրենց առաքինի եւ տիպար կեանքովը…
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Սփիւռքի մէջ տարածուած է այն մտայնութիւնը, որ երկրին տեղական լեզուն շատ աւելի կարեւոր է՝ քան հայերէն լեզուն, հաւատալով այն թիւր «ճշմարտութեան», որ սփիւռքի այս կամ այն գաղութին մէջ ապրող երիտասարդը իր մայրենի լեզուէն աւէլի կարիքը պիտի ունենայ երկրի տեղական լեզուին՝ իր աշխատանքի եւ ընկերային շրջանակներէ ներս. նոյնիսկ պետական քննութիւններու ընթացքին տեղական լեզուի իմացութիւնը աւելիով պիտի գնահատուի՝ առանց հարցնելու, թէ հայերէն գիտէ՞, թէ ոչ:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Արցախի մարդասիրական աղէտը օրէ օր կը սաստկանայ։ Չի բաւեր Բերձորի միջանցքի խափանումը, Ատրպէյճան աւելի ու աւելի կը լկտիանայ՝ անարգելով նաեւ միջազգային իրաւական ու բարոյական օրէնքները։
Պետական գանձի ու ելմտական նախարար Մեհմէտ Շիմշէք յայտարարեց, որ գնաճի դէմ պայքարը թէեւ որոշ ժամանակի կը կարօտի, սակայն ի վերջոյ համբերութիւնը պիտի արդարանայ։ «Անցումային շրջանի մը մէջ ենք։
Երէկ, Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, մահուան առաջին տարելիցին առթիւ ոգեկոչուեցաւ լուսահոգի Անժէլ Արսլանեան, որու յիշատակին շուրջ համախմբուեցան համայնքային շրջանակներէն բազում դէմքեր։
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այցելեց Թեհրան, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի կողմէ, նաեւ բանակցութիւններ վարեց իր պաշտօնակցին՝ Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Ս. Գայիանէ վանքէն ներս մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի ընթացքին Հանրապետական մաղթանք կատարուեցաւ՝ Արցախի Անկախութեան տօնին առթիւ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ինչպիսի՞ն էր Փոքր Ասիոյ Սեբաստիա համ Սվազ նահագին մէջ գտնուող Յաղթ (Աղտք) հայաբնակ գիւղը, որ այժմ պատմութիւն դարձած բնակավայրն մըն է: Այն մէկն է այն անդառնալի կորսուած հայաւաններէն, որոնց սրբազան եկեղեցիներն ու վանքերը, սառնորակ աղբիւրները եւ անուշահամ պտուղները մնացին միայն անոնց բնակիչներու յիշողութեան մէջ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Հարուքի Մուրաքամի... 1949 թուականին ծնած ճաբոնցի գրող, գրականութեան ասպարէզէն ներս մոգական իրապաշտութեան շարժման ամենաստեղծագործ անուններէն մէկը դարձած է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արցախի իրադարձութիւնները ներքին նշանակութենէն անդին՝ ուղիղ համեմատութեան մէջ են Հարաւային Կովկասի առկայ բարդ հաւասարակշռութիւններուն հետ:
Թէեւ տակաւին յստակ պատասխաններ չկան, սակայն տեսանելի ապագայի իրադարձութիւնները ճակատագրական ըլլալ պիտի շարունակեն՝ մահաբեր պաշարումի օղակէն դուրս գալու ճանապարհին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուս նկարագիրը իրենց ինքնութեան արտայայտութիւնն է։ Արդարեւ, նկարագիրը դրոշմն է անձին եւ ան կը ճանչցուի իր իսկ նկարագրով։ Եւ այս իմաստով՝ անձը ծանօթ է իր նկարագրով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հին ցաւը մենք ունինք մինչեւ այսօր թէ՛ սփիւռքի եւ թէ Պոլսոյ մէջ. մեր թուականէն տասներեք տարիներ առաջ, Տատեան վարժարանի երկարամեայ ուսուցչուհի օրիորդ Հերմինէ Պէնլիօղլու Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթերթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ կ՚ըսէր. «Մեր մայրենին օրըստօրէ կը նահանջէ:
ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանի աւարտին հրապարակուած յայտարարութեամբ արձանագրուեցաւ՝ Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ծայրայեղ մտահոգիչ իրավիճակը:
«Ատրպէյճանի որդեգրած քաղաքականութիւնը, որ թշնամանքի ու բռնութեան նորանոր դրսեւորումներ կ՚ունենայ, հայոց պետականութիւնը կազմաքանդելու նպատակը կը հետապնդէ»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Յաճախ անդրադարձ կը կատարուի Սուրիոյ օրհասական պատերազմին մասին։ Քաղաքներ գետնի հաւասար դարձան, շէներ կրակի տրուեցան եւ վերջին առնուազն յիսուն տարիներու ընթացքին այդ պատերազմը համարուեցաւ ամենասաստիկն ու ամենաարիւնալին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 10.12-19:
Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած Երկրորդ Նամակէն 2.12-3.3:
Մարկոսի Աւետարանէն 6.30-44:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տիեզերական Եկեղեցւոյ երաժշտական աւանդութիւնը ստեղծած է անգնահատելի գանձ մը՝ որ կը գերազանցէ միւս արուեստները, յատկապէս այն պատճառով, որ խօսքերուն կցուած հոգեւոր երգը հանդիսաւոր ծիսակատարումին անհրաժեշտ եւ ամբողջակատար մէկ մասը կը հանդիսանայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այնպէս ինչպէս անցեալին, նոյնպէս այսօր պէտք է լրջօրէն մտածել ու նուիրուիլ մերօրեայ օտարախօս երիտասարդներու հայացումին. ուրախանալի երեւոյթ է, որ մեր սփիւռքահայ երիտասարդները կ՚այցելեն իրենց հայրենիքը, սակայն ցաւալի է տեսնել, որ անոնք իրարու հետ կը հաղորդակցին օտարին լեզուով եւ երբ հայը հայուն հետ օտարին լեզուով հաղորդակցելու կարիքը կը զգայ... վիճակը վտանգաւոր կարելի է նկատել: