Արխիւ

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Գարեգին Ա. Տրապիզոնցի Խաչատուրեան Պատրիարքի (1951-1961) խօսքը քանդակուած կը մնայ մեր մտքին մէջ. «Ժպիտը մաքուր սրտի եւ խաղաղ խղճի մը արտայայտութիւնն է»։

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կը ճանչնա՞ք հայ մը՝ որուն անունով Ֆրանսայի մէջ ամբողջ թանգարան մը գոյութիւն ունենայ. կը ճանչնա՞ք հայ մը, որ ֆրանսական պետութեան կողմէ արժանացած ըլլայ Պատուոյ Լէգէոնի ասպետ կոչումին. կը ճանչնա՞ք հայ մը, որ 1903 թուականին Վենետիկի մէջ արժանացած ըլլայ Ոսկէ Մեծ Մրցականի եւ շքանշանի: Եթէ պատասխանը ոչ է՝ ապա պէտք է ճանչնաք զինք:

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2023

Երէկ երեկոյեան ժամերուն Ռուսաստանի Ռոստովի մարզին մէջ տեղի ունեցաւ երթեւեկի արկած մը։ Այսպէս, ինքնաշարժ մը ճանապարհի երթեւեկելի հատուածէն դուրս գալով բախուեցաւ ծառի մը։

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Որպէս համաձայնագրութիւն, հին ազգերը, ինչպէս եւ հռովմայեցիները, ամուսնութիւնը կը նկատէին իբրեւ «համաձայնութիւն» մը՝ որ երկու անձ՝ այր-մարդ եւ կին-մարդ, կը հաստատէին իրենց միջեւ, իրենց յօժար կամքով եւ փոխադարձ հաւանութեամբ եւ համաձայնութեամբ։ Եւ այսպէս կը նայէին այս համաձայնութեան՝ նկատի ունենալով ամուսնութեան «արտաքին հետեւանք»ները՝ ամուսիններու փոխադարձ պարտաւորութիւնը պահպանել միայն նիւթական կողմէ, այր մարդու իրաւունքը կնոջ բաժիններուն եւ այլ ստացուածքներուն վրայ, հօր եւ մօր պարտաւորութիւնները իրենց զաւակներուն հանդէպ, եւ այլն։

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Անցնող շաբթուան ընթացքին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ անմեղ մանուկի մը մկրտութիւնը: Մկրտութենէն ետք մանուկին հարազատները համացանցի իրենց էջին մէջ տեղադրեցին սոյն յօդուածին կցուած նկարը, որ վերջին մի քանի օրերուն քննադատութեան առարկայ դարձաւ եւ մինչեւ իսկ մամուլի ճամբով հրատարակուեցաւ անոնցմէ մի քանին:

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 3.16-4.1:
Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակէն 1.25-30:

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2023

Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարին մէջ, երէկ, յետ երեկոյեան ժամերգութեան եւ նախատօնակի մասնաւոր վարդապետութեան չորս աստիճաններու տուչութիւնը տեղի ունեցաւ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանական ուխտի երկու հոգեշնորհ հայրերու՝ Տ. Վազգէն Աբեղայ Ալեքեանին եւ Տ. Տիրան Աբեղայ Յակոբեանին։

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2023

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ վերջերս տեղի ունեցած է «Մենհեթըն» միջազգային երաժշտական մրցոյթը, որու ընթացքին երիտասարդ արուեստագէտներու անուանակարգին մէջ դափնեկիր դարձած է հայազգի 19-ամեայ քլարինէթահար Էտուարտ Խորոզեան։ Ան այս մրցանակով իրաւունք շահած է ելոյթ ունենալու Նիւ Եորքի «Carnegie Hall»ի մէջ։ Քլարինէթահար Էտուար Խորոզեան սոյն ելոյթի ընթացքին իր բնատուր տաղանդով առինքնած է ունկնդիրները։

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ երէկ երեկոյեան Գնալը կղզիին մէջ եզրափակուեցաւ «Մեսրոպ Բ. Պատրիարք» մարմնամարզական փառատօնը։
Եզրափակման հանդիսութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Հայաստան երկիրը պահելու գործընթացը շատ բարդ է ու ան չի նմանիր իշխանութիւն-ընդդիմութիւն բաւական ապիկար խաղերուն։ Այս առումով ալ աւելի քան որեւէ ժամանակ ու մանաւանդ՝ այս օրերուն, այս պահուն պէտք է իսկապէս հասկնալ, թէ բոլորը կոչուած է տէր կանգնելու այն նաւուն, որուն վրայ է...»:
«Այսօր Հայաստանին ու Արցախին անհրաժեշտ են քննարկել ներկայ հրատապ խնդիրներու ամբողջութիւնը՝ անոնց լուծում մը գտնելու համար: Որպէս հանրային մարմին պէտք է քննարկել զանոնք եւ դիտարկել անոնց յաղթահարման, չէզոքացման, լուծման, դիմակայման ճամբաներն ու հնարաւորութիւնները, որպէսզի յետոյ նոր հետեւանքներ ուսումնասիրելու ստիպոողութիւնը չըլլայ»:

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2023

Յուլիս ամիսը ամէն տարի առիթ կը հանդիսանայ ոգեկոչելու համար ազգային երախտաշատ ու անմոռանալի բարերար հոգելոյս Գալուստ Կիւլպէնկեանը։ Այս տարի եւս յուլիսի 20-ին Լիզպոնի մէջ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով վերյիշուեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեանը, որ պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին ծնունդ տուած պատմական զաւակներէն մին է, որուն արձանագրած յաջողութիւնները ոչ միայն հայութեան, այլ ամբողջ մարդկութեան տեսակէտէ ունեցած են դրական շարունակութիւն։

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2023

Ամբողջութեամբ պաշարուած Արցախի մէջ մարդասիրական տագնապը հետզհետէ կը խորանայ, մինչ Երեւանի մէջ արցախահայերուն ի պաշտպանութիւն ցոյցեր տեղի կ՚ունենան իրերայաջորդ ձեւով։ Ստեղծուած ծանր մթնոլորտին մէջ Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Խովայեւը, որ, միեւնոյն ժամանակ, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու գծով Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յատուկ խորհրդականն է։

Ուրբաթ, Յուլիս 21, 2023

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի տնօրինութեամբ կատարուած են նոր նշանակումներ։ Այսպէս, Տ. Գէորգ Աբեղայ Հայրապետեան՝ ազատուելով Սուրբ Աթոռի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» մատենադարանի տեսուչի պաշտօնէն, նշանակուած է Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի տեսուչ:

Ուրբաթ, Յուլիս 21, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ ընդունեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլուն, որ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) վերջին ժողովին պաշտօնի կոչուած էր որպէս ատենադպիր։

Ուրբաթ, Յուլիս 21, 2023

Շիշլի մարզակումբը վերջերս մասնակցութիւն բերաւ Տենիզլիի մէջ կազմակերպուած՝ Թուրքիոյ ճատրակի Բ. լիկին։ Շիշլիի ճատրակի կազմը այս մրցաշարքին մէջ կարեւոր ձեռքբերումներ ունեցաւ՝ ուրախութիւն պատճառելով ակումբի շրջանակներուն։

Ուրբաթ, Յուլիս 21, 2023

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին ներքեւ միշտ օրակարգի վրայ կը մնայ նաեւ երկու երկիրներու միջեւ ցամաքային սահմանի բացման հաւանականութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ներկայիս սահմանի Հայաստանի կողմէն՝ Մարգարայի անցակէտին մօտ աշխոյժ շինարարական աշխատանքներ կ՚ընթանան։

Ուրբաթ, Յուլիս 21, 2023

Ամբողջութեամբ պաշարուած Արցախին մէջ կացութիւնը հետզհետէ կը լրջանայ։ Ստեփանակերտէն շարունակ ահազանգներ կը հասնին, թէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութիւնը ժառ առ ժամ կը վատթարանայ։ Կը հաղորդուի, որ Արցախի խանութները արդէն իսկ դատարկ են։

Ուրբաթ, Յուլիս 21, 2023

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութենէն հասած վերջին լուրերը նոր օրակարգի մը դուռ կը բանան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան յարաբերութիւններուն ու համագործակցութեան առջեւ կ՚ուրուագծուին վերաշխուժացման իսկական հեռանկարներ։

Ուրբաթ, Յուլիս 21, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ընդհանրապէս կ՚ընդունուի, որ երջանկութիւնը կապուած է նիւթական գոհացումներու։ Մարդ երբ կը գոհացնէ իր նիւթական պահանջքները, երջանի՛կ է։ Այս պարզ տրամաբանութեամբ՝ երկու սենեակ, երկու անկողին եւ երկու հաց ունեցող մէկը, մէկ սենեակ, մէկ անկողին եւ մէկ հաց ունեցողէն աւելի երջանիկ կը նկատուի։

Ուրբաթ, Յուլիս 21, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աւելի քան դար մը առաջ՝ 1905 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը հրատարակուի «Արծիւ» կիսամեայ ազգային, գրական եւ քաղաքական հանդէսը: Ցեղասպանութենէն առաջ Պոսթոնի մէջ հայերէն թերթի մը գոյութիւնը փաստն է այդտեղ գոյութիւն ունեցող հայկական գաղութի մը, որ կարիքը զգացած է նաեւ մամուլի՝ ամրապնդելու համար իր հայութիւնը:

Էջեր